Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները Նախագահի սեղանին վրայ

Թուրքիոյ Խորհրդա­րանը այս օրե­րուն կը քննար­կէ օրէնքնե­րու նոր թղթած­րար մը։ Թղթած­րա­րի ծրագ­րա­ւոր­ման ու պիւտճէի յանձնա­խումբի մէջ քննարկման պա­հուն ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան դի­մեց Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէն Պուրհան Էր­սո­յին՝ յի­շեց­նե­լով փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թեան խնդի­րը։ «Յար­գե­լի ընդհա­նուր տնօ­րէն գի­տէք թէ մեր հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րը 8 տա­րիէ ի վեր չեն կրցած կա­տարել վար­չութեան ընտրու­թիւններ։ Նե­րառեալ այս հաս­տա­տու­թիւննե­րէն պա­տաս­խա­նատու նա­խարա­րը մեր բո­լոր նա­խարար­նե­րը խոս­տա­ցան խնդրին շու­տա­փոյթ լու­ծում մը գտնել։ Վեր­ջին ան­գամ վա­քըֆ­նե­րէ պա­տաս­խա­նատու նա­խարարն ալ խոս­տա­ցած էր ըսե­լով, թէ նա­խագի­ծը շու­տով պատ­րաստ կ՚ըլ­լայ։ Այդ վեր­ջին խոս­տումին վրա­յէն ալ երեք ամիս ան­ցած է։ Այս մա­սին ձեզ­մէ լսել կ՚ու­զեմ վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րը»։

Կա­րօ Փայ­լա­նի այս հար­ցումին դի­մաց ընդհա­նուր տնօ­րէնը նշեց թէ օրէն­քի նա­խագի­ծը ար­դէն պատ­րաստ է եւ դրուած է նա­խագահ Էր­տո­ղանի սե­ղանին վրայ։ «Հի­մա կը սպա­սենք օրէն­քի լիազօր որոշմնա­գիրով մը հրա­պարա­կու­մին» ըսաւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնը։

19 Փետ­րո­ւար չո­րեք­շաբթի օր փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հիմ­նարկնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշրջու­թեան նա­խարա­րի տե­ղակալ Ահ­մետ Միս­պահ Տե­միր­ճա­նի եւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէն Պուրհան Էր­սո­յի հետ։ Այս ընթրի­քին պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րը յայտնե­ցին թէ պատ­րաստո­ւած բա­նաձե­ւը ղրկո­ւած է Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին, բայց խու­սա­փեցան անոր բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին ման­րա­մաս­նութիւններ փո­խան­ցե­լէ։

Այս մա­սին «Ակօս»ի հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նող Յա­րու­թիւն Շան­լը նշենց թէ իրենք ցարդ չեն տե­սած նա­խագա­հին առա­ջար­կո­ւած պատ­ճէ­նը, բայց ինք կը կար­ծէ թէ ի պա­տուի պի­տի ըլ­լայ ընտրու­թիւննե­րը երեք տա­րածաշրջա­նի սահ­մա­նու­մով կազ­մա­կեր­պե­լու առա­ջար­կը։ Այս առա­ջար­կի հա­մաձայն հին քա­ղաքը նե­րառեալ Գա­րագիւղ, առա­ջին շրջա­նը պի­տի կազ­մեն, Գարա­գիւղէն Վոս­փո­րի Եւ­րո­պական ափը երկրորդ շրջան, իսկ քա­ղաքի Ասիական ափն ալ եր­րորդ շրջան ըլ­լա­լով պի­տի նշո­ւի։ Շան­լը յու­սա­լիր է եւ կ՚ըսէ թէ յոյ­սե­րը ի սպառ պի­տի չմնան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ