Վիշապն ու մկուսը

ՎՐԷԺ ՔԱՍՈՒՆԻ

 

Դեռ շատ փոքր էր Մկու­­սը։

Դեռ Եր­­կինքը խա­­ղաղ էր։ Պա­­տերազ­­մի նշոյլ մ՛ան­­գամ չկար։

Ըն­­դա­­­մէնը վեց ու կէս տա­­րեկան...

Օր մը ես ու վեց ու կէս տա­­րեկան Մկու­­սի­­­կը, տա­­նը մի­­նակ մնա­­ցինք։ Դէմ առ դէմ։ Ծնող­­քը փոք­­րիկ Մկու­­սի­­­կին ինձ վստա­­հած էին։

Միասին նստած շար­­ժա­­­պատ­­կերներ կը դի­­տէինք, որ­­պէս փոք­­րի­­­կի հետ ժա­­մանակ սպան­­նե­­­լու ամե­­նալաւ մի­­ջոց...։

Շար­­ժա­­­պատ­­կեր դի­­տելու մեր ցան­­կութիւ­­նը հա­­սաւ իր տրա­­մաբա­­նական աւար­­տին... Իմ եւ փոք­­րիկ Մկու­­սի­­­կի մի­­ջեւ տա­­րիքա­­յին շատ մեծ տար­­բե­­­րու­­թիւն կայ... կ՚երե­­ւի ճիշդ այդ պատ­­ճա­­­ռով ալ մեր մէջ հա­­մարեայ ընդհա­­նուր կէ­­տեր չկա­­յին...

Բազ­­կա­­­թոռին բազ­­մած, եր­­կուքս ալ լուռ հե­­ռատե­­սիլի սեւ ու դա­­տարկ տուփ կը դի­­տէինք։

Վեր­­ջա­­­պէս Մկու­­սի­­­կը քա­­ջու­­թիւնը ու­­նե­­­ցաւ մեր մի­­ջեւ եղած սա­­ռոյ­­ցը հա­­լեց­­նե­­­լու, եւ առա­­ջին քայ­­լը առաւ...

- Ըհմ… Դուն քա­­նի՞ տա­­րեկան ես

- Բա­­ւական «տա­­րեկան» եմ մե­­ծահա­­սակ կո­­չուե­­լու հա­­մար...

Գլխէս հե­­ռաց­­նե­­­լու հա­­մար ցի­­նիկ ու յի­­մար պա­­տաս­­խան մը տո­­ւի։

- Իսկ ես վեց ու կէս տա­­րեկան եմ, ըսաւ Մկու­­սը։

- Ե՞ւ

- Ոչինչ։ Քաղ­­ցած եմ...

- Հմ...

Ստա­­մոք­­սը ըն­­կե­­­րու­­թեան ամե­­նէն կարճ ճա­­նապարհն է...։

- Ես ալ, պա­­տաս­­խա­­­նեցի ան­­մի­­­ջապէս։

- Բան մը պա­­տուի­­րէ որ ու­­տենք, ես ալ քե­­զի պատ­­մութիւն մը կը պատ­­մեմ։

Ինչ հե­­տաքրքրա­­կան ու հին բա­­նաձեւ մը գտած է խօ­­սակ­­ցութեան նիւթ բա­­նալու հա­­մար։ Ան­­գամ մտքով չ՛անցնիր թէ շատ հան­­գիստ կրնամ հրա­­ժարիլ լսե­­լէ իր ման­­կա­­­միտ պատ­­մո­­­ւած­­քը։

- Ի՞ նչ

- Պա­­տուի­­րէ որ պատ­­մեմ

- Մկուս, կը հարցնեմ թէ ի՞նչ կ՚ու­­զես պա­­տուի­­րեմ։

- Հա՜... Ինչ որ կ՚ու­­զես։

- Լաւ

Փից­­ցա պա­­տուի­­րեցի։

- Լա՛ւ, տես­­նեմ, ի՞նչ պի­­տի պատ­­մես։

- Հմ....

Մկու­­սը իր սեւ ու վառ աչ­­քե­­­րով, սե­­նեակին չորս ան­­կիւննե­­րը զննե­­լէ ետք շուրթե­­րը խած­­նե­­­լով, կար­­ծես կեան­­քի ամե­­նէն մեծ գաղտնի­­քը պի­­տի բաժ­­նեկցեր իմ հետ... Շա­­րու­­նա­­­կեց պատ­­մել։

- Գի­­տե՞ս, մե­­ծահա­­սակ, որ ես հա­­մակար­­գիչ ու­­նիմ, ու հա­­մակարգչիս մէջ զա­­նազան պա­­տերազ­­մա­­­կան «խաղ»եր ու­­նիմ։

- Օրի­­նակ՝ ի՞նչ

- Օրի­­նակ...

Ան սեւ աչ­­քե­­­րը հա­­րեց առաս­­տա­­­ղին, տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին, կու­­տա­­­կուած փո­­շիին գծած պատ­­կերնե­­րուն, որոնք Տան­­թէի Աս­­տո­­­ւածա­­յին Կա­­տակեր­­գութեան պատ­­կե­­­րազար­­դումը կը յի­­շեց­­նեն։

Ապա ան շա­­րու­­նա­­­կեց.

- Օրի­­նակ այդ մէ­­կը

- Ո՞ր մէ­­կը

- Սպա­­սէ, ինձ մի ընդհա­­տեր, շատ կտրուկ «հրա­­հան­­գեց» Մկու­­սը։

- Լաւ, լուռ կը լսեմ։

- Այն մէ­­կը, որ­­տեղ վի­­շապ­­ներ կան, այնտեղ, պա­­տերազ­­մա­­­կան «խա­­ղի» ըն­­թացքին, պէտք է կռո­­ւիս, պայ­­քա­­­րիս ու սպա­­նես վի­­շապ­­նե­­­րուն, որ գո­­յատե­­ւես ու բարձրա­­նաս խա­­ղի երկրորդ, յե­­տոյ եր­­րորդ, ապա չոր­­րորդ փուլ... Այսպէս շա­­րու­­նակ փու­­լե­­­րով կը մեծ­­նաս ու չա­­փահաս կը դառ­­նաս։

Մկու­­սը «փու­­լե­­­րով կը բարձրա­­նաս» նկա­­տի ու­­նէր երե­­ւի։ Բայց չեմ փոր­­ձում ուղղել, քիչ առաջ խոս­­տա­­­ցայ զինք չընդհա­­տել։

- Բայց դեռ պա­­տերազ­­մա­­­կան «խա­­ղի» ըն­­թացքին վի­­շապ­­նե­­­րուն եր­­բեք չեմ յաղ­­թած։ Շատ մեծ ցան­­կութիւն ու­­նիմ «խա­­ղի» վեր­­ջին փու­­լին հաս­­նե­­­լու։

Այս ան­­գամ ալ Մկու­­սը չա­­փահաս դառ­­նալ նկա­­տի ու­­նէր երե­­ւի։ Իսկ մեզ չա­­փահաս­­նե­­­րուս հա­­մար, վեր­­ջին փու­­լը կը նշա­­նակէ խա­­ղաղու­­թիւն… Մտո­­վի կը պա­­տաս­­խա­­­նեմ Մկու­­սին։

Այ Մկուս, քեզ ի՞նչու պէտք է այդ.... Ապ­­րի՛ր, վա­­յելէ՛ վեց ու կէս տա­­րեկան տա­­րիքդ... Կրկին կ՚ար­­տա­­­բերեմ մտո­­վի ու ապա իր փոքր հա­­սակին նա­­յելով դէմ­­քիս վրայ բա­­րի նա­­խան­­ձով պա­­րու­­րո­­­ւած ժպիտ մը կը գծեմ, որ կար­­ծես թէ Մկու­­սը սխալ ըն­­կա­­­լեց զայն։

- Ախր չա­­փահա՛ս, դուն ինձ չես հասկնար... Այդ վի­­շապ­­նե­­­րը, պա­­տերազ­­մա­­­կան «խա­­ղի» մէջ անընդհատ ինձ կը սպա­­նեն ու չեն թո­­ղեր որ հան­­գիստ «մեծ­­նամ» ... Իրենք չար են, այո՛, հաս­­տա՛տ, իրենք չար են...

Մկու­­սի ձայ­­նը կա­­մաց-կա­­մաց սկսաւ խլա­­նալ։ Աչ­­քերս շրջե­­ցի վրան։ Մկու­­սը յու­­զո­­­ւած էր...

- Ախր չա­­փահաս, դուն ինձ չես հաս­­կա­­­նար, կրկնեց Մկու­­սը, այս ան­­գամ լա­­լով, ես չեմ կրնար, ու պի­­տի չկա­­րենամ սպա­­նել չա­­րին... Ըսած ժա­­մանակ կա­­թիլ մը ար­­ցունք սա­­հեցաւ Մկու­­սի սե­­ւու­­լիկ աչ­­քե­­­րէն...

Այստեղ հաս­­կա­­­ցայ, որ Մկու­­սը կեան­­քի «խա­­ղին» մէջ ժա­­մանա­­կէն շուտ մտած է... Որո­­շեցի խոս­­տումս չի յար­­գել, հա­­մար­­ձա­­­կու­­թիւնս հա­­ւաքե­­ցի ու ըսի.

- Մկուս, ըսի շատ խորհրդա­­ւոր ձայ­­նով, ան­­գամ ես պահ մը փշա­­քաղո­­ւեցայ...

- Լսէ, ճիշդ է, որ ես քու տա­­րիքիդ չեմ, վեց ու կէս տա­­րեկան չեմ, բայց ինձ հա­­ւատայ թէ քեզ շատ լաւ կը հասկնամ, լաւ, պարզ է որ քեզ նման շատ չեմ խո­­րանար եւ քիչ մը աւե­­լի մա­­կերե­­սային կը նա­­յիմ այս… Պա­­տերազ­­մա­­­կան «խաղ»երուն... Բայց լսէ ինչ պի­­տի ըսեմ՝ մի վախ­­նար, Մկուս, այդ օրը կու գայ ու այդ սոս­­կա­­­լի վի­­շապը ծունկի կու գայ առ­­ջեւդ...

Այո, վեց ու կէս տա­­րեկան հա­­սակիդ առ­­ջեւ ծունկի պի­­տի գան բո­­լոր վի­­շապ­­նե­­­րը, միագ­­լուխ, եր­­կու գլխա­­նի, նոյ­­նիսկ երեք գլխա­­նին... Հաս­­կա­­­ցա՞ր Ինչ Կ՚ըսեմ, Ծօ՛...

Մկու­­սը ապ­­շած դէմ­­քով, ար­­ցունքի կա­­թիլ­­նե­­­րը այ­­տե­­­րին վրայ սա­­ռած, ինձ կը նա­­յէր... երե­­ւի մտո­­վի կ՚ըսէր. «Ծօ՜... Այս չա­­փահա­­սը իս­­կա­­­պէս խենթ է»։

Քա­­րոզիս իմաս­­տա­­­լից վեր­­ջա­­­բան մը պէտք էր, որ փոք­­րիկ Մկու­­սի առաջ խայ­­տա­­­ռակ չըլ­­լամ։

հե­­տեւեալ իմաս­­տուն խօս­­քե­­­րով որո­­շեցի աւար­­տել...

- Մկուս, եթէ իս­­կա­­­պէս կ՚ու­­զես իմա­­նալ պա­­տերազ­­մի մէջ վի­­շապին յաղ­­թե­­­լու եւ ջախ­­ջա­­­խելու գաղտնիքն ու բա­­նալին, մեծ­­նա­­­լու եւ հաս­­նե­­­լու հա­­մար ամե­­նաբարձր փու­­լին՝ խա­­ղաղու­­թեան, ու­­րեմն հի­­մա ինձ խոս­­տա­­­ցիր, որ ինչ որ քեզ պի­­տի ըսեմ, ական­­ջիդ օղ պի­­տի ընես։

Մկու­­սի­­­կը սե­­ւու­­լիկ աչ­­քե­­­րը լայն բա­­ցած, ու­­շա­­­դիր կը լսէր, ու առանց վայրկեան մը իսկ տա­­տամ­­սե­­­լու, պա­­հան­­ջո­­­ւած հաս­­տա­­­տու­­մը ինձ տո­­ւաւ իր գլու­­խը փոքր ինչ վեր-վար շար­­ժե­­­լով։

Մկու­­սը ինձ տղա­­մար­­դա­­­վարի խօսք տո­­ւաւ...

- Ու­­րեմն եթէ կ՚ու­­զես պա­­տերազ­­մի մէջ վի­­շապին յաղ­­թել եւ ջախ­­ջա­­­խել, մե­­ծանալ ու հաս­­նիլ ամե­­նէն բարձր փու­­լին՝ խա­­ղաղու­­թեան, միշտ այսպէս վեց ու կէս տա­­րեկան պէտք է մնաս... Լա՞ւ ...

Մկու­­սի դէմ­­քի ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը սկսաւ կա­­մաց-կա­­մաց փո­­խուիլ։ Լուրջ դի­­մագ­­ծե­­­րը սկսան ժպիտ գծել, յե­­տոյ ժպի­­տը հետզհե­­տէ բարձրա­­ձայն ար­­ցունքա­­խառը ծի­­ծաղի վե­­րածո­­ւեցաւ։

Աչ­­քիս եզ­­րին կու­­տա­­­կուած ար­­ցունքի գունդը սա­­հեցաւ...

Իսկ Մկու­­սը դեռ ար­­ցունքա­­խառն կը ծի­­ծաղէր։

է՜հ Մկուս, ըսի մտո­­վի, աչ­­քիս նո­­րէն «խա­­ղը» վի­­շապինն է...

Մկու­­սի ծի­­ծաղէն հե­­ռանա­­լու նպա­­տակով, ձեռքս մեկ­­նե­­­ցի հե­­ռուստա­­վահա­­նակին, ու հե­­ռուստա­­ցոյ­­ցը աշ­­խատցու­­ցի...

Լու­­րեր... Հե­­ռուստա­­տեսի­­լի գե­­ղատե­­սիլ ու ժպտե­­րես հա­­ղոր­­դա­­­վարու­­հին կը մեկ­­նա­­­բանէր օրո­­ւան վեր­­ջին լու­­րե­­­րը։

«... Իսկ հի­­մա ձեզ կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք, այ­­սօ­­­րուան մի­­ջազ­­գա­­­յին լրա­­հոսը։

Այ­­սօր, Ար­­քա­­­յական երկրի հա­­րաւ արեւ­­մուտքին գտնո­­ւող Ար­­քա­­­յաց քա­­ղաքին մէջ, 13 տա­­րեկան փոք­­րիկ Ար­­քա­­­տիկի դին, վէր­­քե­­­րով, կապ­­տած, յօ­­շոտո­­ւած, մարմնի տար­­բեր մա­­սերը այ­­րո­­­ւածքնե­­րով, երեք հրա­­զէնա­­յին վէր­­քե­­­րով... Յանձնե­­ցին ծնող­­քին...

Յի­­շեց­­նենք, որ 13 տա­­րեկան փոք­­րիկ Ար­­քա­­­տիկը, սոյն թո­­ւակա­­նէն ամիս մը առաջ տու­­նէն դուրս եկած էր թա­­ղի ըն­­կերնե­­րուն հետ «պա­­տերազ­­մա­­­կան խա­­ղեր» կո­­չուած վի­­շապի դէմ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած բո­­ղոք եր­­թին մաս­­նակցե­­լու։

Ըստ ակա­­նատե­­սերու, փոք­­րիկ Ար­­քա­­­տիկին վեր­­ջին ան­­գամ, ցոյ­­ցի ժա­­մանակ պա­­տին վրայ կա­­ւիճով հե­­տեւեալ գրա­­ռու­­մը ընե­­լու պա­­հին նկա­­տած են.

«ՎԱՂ Թէ Ուշ, Ես Պի­­տի Հաս­­նիմ Վեր­­ջին Փուլ…»

 

Հ.Գ.- Այս պատ­­մո­­­ւածք/զրոյ­­ցը հիմ­­նուած է իս­­կա­­­կան վեց ու կէս տա­­րեկան փոք­­րիկ Մկու­­սի հետ զրոյ­­ցի հի­­ման վրայ։ Ինչպէս նաեւ Սու­­րիոյ, Տա­­րաա քա­­ղաքի մէջ, 2011-ի սկզբին, իշ­­խա­­­նու­­թեան դէմ սկսած ցոյ­­ցե­­­րու ժա­­մանակ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած դէպ­­քե­­­րու, մա­­նաւանդ պա­­տերազ­­մի առա­­ջին 13 տա­­րեկան երա­­խայ զո­­հի՝ Համ­­զա Ալ-Խա­­թիպի նա­­հատակ­­ման լու­­րի հի­­ման վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ