Պոլսոյ Տիեզերքի Ռատիոկայան

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

10Դեկտեմբերի երեկո­­յեան, Ֆրան­­սա­­­կան Սեն Փիւլ­­շե­­­րի վար­­ժա­­­րանին մէջ կա­­յացաւ «Պոլ­­սոյ Տիեզեր­­քի Ռա­­տիոկա­­յան» ձայ­­նասկա­­ւառա­­կի ծա­­նօթաց­­ման հա­­մեր­­գը։

«Քար­­տէշ Թիւրքիւ­­լեր» երաժշտա­­կան խումբի հետ ան­­ցած եր­­կար ճա­­նապար­­հի կու­­տա­­­կու­­մին ար­­տա­­­ցոլ­­ման երե­­ւոյթ մըն էր, որ երաժշտա­­կան իս­­կա­­­կան վա­­յել­­քի մը վե­­րածո­­ւելով մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ պատ­­մա­­­կան դպրո­­ցի սրա­­հը լեց­­նող հան­­դի­­­սատե­­սին։ Խումբը՝ որ կը ներ­­կա­­­յանար հան­­րութեան երաժշտու­­թեան «տիեզե­­րական» խոս­­տումով, ար­­դա­­­րացուց այդ պատ­­գա­­­մը իր կա­­տարումնե­­րով։ Ան­­կախ եր­­գե­­­րու խօս­­քե­­­րէն, մենք լսե­­ցինք անա­­ղարտ երաժշտու­­թիւն, յա­­ճախ ճա­­զի տրա­­մադ­­րութեամբ։

Նախ եւ առաջ պար­­տինք յայտնել թէ հա­­մեր­­գի յա­­ջողու­­թիւնը ու­­նէր մէ­­կէ աւե­­լի գաղտնիք­­ներ։ Թէ եր­­գիչնե­­րու եւ թէ նո­­ւագող­­նե­­­րու կա­­տարո­­ղական բարձր մա­­կար­­դա­­­կը գաղտնիք­­նե­­­րու դու­­րը բա­­ցող առա­­ջին բա­­նալին էր։ Եկաւ երկրորդ բա­­նալի մը, որն էր ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն յա­­ջող գոր­­ծի­­­քաւո­­րու­­մը։ Անոնց վրայ աւել­­ցաւ նաեւ եր­­գա­­­ցան­­կի խիստ շա­­հեկան հա­­մադ­­րումը։ Յայ­­տագրի առա­­ջին կա­­տարու­­մէն սկսե­­լով մին­­չեւ հա­­մեր­­գի աւար­­տը, բազ­­մա­­­թիւ հսկա­­ներու անուններ տո­­ղան­­ցե­­­ցին բե­­մին վրայ։

Առա­­ջին կա­­տարու­­մի հե­­ղինակն էր ԺԳ դա­­րուն ապ­­րած թրքե­­րէն բա­­նաս­­տեղծու­­թեան հսկան՝ Եու­­նուս Էմ­­րէ։ Անոր խօս­­քե­­­րուն վրայ թաւ­­րի­­­զեցի նշա­­նաւոր եր­­գիչ Ճա­­ւիտ Մուրթե­­զաօղ­­լո­­­ւի յօ­­րինու­­մը, դեր սկզբնա­­կան պա­­հերուն իսկ կա­­խար­­դա­­­կան մթնո­­լորտ մը գո­­յացուց դահ­­լի­­­ճին մէջ։ Հա­­մեր­­գը շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ միշտ պա­­հելով այդ կա­­խար­­դա­­­կան հո­­գեբա­­նու­­թիւնը։ Հնչեց Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետի «Այ աչըլ­­սա» թրքե­­րէն եր­­գը, որ իր բա­­րերով ողբ մըն է Ատա­­նայի կո­­տորած­­նե­­­րու տխուր պատ­­կե­­­րով, եւ հա­­մարեայ բա­­ռացի թարգմա­­նու­­թիւնը Նա­­հապետ Ռու­­սի­­­նեանի «Եր­­թամ տես­­նեմ զիմ Կի­­լիկիա» հան­­րա­­­ծանօթ եր­­գի։ Հա­­յերէ­­նով հնչե­­ցին նաեւ «Լուսնյակ գի­­շեր, զով գի­­շեր» եւ Բար­­սեղ Կա­­նաչեանի «Օրօր» գոր­­ծե­­­րը, բո­­լորն ալ Ֆե­­րեալ Էօնէ­­յի կա­­տարու­­մով։ Էօնէյ «Օրօր»ը ծա­­նօթա­­ցուց յի­­շելով անո­­ւանի եր­­գիչ Օն­­նիկ Տինքչեանը, որ­­մէ լսած էր այս եր­­գը։ Յայ­­տագրի մէջ տեղ գտած էին նաեւ Ալի Էք­­պեր Չի­­չէք կամ Նե­­շետ Էր­­թա­­­շի նման ժո­­ղովրդա­­կան եր­­գե­­­րու վար­­պետնե­­րէ՝ Ֆիք­­րեթ Քը­­զըլօքէ առ­­նո­­­ւած եր­­գե­­­րու մշա­­կումներ։ Նո­­ւագա­­խումբի մէջ տեղ գտած թրոմ­­բե­­­թը, հա­­րուա­­ծային գոր­­ծիքնե­­րը, մեծ պամ­­պի­­­րի հնչո­­ղու­­թեամբ լա­­րաւոր թամ­­բուրը եւ ստեղ­­նա­­­շարը իրենց կար­­գին երաժշտա­­կան ոճը մերթ կը մօ­­տեց­­նէին արե­­ւելեան նո­­ւագի եւ մերթ ալ ճա­­զի հնչիւննե­­րուն։ Ամէն պա­­րագա­­յին դուրս կու գար խիստ որա­­կաւոր երաժշտու­­թիւն, որ մեծ վա­­յել­­քի մը կը վե­­րածէր հա­­մեստ խոս­­տումնե­­րով մա­­տու­­ցո­­­ւած մի­­ջոցա­­ռու­­մը։ «Տիեզե­­րական» բա­­ռը կար­­ծես թէ ար­­դա­­­րաց­­նե­­­լու պի­­տի գային իտա­­լացի եր­­կու երա­­ժիշտնե­­րու Տո­­լորե­­սի եւ Մի­­քայէ­­լի մաս­­նակցու­­թիւնը, որոնք Նա­­փոլիէն Աթէնք եւ ապա Պո­­լիս եր­­կա­­­րող անակնկալ մը ըլ­­լա­­­լով յայտնո­­ւեցան այս բո­­լորին մէջ։ Յայտնի է, որ յետ այ­­սու ալ աւե­­լի լա­­րուած ու­­շադրու­­թեամբ պի­­տի հե­­տեւինք «Իս­­թանպու­­լի Տիեզե­­րական Ռա­­տիօ»ի հա­­ղոր­­դումներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ