ԼԵՌՆԱԴԱՇՏԻ ԾԵՐԵՐԸ

Անընդհատ կը պարէին։ Կարգը եկած էր ծերունիներուն։ Կարծես շուրջիններուն փաստել կը ջանային թէ իրենք տակաւին այդքան ալ ծերացած չեն եւ չեն մոռցած պարելու եղանակը։

Կը պարէին շուրջպարի կանոնով, բայց զգալի կ՚ըլլար «Հորոն»ի կշռոյթը եւս։ Դանդաղ ու ծանր քայլերով աջ ու ձախ, ետ ու առաջ կ՚օրօրային։ Կը կարծէիր թէ առհասարակ անշարժ են։ Իւրաքանչիւր քայլի վրայ սակայն կը նկատուէր մէջքերու կամ ուսերու երաժշտութեան կշռոյթին համապատասխան շարժումները։ Անթերի պար մըն էր այս։ Կարծես երիտասարդներուն ապացուցել կը ջանար թէ առանց աճապարելու կատարուած ամէն ինչ աւելի հեշտ է ու սահուն։ «Մ՚աճապարէր, կեանքը վայելէ» ըսող պատգամ մը կար այդ պարին մէջ։ Այնպէս, թէ այսպէս կը հոսին երաժշտութեան ձայնանիշերը։ Եթէ թմբկահարեն աւելի շուտ չէք յոգնած, ուրեմն կը պարէք։ Առջեւը, ձախին կեցող պառաւը կարծես արարողութեան համակարգողը ըլլար։ Լման յետմիջօրէին ձեռքի ցուպով սխալ տեղ կանգնած պարողները կարգի բերելով կը զգուշացնէր։ Ձեռքի ցուպը պարողներու խմբակին ուղղելով կը հարուածէր ուսերու կամ մէջքերու։ Պարողները մերթ կը խնդային, մերթ ալ առանց գիտնալու թէ ինչ պէտք է ընեն շուարած հայեացքով մարդուն կը նայէին։ Ես ու տեսախցիկս ալ արժանացած էինք իր ուշադրութեան։ Նկարած պահուս նկատեցի թէ բան մը կը դպչի ձեռքիս։ Ցուպն էր։ Ձեռքերը լուսանկարչական գործիք մը բռնածի պէս ըրաւ եւ մէկ աչքը թարթեց։ Պահ մը ինք լուսանկարիչ եղած էր, իսկ ես ալ լուսանկարուած նիւթը։ Դէմքին մեծ ժպիտ մը յայտնուեցաւ։ Իմ բան մը ըսելուս առանց սպասելու ցուպը գետին զարկաւ ու վեր կեցաւ։ Ցատկռտեց, քանի մը քայլով պարեց ու ապա հեռացաւ։ Թմբկահարն ալ ցուցադրութիւն ընելէ ախորժող մէկն էր։ Բաւականին երկայնահասակ էր եւ թմբուկը ոտքի կայնած կը հարուածէր։ Հետզհետէ քիչ մըն ալ պարող տարեցներուն իբր ծաղրանք սկսաւ նստած տեղը հարուածել։ Պարի կշռոյթը ալ աւելի դանդաղացած էր։ Թմբկահարը յանկարծ կռնակի վրայ գետին պառկեցաւ թմբուկը առաւ երկու ծունկերու միջեւ եւ սկսաւ այդ դիրքի մէջ զարնել։ Թմբուկի կշռոյթը մէկ արագացաւ, մէկ դանդաղեցաւ։ Բոլորը կուշտ ու կուր կը ծիծաղէին, բայց պարը իր կշռոյթով կը շարունակուէր։ Այս այն առաջին պահն էր, որ կը վայելէի Սեւ ծովի լեռնադաշտերու հմայքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ