Տինքի դատավարութիւն՝ յայտեր որոնք կը միտին հաշիւ մաքրելու

Պետա­կան պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու դա­­տուած Հրանդ Տին­­քի ոճի­­րի դա­­տավա­­րու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ 18, 19 եւ 20 Փետ­­րո­­­ւար թո­­ւական­­նե­­­րուն։ Դա­­տական վեր­­ջին նիս­­տին աւա­­զակա­­խումբի պետ Քիւրշատ Եըլ­­մազ վկա­­յու­­թիւննե­­րով հան­­դէս եկաւ։ Ան յայտնեց թէ ոճի­­րէն առաջ Ֆե­­դհուլլահ Կիւ­­լե­­­նի աղան­­դին պատ­­կա­­­նող կարգ մը ան­­ձեր իրեն առա­­ջար­­կած էին այս ոճի­­րը, բայց ինք մեր­­ժած էր։ Եըլ­­մազ նաեւ պնդեց թէ իրեն այս առա­­ջար­­կը բե­­րող­­նե­­­րէն մէ­­կը այ­­սօր կը շա­­րու­­նա­­­կէ որ­­պէս դա­­տաւոր գոր­­ծել։

Ապա Դա­­տարա­­նը լսեց Ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց հրա­­մանա­­տարու­­թեան պաշ­­տօ­­­նեայ Սեր­­քալ Էօզէ­­լը։ Էօզէլ նշեց որ այդ շրջա­­նին աւե­­լի ծան­­րա­­­բեռ­­նո­­­ւած էին աղան­­դա­­­կան շար­­ժուննե­­րու ու­­սումնա­­սիրու­­թեամբ։ «Մենք կը զբա­­ղէինք ծայ­­րա­­­յեղ կրօ­­նամոլ­­նե­­­րու խնդիր­­նե­­­րով։ Կը հե­­տաքրքրո­­ւէինք նաեւ քրիս­­տո­­­նէու­­թեան քա­­րոզ­­չութեան նիւ­­թե­­­րով։ Այս յայ­­տե­­­րու վրայ Հրանդ Տին­­քի իրա­­ւապաշտպան Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու հար­­ցուց թէ ար­­դեօք հե­­տաքրքրո­­ւած են դա­­տերու ըն­­թացքին Տին­­քին սպառ­­նա­­­ցող­­նե­­­րուն հետ։

Էօզէլ ժխտա­­կան պա­­տաս­­խա­­­նեց այս հար­­ցումին։ Նաեւ նշեց թէ սա պա­­հուն չի յի­­շեր թէ դէպ­­քի օրը իր հրա­­մանին տակ գոր­­ծող զի­­նուոր­­նե­­­րը ոճի­­րի պա­­հուն ո՞ւր կը գտնո­­ւէին։

«Ֆօքս Թվ» լրա­­տուա­­միջո­­ցի տնօ­­րէն Էր­­ճան Կիւն ըսաւ թէ 44 ամի­­սէ ի վեր բան­­տարկո­­ւած է։ Նոյ­­նիսկ եթէ պա­­տիժ ստա­­նար, այսքան ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին ազատ ար­­ձա­­­կուած պի­­տի ըլ­­լար։ Հե­­տեւա­­բար պա­­հան­­ջեց որ վերջ տրո­­ւի իր ձեր­­բա­­­կալ­­ման։ Նմա­­նապէս միւս ձեր­­բա­­­կալո­­ւած մե­­ղադ­­րեալ­­ներն ալ նման պա­­հանջներ ներ­­կա­­­յացու­­ցին։ Դա­­տարա­­նը միջ­­նա­­­րարէն ետք որո­­շում մը յայտնեց, մեր­­ժեց ձեր­­բա­­­կալ­­ման վե­­րացու­­մի մա­­սին պա­­հանջնե­­րը եւ միայն Տրա­­պիզո­­նի Ոս­­տի­­­կան Զօ­­րաց նախ­­կին հրա­­մանա­­տար Ալի Էօզի տնա­­կան բան­­տարկու­­թիւնը վե­­րացուց, եր­­կի­­­րէ դուրս ել­­լե­­­լը ար­­գի­­­լելով։

Յա­­ջորդ դա­­տավա­­րու­­թիւնը պի­­տի կա­­յանայ 12, 13 եւ 14 Մա­­յիս թո­­ւական­­նե­­­րուն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ