Հայկական տաղասացութիւն - 1100-1722 - Բ. մաս

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Նախորդ յօդուածի մէջ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, մուտք գոր­­­ծեր էինք հայ­­­կա­­­­­­­կան միջ­­­նա­­­­­­­դարեան տա­­­ղասա­­­ցու­­­թեան քնա­­­րական պար­­­տէ­­­­­­­զը ու կա­­­տարեր էինք աշ­­­խարհիկ մե­­­ղեդի­­­ներու ձայ­­­նա­­­­­­­քաղ մը։ Այ­­­սօր շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք մեր պտոյ­­­տը ու լսենք Հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հի 1200-1400ական թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մերթ հեշ­­­տա­­­­­­­գին, մերթ ող­­­բա­­­­­­­գին ձայ­­­նե­­­­­­­րը։

Կոս­­­տանդին Երզնկա­­­ցին բնու­­­թեան, կեան­­­քի, ծառ ու ծա­­­ղիկի առա­­­ջին այ­­­լա­­­­­­­բան եր­­­գիչն է։ Ինչպէս իր անու­­­նէն յայտնի է, բա­­­նաս­­­տեղծը ծնած է Եկե­­­ղեաց գա­­­ւառի Երզնկա քա­­­ղաքի մէջ։ Ան ապ­­­րած ըլ­­­լա­­­­­­­լու է 1250-1320 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ։ Ման­­­կութեան տա­­­րինե­­­րուն ստա­­­ցած է հո­­­գեւոր ու­­­սում, հա­­­ւանա­­­բար իր ծննդա­­­վայ­­­րի Տի­­­րաշէ­­­նի վա­­­նական դպրո­­­ցի մէջ։

Կոս­­­տանդին Երզնկա­­­ցին հայ­­­կա­­­­­­­կան միջ­­­նա­­­­­­­դարեան տա­­­ղեր­­­գութեան մե­­­ծագոյն անուննե­­­րէն է։ Անոր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւննե­­­րը գար­­­նան եւ սի­­­րոյ գո­­­վեր­­­գութիւններ են։ Կ. Երզնկա­­­ցին գրի առած է նաեւ վար­­­դի եւ սո­­­խակի սի­­­րավէ­­­պեր, որոնք ջերմ եր­­­կխօ­­­սու­­­թիւններ են։ Ահա այսպէս. (Սո­­­խակը) Առանց քեզ ո՞նց ել­­­նում ի հուն. / Հանց քա­­­ղեցիր զշունչս ու հո­­­գիս՝ / Այլ չի մնաց երեսս քուն։ (Վար­­­դը) Իմ լու­­­սա­­­­­­­տու արեւն դու, / Աստղն զո­­­հալ եւ մուշտա­­­րի, / Շամս ու ղա­­­մար իմ թաճս դու»։

Կ. Երզնկա­­­ցիի տա­­­ղերէն մէ­­­կը ուղղուած է իր սէ­­­րը ան­­­տե­­­­­­­սող «ան­­­խիղճ» գե­­­ղեց­­­կուհիին. «Հո­­­գի՛, աչե­­­րուս իմ լոյս, / Երբ որ ի դի­­­մացս ել­­­նուս, / Փախ­­­չիս, երբ որ զիս տես­­­նուս, / Խղճա՛ քո գե­­­րոյս, իմ լոյս։ / Դու զլոյս աչե­­­րուս առ­­­նուս՝ / Թէ զիս քեզ օտար տես­­­նուս, / Դու ես հո­­­գի իմ հո­­­գոյս, / Խղճա՛ քո գե­­­րոյս, իմ լոյս»։

Բա­­­նաս­­­տեղծը, ին­­­չո՞ւ զար­­­մա­­­­­­­նալ, պի­­­տի տա­­­ռապէր երկրա­­­յինի եւ երկնա­­­յինի մի­­­ջեւ, ու պի­­­տի հա­­­լէր մո­­­մի նման։ Այդ ներ­­­քին պայ­­­քա­­­­­­­րը իր պատ­­­կե­­­­­­­րաւոր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը կը գտնէ հե­­­տեւեալ տո­­­ղերու մէջ. «Հո­­­գիս խիստ է յօ­­­ժար բա­­­նից իմաստնոց լսել, / Մար­­­մինս է հեշ­­­տա­­­­­­­սէր, զի յաշ­­­խարհէս է ինք ծնել։ / Ի յեր­­­կուքիս մի­­­ջին մոմ եմ ի մէջ հրոյն վա­­­ռել, / Ան­­­հիմն ու ան­­­հաստատ՝ եմ ան­­­հանգիստ ի շուրջ եկել»։

Խա­­­չատուր Կե­­­չառե­­­ցին ապ­­­րած է 1260-1331 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն։ Ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծած է Ծաղ­­­կա­­­­­­­ձորի Կե­­­չառի­­­սի վան­­­քի մէջ, Պռո­­­շեան իշ­­­խաննե­­­րու հո­­­վանա­­­ւորու­­­թեամբ։ Ան­­­նա­­­­­­­խըն­­­թաց անձնա­­­ւորու­­­թիւն է Կե­­­չառե­­­ցին։ Անոր գոր­­­ծե­­­­­­­րը կը վե­­­րաբե­­­րին կեան­­­քի վա­­­ղան­­­ցութեան, մա­­­հուան, սար­­­սա­­­­­­­փելի դա­­­տաս­­­տա­­­­­­­նին, հայ­­­րե­­­­­­­նասի­­­րու­­­թեան եւ մար­­­դա­­­­­­­սիրու­­­թեան։ Եզա­­­կի եւ յե­­­ղափո­­­խական է անոր կե­­­ցուած­­­քը «մար­­­մին-հո­­­գի» դա­­­րաւոր հար­­­ցի նկատ­­­մամբ։ Ըստ անոր, ո՛չ թէ մար­­­մինն է, որ կ՚արա­­­տաւո­­­րէ հո­­­գիին, այլ՝ հո­­­գին է յան­­­ցա­­­­­­­ւոր մարմնի գոր­­­ծած մեղ­­­քե­­­­­­­րուն հա­­­մար, քան­­­զի հո­­­գին է տէ­­­րը, իսկ մար­­­մի­­­­­­­նը, անոր են­­­թա­­­­­­­կայ գե­­­րի, ինչպէս հլու ձի, կը հնա­­­զան­­­դի իր տի­­­րոջ կամ­­­քին... «Ես ձի եւ դու տէր ձիոյս, / Ես ծա­­­ռայ՛ւ իշ­­­խան դու գե­­­րոյս, / Կա­­­միլդ քո՝ գործ լի­­­նէր ինձ. / Մեղ է՞ր դնես հո­­­ղած­­­նոյս»։ Կե­­­չառե­­­ցին ու­­­նի նաեւ խրա­­­տական գոր­­­ծեր։ Ահա օգ­­­տա­­­­­­­շատ քա­­­նի մը նմոյշ. «Զա­­­չերդ շատ մի՚ ածեր, թէ ոչ՝ չար սրով դա խո­­­ցի, / Զլե­­­զուդ ար­­­ձակ մի՛ թո­­­ղուր, որ չա­­­ծէ զքեզ պա­­­տու­­­հա­­­­­­­սի», «Առ­­­նել լաւ է, քան ասել եւ ոչ կա­­­տարել, / Աղ­­­քատ եւ ար­­­դար լաւ է, քան գի­­­տուն եւ յոյժ մո­­­լորել», «Սա­­­կաւ գի­­­տու­­­թիւն լաւ է, քան գի­­­տել եւ ոչ կա­­­տարել, / Մին ձե­­­ռօք եր­­­կինս լաւ է, քան եր­­­կու ձե­­­ռօք դե­­­գերել»։

Յով­­­հաննէս Թլկու­­­րանցին (14-րդ-15-րդ դար), սի­­­րոյ եւ բնու­­­թեան տա­­­ղերու հե­­­ղինակ է, ինչպէս նաեւ այդ տա­­­ղերու եր­­­գա­­­­­­­հանն ու եր­­­գի­­­­­­­չը։ Յի­­­շել կ՚ար­­­ժէ, թէ անոր տա­­­ղերը լոյս տե­­­սած են Յա­­­կոբ Մե­­­ղապար­­­տի 1513-ին Վե­­­նետի­­­կի մէջ հրա­­­տարա­­­կած «Տա­­­ղարան»ի մէջ։ Թլկու­­­րանցիի խօս­­­քե­­­­­­­րը այ­­­լա­­­­­­­բանու­­­թիւններ չեն։ Անոնց մէջ կայ ինքնա­­­մոռաց սէր, զգա­­­ցումնե­­­րու պոռթկում եւ ան­­­կաշկանդ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ։ Այդ եր­­­գե­­­­­­­րու մէջ կայ գե­­­ղեց­­­կուհիի մարմնա­­­կան բա­­­րեմաս­­­նութիւննե­­­րու հա­­­մար­­­ձակ պատ­­­կե­­­­­­­րաւո­­­րու­­­մը։ Ահա քա­­­նի մը պա­­­տառիկ. «Ծոցդ է դրախտ ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թեան ի յետ դարձնէ զե­­­լած հո­­­գին», «Ու­­­րակ ճա­­­կատ ու ճոխ բե­­­րան, ծամն ու վար­­­սերն էր հո­­­գեհան», «Տե­­­սայ պատ­­­կերք մի գե­­­ղեցիկ, զէտ զա­­­րեգակն, որ լոյս կու տայ»։ Ըստ Թլկու­­­րանցիի, սի­­­րոյ ոյ­­­ժը աւե­­­լի զօ­­­րաւոր է քան կու­­­սակրօն հո­­­գեւո­­­րակա­­­նի հա­­­ւատ­­­քը. «Մարդ որ սի­­­րու կը հան­­­դի­­­­­­­պի, նայ քան զկրակ կու լի­­­նի վառ, / Այլ ո՛չ աղօթք միտքն կու գայ, ո՛չ Յայսմա­­­ւուրք կար­­­դայ եւ ճառ»։ Թլկու­­­րանցին հո­­­ղեղէն գե­­­ղեց­­­կուհիին կը նկա­­­րագ­­­րէ բնու­­­թեան պատ­­­կերնե­­­րով. «Աղէկ պատ­­­կեր բո­­­լոր եւ գե­­­ղեցիկ ես, / Բե­­­րանդ շաք­­­րով իլի թու­­­թակ լե­­­զու ես, / Գոյնդ է կար­­­միր վար­­­դին, հո­­­տովդ անոյշ ես, / Դրախտ ես ու պաղ­­­չայ, ծաղ­­­կի նման ես»։ Իսկ Թլկու­­­րանցիի գան­­­գատներն ու տրտունջնե­­­րը ու­­­նին հա­­­սարա­­­կական միտք, որ կը ցո­­­լաց­­­նէ ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի ազ­­­գա­­­­­­­յին կեան­­­քի անմխի­­­թար վի­­­ճակը. «Հո­­­վիւ չու­­­նինք տե­­­սող, ու մենք ենք մո­­­լորեալ ոչ­­­խար, / Շատ գայլք են յար­­­ձա­­­­­­­կել ի վե­­­րայ մեր, խիստ ան­­­հա­­­­­­­մար... / Ի մէջ ծո­­­վուս ծփինք, ո՚չ նաւ ու­­­նինք, ո՛չ՝ նա­­­ւավար»։

Կեան­­­քը եւ անոր շնորհնե­­­րը լիովին ապ­­­րե­­­­­­­լու ցան­­­կութիւ­­­նը ու­­­նե­­­­­­­ցող բա­­­նաս­­­տեղծը կը սար­­­սա­­­­­­­փի վա­­­ղաժամ մա­­­հուան գա­­­ղափա­­­րէն։ «Տաղ ի վե­­­րայ մա­­­հու» ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան մէջ կեն­­­սա­­­­­­­սէր այս երկրա­­­ցին իր վախն է, որ կ՚ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տէ. «Է՜ մահ, քա­­­նի զքեզ յի­­­շեմ, կու դո­­­ղամ ու սար­­­սա­­­­­­­փիմ ես։ / Հա­­­զար երա­­­նի՜ նո­­­րա, զոր բա­­­րի գոր­­­ծով գտա­­­նես։ /Ի զուր խռո­­­վեալ գան­­­ձես, ոչ գի­­­տես, թէ ում ժո­­­ղովես»։

Ինչպէս նա­­­խորդ յօ­­­դուա­­­ծի մէջ նշած էի, միջ­­­նա­­­­­­­դարուն Հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հի մէջ կը հնչէր ձայն մը, որ աւե­­­լի յու­­­զիչ եւ սրտաճմլիկ էր, քան սի­­­րահա­­­րի սի­­­րասոյզ մրմունջը, կամ՝ վա­­­նակա­­­նի ող­­­բա­­­­­­­գին հա­­­ռաչան­­­քը- պան­­­դուխտի ձայնն էր ան, որ մռայլ եւ աղիողորմ շեշ­­­տե­­­­­­­րով կ՚աղա­­­ղակէր մեր սա­­­րերու վրայ, մեր ձո­­­րերու մէջ։ Այդ եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու, հա­­­յու սրտի խոր յու­­­զումնե­­­րու եր­­­գի­­­­­­­չը կը հան­­­դի­­­­­­­սանայ, Բա­­­ղէշի մէջ քա­­­հանա­­­յի ըն­­­տա­­­­­­­նիքէ ծնած, ինքնա­­­տիպ, թա­­­փառա­­­կան, հայ­­­րե­­­­­­­նաբաղձ, մար­­­դա­­­­­­­սէր Մկրտիչ Նա­­­ղաշը։

Մ. Նա­­­ղաշը ապ­­­րած է 1394-1470 թո­ւական­­­նե­­­­­­­րուն։ Եղած է գրչա­­­գիր, ծաղ­­­կող եւ հմուտ նկա­­­րիչ, ուրկէ՝ իր «նա­­­ղաշ» մա­­­կդի­­­րը։ Կնոջ մա­­­հէն յե­­­տոյ իր տղուն հետ կը տե­­­ղափո­­­խուի Ամիդ։ Նախ քա­­­ղաքի եպիս­­­կո­­­­­­­պոսն է, ապա Մի­­­ջագետ­­­քի հա­­­յոց առաջ­­­նորդը։ Հան­­­գա­­­­­­­մանքնե­­­րու բե­­­րու­­­մով կ՛ապ­­­րի աս­­­տանդա­­­կան եւ վշտա­­­հար կեանք։ Կ՚եր­­­թայ Պո­­­լիս, ապա Ղրիմ։ Կեան­­­քի ուշ տա­­­րինե­­­րուն միայն կը վե­­­րադառ­­­նայ Ամիդ։

Մկրտիչ Նա­­­ղաշի տա­­­ղերը ան­­­մի­­­­­­­ջական են, պարզ ու պատ­­­կե­­­­­­­րաւոր։ Ան ժո­­­ղովուրդին կը յոր­­­դո­­­­­­­րէ չդի­­­մել պանդխտու­­­թեան, քան­­­զի ան է չա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րու եւ դժբախ­­­տութիւննե­­­րու պատ­­­ճա­­­­­­­ռը։ Վե­­­րին աս­­­տի­­­­­­­ճան ող­­­բա­­­­­­­գին են անոր տո­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րը։ Ահա օրի­­­նակ մը. «Հո­­­գի՛, մի՛ ասեր ղա­­­րիպ, թէ չէ իմ սիր­­­տը կ՚արու­­­նի»։ Բայց, ըստ անոր, կայ չա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րու աւե­­­լի մեծ պատ­­­ճառ մը- ագա­­­հու­­­թիւնն է ան... «Ինչ թա­­­գաւորք եւ մեծ իշ­­­խանք, որ հե­­­ղելով իրար կռո­­­ւան... / Զինչ որ արիւն յեր­­­կիր հե­­­ղան, ամէնն վասն ագա­­­հու­­­թեան»։

Կեան­­­քը ան­­­ցա­­­­­­­ւոր է, մար­­­մի­­­­­­­նը վա­­­ղազ­­­րաւ։ Այս միտ­­­քե­­­­­­­րը իրենց գե­­­ղարուեստա­­­­­­­կան ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը կը գտնեն Նա­­­ղաշի հե­­­տեւեալ տո­­­ղերու մէջ. «Գի­­­տէի թէ բերդ էի ի յայսմ աշ­­­խարհիս, / Մա­­­հու ցաւն պա­­­տեաց բոլ­­­րով զմար­­­մինս, / Նայ շար­­­ժե­­­­­­­ցաւ, փլաւ իմ բո­­­լոր պա­­­րիսպս, / Զինչ հաս­­­րաթ ու­­­նէի՝ մնաց իմ սրտիս», «Աշ­­­խարհս ան­­­ցա­­­­­­­ւոր է, չլի­­­նի թէ խա­­­բիք, / Մահն ղա­­­ֆիլ կու գայ, դուք հանց իմա­­­ցէք»։

1449-ին կը բռնկի Մի­­­ջագետ­­­քի առա­­­ջին, իսկ 1469ին՝ երկրորդ հա­­­մաճա­­­րակը։ Նոյն տա­­­րին Մ. Նա­­­ղաշը կը գրէ ողբ մը՝ այդ ցնցող աղէ­­­տի մա­­­սին։ Բա­­­նաս­­­տեղծը հա­­­ւանա­­­բար վախ­­­ճա­­­­­­­նած է այդ հա­­­մաճա­­­րակի պատ­­­ճա­­­­­­­ռով։ Այ­­­սօր, յօ­­­դուա­­­ծիս հրա­­­ժեշտ կու տամ այդ ող­­­բէն մէջ­­­բե­­­­­­­րումներ տա­­­լով. «Արա­­­րիչն արա­­­րածոց մեզ բար­­­կա­­­­­­­ցաւ, քաղցր բնու­­­թիւնն աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին մեզ դառ­­­նա­­­­­­­ցաւ... Քա­­­նի մա­­­նուկ մա­­­տաղա­­­տունկ ՛ի հող դար­­­ձաւ, եւ թէ քա­­­նի մայր որ­­­դէ­­­­­­­մեռ մոր­­­մո­­­­­­­քեցաւ... Արդ ո՞վ կա­­­րէ լե­­­զուաւ պատ­­­մել զբան աղէ­­­տին, եւ զկսկիծն դառ­­­նութեան՝ զողբն սրտին... Լա­­­ցէք այ­­­սօր եւ ող­­­բա­­­­­­­ցէք ամե­­­նեքեան, դառն ար­­­տասւօք հա­­­ռաչե­­­ցէք դուք միաբան»։

Յա­­­ջորդ յօ­­­դուա­­­ծի մէջ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, պի­­­տի տես­­­նէք, թէ այդ հա­­­մաճա­­­րակի ցա­­­ւերը սպիացեր են ու հայ տա­­­ղասա­­­ցը կրկին կը գո­­­վեր­­­գէ սէ­­­րը, գա­­­րու­­­նը եւ ազ­­­գի ազատ կեան­­­քի երա­­­զանքնե­­­րը։ Քան­­­զի, երկրաբ­­­նակ հո­­­ղեղէն աստնո­­­ւորս, այդպէս չէ՞, կը փա­­­փաքի կեան­­­քը լիովին ապ­­­րիլ ու վա­­­յելել անոր շնորհնե­րը։

(Շա­րունակելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ