ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­ՑԱՒ

 

Սի­րելի Հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ,

Գո­­հու­­թիւն եւ փառք Ամե­­նակա­­լին Աս­­տուծոյ, որ այս տա­­րի եւս կը տօ­­նենք Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի Ս. Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան Տա­­ղաւա­­րը։ Աշ­­խարհ, կրկին վկան կը դառ­­նայ տօ­­նական մթնո­­լոր­­տի առ­­թած հրճո­­ւան­­քին եւ ու­­րա­­­խու­­թեան։ Իսկ, Քրիս­­տո­­­նեայ հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ, կը միանան հրեշ­­տակնե­­րու եւ երկնա­­յին զօր­­քե­­­րու միաբե­­րան եր­­գած «Փառք Աս­­տուծոյն՝ բար­­ձունքնե­­րու մէջ, եւ խա­­ղաղու­­թի՜ւն երկրի վրայ ու հաշ­­տութի՜ւն մար­­դոց մէջ» (Ղուկ. 2.14) հիաս­­քանչ օրհներ­­գութեան։

Աւե­­լի քան 2000 տա­­րիներ առաջ, Բեթ­­ղե­­­հէմի գի­­շերա­­յին խա­­ւարը, փա­­րատե­­ցաւ աւե­­տաբեր լոյ­­սով, որ կը ճա­­ռագայ­­թէր «Ար­­դա­­­րու­­թեան Արե­­գակ» (Մա­­ղաքիա, 4.2)ի խո­­նարհ մսու­­րէն։ Այ­­սօր, Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լի Հայ­­րա­­­պետի միանա­­լով, կ՚աղա­­չենք Աս­­տուծոյ ըսե­­լով. «Լոյ­­սի առա­­ւօտ, ար­­դար արե­­գակ, լոյս ծա­­գէ իմ մօտ»։ Ս. Ծննդեան Տա­­ղաւա­­րը իր մէջ ու­­նի շարք մը յի­­շեցումներ։ Ամե­­նազօր Աս­­տո­­­ւած տկար մար­­դու կեր­­պա­­­րան­­քով ծնաւ, որ­­պէսզի տկար մար­­դը զօ­­րանայ։ Ան­­սահման հարստու­­թեան Տէ­­րը՝ աղ­­քա­­­տացաւ, որ­­պէսզի մար­­դը Աս­­տուծմով հարստա­­նայ։ Ծնաւ որ­­պէս մարդ, որ­­պէսզի մեղ­­քով ին­­կած մար­­դը Աս­­տուծմով վերստին ծնի։ «Սուրբ Աս­­տո­­­ւած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ ան­­մահ, որ ծնաւ եւ յայտնե­­ցաւ մե­­զի հա­­մար»։ Ու­­րեմն իրա­­պէս կ՚ար­­ժէ հրեշ­­տակնե­­րուն հետ «Երկնքի բարձրու­­թեան մէջ Աս­­տուծոյ փա՜ռք» եր­­գել։

Սի­­րելի հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ,

Տաս­­նեակ դա­­րերէ ի վեր Քրիս­­տո­­­նէական Ս. Եկե­­ղեցին կը տօ­­նէ Ս. Ծննդեան Տա­­ղաւա­­րը։ Մար­­դիկ զի­­րար կը շնոր­­հա­­­ւօրէն ըսե­­լով. «Քրիս­­տոս Ծնաւ եւ Յայտնե­­ցաւ. Ձեզ եւ մեզ մեծ աւե­­տիս». «Օրհնեալ է Յայտնու­­թիւնն Քրիս­­տո­­­սի»։ Տօ­­նական արա­­րողու­­թիւններ կը կա­­տարո­­ւին, սե­­ղան­­ներ կը սար­­քո­­­ւին, այ­­ցե­­­լու­­թիւններ կը տրո­­ւին, բա­­րեմաղ­­թութիւններ կ՚ըլ­­լան։ Միայն թէ, այս տօ­­նական հարստու­­թեանց ընդմէ­­ջէն, որ­­քա­­­նո՞վ կը հարստա­­նայ մեր հո­­գեւոր կեանքն ու ապ­­րումնե­­րը։ Որ­­քա՞ն կ՚ար­­տօ­­­նենք« որ Բեթ­­ղե­­­հէմի աստղը մեզ առաջ­­նորդէ դէ­­պի Նո­­րածին Յի­­սուս Մա­­նու­­կի ներ­­կա­­­յու­­թեան։ Ու­­րեմն լաւ է հարցնել հե­­տեւեալ հար­­ցումը, ար­­դեօք կը ճանչնա՞նք Քրիս­­տո­­­սը, ար­­դեօք ու­­նի՞նք Իր լոյ­­սը, Աս­­տուծոյ նկատ­­մամբ ու­­նի՞նք յոյս ու վստա­­հու­­թիւն, Բեթ­­ղե­­­հէմի աստղին կը նա­­յի՞նք որ­­պէսզի հե­­ռանանք գի­­շերա­­յին խա­­ւարէն։ Ս. Ծննդեան Տա­­ղաւա­­րը լաւ առիթ է, որ­­պէսզի ամ­­փո­­­փուինք ու մտա­­ծենք տօ­­նի խոր­­հուրդին մա­­սին, որ­­պէսզի ամ­­բողջու­­թեամբ զգանք Տի­­րոջ ներ­­կա­­­յու­­թիւնը։

Մեր Արա­­րիչը մի­­ջամ­­տեց պատ­­մութեան։ Ան­­ժա­­­մանակ Աս­­տո­­­ւածը որ նոյ­­նինքն տէրն է ժա­­մանա­­կին, որոշ շրջա­­նի մը հա­­մար մտաւ ժա­­մանա­­կի սահ­­մաննե­­րուն մէջ։ Աս­­տուծոյ նպա­­տակը յստակ է. Կա­­տարեալ յա­­րաբե­­րու­­թիւն մշա­­կել մար­­դուն հետ։ Այս բա­­րի կա­­մեցո­­ղու­­թեան լա­­ւագոյն ապա­­ցոյցն է Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի մար­­դե­­­ղու­­թիւնը։ «Մա­­նուկ մը ծնաւ մե­­զի հա­­մար. որ­­դի մը տրո­­ւեցաւ մե­­զի» (Ես. 9.6)։ Մա­­նու­­կը, բո­­լոր նո­­րածին ման­­կանց նմա­­նու­­թեամբ, սկսաւ լալ, խան­­ձա­­­րու­­րով փաթ­­թո­­­ւեցաւ եւ մսու­­րի մէջ դրո­­ւեցաւ։ Մե­­զի հա­­մար տրո­­ւած մա­­նու­­կին ծնունդով, ցոյց տրո­­ւեցաւ թէ «մեր փրկու­­թեան հա­­մար աշ­­խարհ եկած էր» (Մատթ. 1.21-22)։ Մար­­դա­­­ցեալ Փրկի­­չը, մար­­դու նման պի­­տի ապ­­րէր, մար­­դու նման պի­­տի մեծ­­նար« «ամէն ինչ պի­­տի կրէր բա­­ցի մեղ­­քէն ու իր բեր­­նին մէջ նեն­­գութիւն պի­­տի չգտնո­­ւէր» (Ա. Պետ­­րոս 2.22)։

Ս. Ծնունդին կը հրա­­ւիրո­­ւինք, հո­­գեւոր եւ ըն­­կե­­­րային շքեղ հան­­դէսնե­­րու մէ­­ջէն Աս­­տուծոյ ներ­­կա­­­յու­­թիւնը զգա­­լու, զԱյն ճանչնա­­լու եւ Քրիս­­տո­­­սի ծնունդը իս­­կա­­­պէս ապ­­րե­­­լու։ Ս. Գիր­­քը կը վկա­­յէ թէ՝ բա­­զում ան­­ձեր ինչպէս մեր­­ժե­­­ցին Աս­­տուծոյ սէ­­րը եւ աննման զո­­հողու­­թիւնը. «Ինք աշ­­խարհի մէջ էր եւ աշ­­խարհ անով եղաւ, բայց աշ­­խարհ զա­­նիկա չճանչցաւ։ Իրեն­­նե­­­րուն եկաւ, սա­­կայն իրեն­­նե­­­րը զինք չըն­­դունե­­ցին» (Յովհ. 1.10-11)։ Ներ­­կայ դա­­րուն ալ չե՞նք տես­­ներ նման օրի­­նակ­­ներ։ Ինչպէ՞ս ցոյց պի­­տի տանք թէ Քրիս­­տո­­­սի կը պատ­­կա­­­նինք։

Աս­­տուծոյ ծրա­­գիր­­նե­­­րը խո­­րունկ են, «Աս­­տուծոյ գաղտնի­­քը կրնա՞նք հասկնալ»։ (Յոբ. 11.7) Բեթ­­ղե­­­հէմի մսու­­րէն ար­­ձա­­­գան­­գող նո­­րածի­­նի լա­­ցին մէջ ներ­­կայ էր նաեւ Իր մահն ու խա­­չելու­­թիւնը։ Հրեշ­­տակնե­­րու «Փառք Աս­­տուծոյն՝ բար­­ձունքնե­­րու մէջ, եւ խա­­ղաղու­­թի՜ւն երկրի վրայ ու հաշ­­տութի՜ւն մար­­դոց մէջ» օրհներ­­գութիւ­­նը« յե­­տագա­­յին պի­­տի հաս­­նէր Հրա­­շափառ Ս. Յա­­րու­­թեան աւե­­տիսին։ Որով­­հե­­­տեւ Յի­­սուս Մա­­նու­­կը կը ծնէր մա­­հանա­­լու հա­­մար, ո՛չ միայն մա­­հանա­­լու այլ Իր մա­­հով եւ Ս. Յա­­րու­­թեամբ կեանք շնոր­­հե­­­լու հա­­մար։ Յի­­սուս Մա­­նու­­կը ծնաւ մե­­զի հա­­մար, որ­­պէսզի հասկնանք թէ մենք ալ ծնած ենք Աս­­տուծոյ հա­­մար։ Այս ուղղու­­թեամբ Ս. Գիր­­քին պատ­­գա­­­մը յստակ է. «Բայց անոնք որ ըն­­դունե­­ցին զայն, իշ­­խա­­­նու­­թիւն տո­­ւաւ անոնց Աս­­տուծոյ որ­­դի­­­ներ ըլ­­լա­­­լու, անոնց՝ որոնք կը հա­­ւատան իր անու­­նին» (Յովհ. 1. 12)։

Սի­­րելի Հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ,

Ս. Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան Տա­­ղաւա­­րին, կը հրա­­ւիրո­­ւինք Աս­­տուծոյ եւ մեր մի­­ջեւ եղած յա­­րաբե­­րու­­թիւնը քննե­­լու։ Որ­­պէսզի կա­­րենանք կա­­տարեալ յա­­րաբե­­րու­­թիւն մշա­­կել, պէտք է ճանչնանք զԱս­­տո­­­ւած։ Որ­­պէսզի կա­­րենանք զԱս­­տո­­­ւած ճանչնալ, պէտք է մօ­­տենանք Իրեն։ Քրիս­­տո­­­սը որ­­պէս Փրկիչ ըն­­դունե­­լով պի­­տի հաս­­տա­­­տենք թէ՝ Աս­­տուծոյ որ­­դի­­­ներ ենք։ Յի­­սուս Քրիս­­տոս պի­­տի ապա­­հովէ մեր հո­­գինե­­րու խա­­ղաղու­­թիւնը։ Ու­­րեմն պատ­­րա՞ստ ենք Քրիս­­տո­­­սով ապ­­րե­­­լու։ Պատ­­րա՞ստ ենք եր­­գե­­­լու «Փառք Աս­­տուծոյն՝ բար­­ձունքնե­­րու մէջ, եւ խա­­ղաղու­­թի՜ւն երկրի վրայ ու հաշ­­տութի՜ւն մար­­դոց մէջ»։

Երբ կը մօ­­տենանք Ս. Ծննդեան Տա­­ղաւա­­րին, որ­­պէս ան­­դամնե­­րը Հայ հա­­մայնքին, շնոր­­հա­­­կալու­­թեան ու գո­­հու­­թեան մաս­­նա­­­ւոր պարտք մը ու­­նինք նաեւ Աս­­տուծոյ։ Յատ­­կա­­­պէս Պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքը մե­­ծապէս ոգե­­ւորո­­ւած է քա­­նի 2020-ին Ս. Ծննդեան Տօ­­նակա­­տարու­­թեանց կը թե­­ւակո­­խէ ի գլուխ ու­­նե­­­նալով իր ազ­­գընտիր Պատ­­րիար­­քը։ Որ­­քան յատ­­կանշա­­կան է թէ, ժո­­ղովուրդի եր­­կա­­­րատեւ աղեր­­սանքը առ Աս­­տո­­­ւած, իր պաս­­տասխա­­նը գտաւ Ս. Ծննդեան օրհնա­­լից շրջա­­նին եւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թեան յա­­ջողու­­թեանց պսա­­կուի­­լը, ուղղա­­կիօրէն խանդ ու եռանդ բեռ­­ցուց տա­­ղաւա­­րի ոգե­­ւորու­­թեանց։ Հե­­տեւա­­բար, այս տա­­րուայ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան շրջա­­նը, Աս­­տուծոյ անու­­նը գո­­վելու եւ փառք հիւ­­սե­­­լու հա­­մար հիաս­­քանչ առիթ մըն է։ Փառք Տի­­րոջ, որ Ս. Գրքի մէջ տե­­ւաբար յի­­շատա­­կուած «Մի վախ­­նա՛ր« որով­­հե­­­տեւ քե­­զի հետ եմ, խօս­­քե­­­րով կը քա­­ջալե­­րէ բո­­լորս։ Փառք Տի­­րոջ, որ իր Աս­­տո­­­ւածա­­յին աջը եր­­կա­­­րեց իր զա­­ւակ­­նե­­­րուն, որոնք յու­­սալքութեան խա­­ւարին մէջ կորստեան մատ­­նո­­­ւելու հետ դէմ յան­­դի­­­ման մնա­­ցեր էին։ Տէր Յի­­սուս Քրիս­­տոս« իր Ս. Ծննդեամբ յայտնո­­ւի նաեւ մեր ժո­­ղովուրդին մէջ եւ խա­­ղաղու­­թեամբ օժ­­տէ հա­­մայնքիս մէն մի ան­­դա­­­մը։ Շա­­րու­­նա­­­կենք փառ­­քը հիւ­­սել Խա­­ղաղու­­թեան Իշ­­խա­­­նին, «Փառք ի բար­­ձունս Աս­­տուծոյ» խօս­­քե­­­րով, քան­­զի խա­­ղաղու­­թիւն բա­­ռը ուղղա­­կիօրէն մարմնա­­ւորո­­ւեցաւ շա­­տերուս ան­­հա­­­տական կեան­­քէն ներս։

Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան Տա­­ղաւա­­րին առ­­թիւ, կ՚աղօ­­թենք առ Աս­­տո­­­ւած, որ­­պէսզի իր շնորհնե­­րը առա­­տաց­­նէ բո­­լորիս վրայ։ Աս­­տո­­­ւած ըն­­դունի մեր աղօթքնե­­րը եւ խնդրանքնե­­րը եւ իրա­­կանաց­­նէ բո­­լորիս բա­­րի փա­­փաք­­նե­­­րը։ Տի­­րոջ փա­­ռաւոր ծնունդը« մեր ան­­հա­­­տական, եկե­­ղեցա­­կան, դպրո­­ցական, ըն­­կե­­­րային կեան­­քին հա­­մար ըլ­­լայ վերստին ծնունդի առիթ, որ­­պէսզի հե­­տեւինք բա­­րիին, գե­­ղեցի­­կին ու ճշմա­­րիտին։ Յի­­սուս Քրիս­­տոս՝ «Ար­­դա­­­րու­­թեան Արե­­գակ»ը, Իր ճա­­ռագայթնե­­րով լու­­սա­­­ւորէ մեզ. բա­­նայ մեր սրտե­­րուն եւ հո­­գինե­­րուն աչ­­քե­­­րը, որ­­պէսզի կա­­րենանք տես­­նել Աս­­տուծոյ ներ­­կա­­­յու­­թիւնը. Ամէն։

 

ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵ­ՏԻՍ

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­ՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

Սի­րով եւ աղօթ­քով՝

ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ԱԲԵ­ՂԱՅ 
ՏԱ­ՄԱՏԵԱՆ

Քա­րոզիչ՝ Ս. Թա­գաւոր Եկե­ղեց­ւոյ եւ Հո­գեւոր Հո­վիւ՝ Իշ­խա­նաց Կղզեաց

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ