Կամուրջի վրայ հանդիպում Հատտէճեանի հետ

Թուրքիոյ Հայ Կա­­­թողի­­­կէ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան սկսած է «Կա­­­մուրջ» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նը։ Թեր­­­թի ար­­­տօ­­­­­­­նատէր եւ գլխա­­­ւոր խմբա­­­գիրն է Ռե­­­հան Սա­­­րըպայ։

Սա­­­րըպայ իր հետ ու­­­նե­­­­­­­նալով խմբագ­­­րա­­­­­­­կան կազ­­­մէն Գա­­­րեգին Պար­­­սա­­­­­­­մեանը «Ակօս» այ­­­ցե­­­­­­­լելով տե­­­ղեկու­­­թիւններ տո­ւաւ կա­­­տարո­­­ւած աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի մա­­­սին։

Պար­­­սա­­­­­­­մեանի բա­­­ցատ­­­րութիւննե­­­րով «Կա­­­մուրջ» Հայ Կա­­­թողի­­­կէ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի բան­­­բե­­­­­­­րը պի­­­տի ըլ­­­լայ եւ աւե­­­լի շատ պի­­­տի ծան­­­րա­­­­­­­նայ գրա­­­կան նիւ­­­թե­­­­­­­րու վրայ։ «Հա­­­յոց գրա­­­կանու­­­թիւնը ըն­­­դարձակ պար­­­տէզ մըն է, որուն իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ մէկ ծա­­­ղիկը ըլ­­­լալ կը ձգտի Կա­­­մուրջ»ը։

Իսկ Ռե­­­հան Սա­­­րըպայ կը յայտնէ թէ պար­­­բե­­­­­­­րականը երկլե­­­զու պի­­­տի ըլ­­­լայ եւ պի­­­տի հրա­­­տարա­­­կուի տա­­­րին եր­­­կու հա­­­մար։

«Ան անվճար կեր­­­պով պի­­­տի բաժ­­­նենք դպրոց­­­նե­­­­­­­րուն եւ եկե­­­ղեցի­­­ներուն։ Առաք­­­ման եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին կը գոր­­­ծակցինք «Փա­­­րոս» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի հետ»։

Պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի առա­­­ջին հա­­­մարին մէջ կը հան­­­դի­­­­­­­պինք Հայր Լե­­­ւոն Զէ­­­քիեանի «Կա­­­մուրջ մեկ­­­նա՞րկ, թէ վերսկսում» խո­­­րագ­­­րեալ յա­­­ռաջա­­­բանը, 7-8 Դեկ­­­տեմբեր թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն Իս­­­թանպուլ «Պիլ­­­կի» հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ կա­­­յացած «Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մով Օս­­­մա­­­­­­­նեան Կայսրու­­­թիւն եւ հա­­­յերը, մշա­­­կոյթ եւ տնտե­­­սու­­­թիւն» ժո­­­ղովի բաց­­­ման ու­­­ղերձը եւ Մեհ­­­մետ Ֆա­­­թիհ Ուսլո­­­ւին «Ինքնու­­­թեան խնդի­­­րը մեր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն» խո­­­րագ­­­րեալ յօ­­­դուա­­­ծներուն։

Բա­­­ցի այդ պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի էջե­­­րուն տեղ գտած է նաեւ հայ կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքի մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ու գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան զա­­­նազան նա­­­խաձեռ­­­նութիւննե­­­րու մա­­­սին լու­­­րեր։

Պա­­­տիւ Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանին

2 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար կի­­­րակի յետ­­­մի­­­­­­­ջօրէին Թուրքիոյ հայ կա­­­թողի­­­կէ վի­­­ճակա­­­ւոր Լե­­­ւոն Արքեպիս­­­կո­­­­­­­պոս Զէ­­­քիեանի նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ Մկրտիչ Պե­­­շիք­­­թաշլեան մե­­­տայլով կը պար­­­գե­­­­­­­ւատ­­­րո­­­­­­­ւի «Մար­­­մա­­­­­­­րա» օրա­­­թեր­­­թի բազ­­­մա­­­­­­­մեայ խմբագ­­­րա­­­­­­­պետ Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանը։ Մկրտիչ Պե­­­շիք­­­թաշլեան մե­­­տայ­­­լով նա­­­խապէս պար­­­գե­­­­­­­ւատ­­­րո­­­­­­­ւած էր պոլ­­­սա­­­­­­­հայ անուանի լու­­­սանկա­­­րիչ Արա Կիւ­­­լէր։

Մե­­­տայլի տու­­­չութիւ­­­նը քա­­­նի մը օրուայ շե­­­ղու­­­մով կը զու­­­գա­­­­­­­դիպի Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանի ծննդեան տա­­­րեդար­­­ձին, որն է 26 Յու­­­նո­­­­­­­ւար 1926։

Նմա­­­նապէս ան աւար­­­տած կ՚ըլ­­­լայ «Մար­­­մա­­­­­­­րա»ի խմբագ­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան 53 տա­­­րինե­­­րը։

Բե­­­ղուն գրի­­­չի մը եւ հսկայ վաս­­­տա­­­­­­­կի մը գնա­­­հատա­­­կանն է այս, որուն լիովին ար­­­ժա­­­­­­­նի է Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեան։ Յատ­­­կա­­­­­­­պէս նշա­­­նակա­­­լից է անոր հա­­­յերէն գրա­­­կանու­­­թե­­­­­­­նէ ներս ու­­­նե­­­­­­­ցած մեծ ներդրու­­­մը։ Նախ «Մար­­­մա­­­­­­­րա» իր շնոր­­­հիւ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ արեւմտա­­­հայե­­­րէնի ամե­­­նաձայ­­­տուն մա­­­մու­­­լի օրի­­­նակը ըլ­­­լա­­­­­­­լու հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը։ Թէեւ այդ հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քին մէջ միշտ նկա­­­տուե­­­ցաւ լրագ­­­րո­­­­­­­ղու­­­թեան պա­­­հան­­­ջած առա­­­քելու­­­թիւննե­­­րու, հա­­­սարա­­­կական խնդիր­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին մտա­­­ւորա­­­կան մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կով քննա­­­դատու­­­թիւննե­­­րու զգա­­­լի թե­­­րացում, բայց ան­­­դին մնաց լե­­­զուա­­­կան բծախնդրու­­­թիւնով ըն­­­թերցո­­­ղը գրա­­­ւող յա­­­ջող օրա­­­թեր­­­թի մը դի­­­մագի­­­ծը։ Այս բո­­­լորին մէջ ան­­­վի­­­­­­­ճելի է Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանի դրոշ­­­մը։ Ինք է, որ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած խիստ հա­­­ղոր­­­դա­­­­­­­կան լե­­­զուաոճի հե­­­տեւան­­­քով մո­­­լու­­­թիւն մը ստեղ­­­ծեց ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րու մօտ։ Դժուար թէ ցան­­­կա­­­­­­­ցած մա­­­մուլ կա­­­րենայ գո­­­հաց­­­նել «Մար­­­մա­­­­­­­րա»ի ըն­­­թերցո­­­ղի իւ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցած լե­­­զուա­­­կան ճա­­­շակը։ Այս բո­­­լորը ան­­­շուշտ, որ ար­­­ժա­­­­­­­նի են գնա­­­հատան­­­քի, որուն հա­­­մար մենք կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորենք թէ պար­­­գե­­­­­­­ւատ­­­րեալը եւ թէ պար­­­գե­­­­­­­ւելու գի­­­տակ­­­ցութիւն յղա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը։

Թերթս տպագ­­­րութեան ղրկե­­­լու պատ­­­րաստո­­­ւած ժա­­­մերուն էր, որ հա­­­սաւ «Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանի Հետ Սիրտ-Սիր­­­տի» գրքոյ­­­կը, որ մօտ 50 էջե­­­րու մէջ ըն­­­թերցո­­­ղին կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ լի­­­բանա­­­նահայ գրա­­­կանա­­­գէտ Յա­­­կոբ Տիւ­­­նեայեանի Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանի հետ կա­­­տարած զրոյ­­­ցը։

Հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնը կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւի «Ծա­­­ղիկ» մա­­­տենա­­­շարի երկրորդ գոր­­­ծը ըլ­­­լա­­­­­­­լով եւ հրա­­­տարա­­­կուած է Պոլ­­­սա­­­­­­­հայ Ու­­­սուցչաց Հիմ­­­նարկի կող­­­մէ Սար­­­գիս Գիւ­­­լէ­­­­­­­կէչի մե­­­կենա­­­սու­­­թեամբ։

Յա­­­կոբ Տիւ­­­նեայեանի յա­­­ռաջա­­­բանի եւ Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանի կեն­­­սագրու­­­թեան կող­­­քին գիր­­­քի վեր­­­ջա­­­­­­­ւորու­­­թեան դրո­­­ւած է նաեւ Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանի ձօ­­­նուած եօթը քա­­­ռեակա­­­նի բա­­­նաս­­­տեղծու­­թիւն մը եւս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ