ՅԱՂԹԱԿԱՆ «ԹԻԼԻԼԻԼԻ»

Գնացքը այնքան լեցուն էր, երբ հասանք Քազլըչեշմէի կայարանը գնացքէն ոչ թէ մեր ջանքերով, այլ բազմութեան հրմշտուքով դուրս եկանք։ Նեղ տարածք մը եւ ահռելի բազմութիւն։ Մարդկանց հեղեղ մը կարծես, որ կայարանի ներքեւի գետնափոր անցքէն դուրս ժայթքէ։ Ամենագեղեցիկ տարազներով զարդարուած, ուրախ ու երջանիկ զանգուած մը, բայց այդ երջանկութեան մէջ իսկ մտահոգութիւնը զգալի է։ 2011-ի գարնան տակաւին պաշտօնապէս չէր արտօնուած հանրային վայրերու մէջ Նեվրոզի տօնակատարութիւնը։ Այնպէս կը ձեւացնէին թէ կարծես թէ պատահաբար հոն կը գտնուին եւ շուտով պիտի մեկնին տարբեր վայրեր։ Բայց այդպէս չէր։ Հոն մնացին, գիրկընդխառնուեցան կարօտով իրար համբուրեցին։ Պահ մը մանկութեանս տարիներուն տօնական օրերուն Սուրիա- Թուրքիա սահմանագծին վրայ կատարուած հանդիպումները յիշեցի։ Երկու երկիրներու միջեւ իրարմէ անջատուած հազարաւորներ այդ կարճատեւ հանդիպումով իրարու կարօտ կ՚առնէին։ Հոն թախիծը կը տիրապետէր, իսկ հոս հանդիպման պատճառած ուրախութիւնը։ Յանկարծ լսեցի ուժգին «թիլիլիլի» աղաղակը։ Գետնափոր անցքէն կու գար։ Անհամբեր սկսայ սպասել։ Եւ յանկարծ աղունիքի երամ մը կարծես ազատ արձակուած ըլլար գետնափոր անցքէն կանայք յայտնուեցան դէպի գարնան սուրբ լոյսին։ Տեսարան մը, որու յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ