8 Մարտի ընդառաջ, հայ կնոջ յատուկ կերպար

Տարբեր ընկերական շրջանակներու մէջ յաճախ կը լսէի Մերի Թեք Տէմիրի անունը։ Խօսակիցներս, որոնք յաճախ ուսուցիչ, ուսուցչուհիներ կ՚ըլլային խոստումնալից երիտասարդուհի մը ըլլալով կը նկարագրէին զինք։ Չէի գիտեր թէ ո՞վ է եւ ի՞նչ կը խոստանայ։ Վերջապէս որոշեցի 8 Մարտի՝ Համաշխարհային Կանանց Օրուայ նախորդող այս թիւին մէջ, թէ ես ճանչնամ եւ թէ ընթերցողներուն ծանօթացնեմ այդ երիտասարդ ակադեմականը։ Խոստովանիմ որ զրոյցի աւարտին ես ալ հաստատօրէն կը բաժնեմ բարեկամուհիներուս Մերի Թեք Տէմիրի համար գործածած խոստումնալից կոչումը։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

 

Վերջերս ու­­սուցչա­­­կան շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ յա­­­ճախ յի­­­շուե­­­ցաւ անունդ։ Գի­­­տեմ թէ պոլ­­­սե­­­­­­­ցի ես։ իսկ ո՞ր դպրոց­­­նե­­­­­­­րը ու­­­սա­­­­­­­նած ես։

Ծնած եմ 1990-ին Իս­­­թանպուլ։ նախ­­­նա­­­­­­­կան ու­­­սումս ստա­­­ցայ Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի Մե­­­րամեթ­­­ճեան վար­­­ժա­­­­­­­րանը։ Ապա աւար­­­տե­­­­­­­ցի Մխի­­­թարեանը։ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ հե­­­տեւե­­­ցայ «Արեւմտեան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու ու գրա­­­կանու­­­թեան» բաժ­­­նին։ Որ­­­պէս կողմնա­­­կի ճիւղ, ընտրե­­­ցի արո­­­ւես­­­տի վար­­­չութիւ­­­նը։ Յե­­­տոյ Իս­­­թանպու­­­լի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­ցայ Անգլե­­­րէն լե­­­զու եւ գրա­­­կանու­­­թիւն բա­­­ժինը։ Այդ մի­­­ջոցին աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցե­­­­­­­ցայ նաեւ «Rh+» գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի եւ ցու­­­ցասրա­­­հին։

2015-էն այս կողմ իբ­­­րեւ ակա­­­դեմա­­­կան կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տիմ Մի­­­մար Սի­­­նան Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանը Արեւմտեան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու եւ գրա­­­կանու­­­թեան բաժ­­­նի մէջ, ուր կը պատ­­­րաստեմ նաեւ դոկ­­­տո­­­­­­­րական աւար­­­տա­­­­­­­ճառս։

 

Ի՞նչ էր «Rh+»ի մէջ ստանձնած պաշ­­­տօնդ։

Այդ պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նը կա­­­րեւոր նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նի կեր­­­պա­­­­­­­րուես­­­տի ոլոր­­­տին մէջ։ Կը հրա­­­տարա­­­կուի ամ­­­սա­­­­­­­կան հեր­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեամբ, անգլե­­­րէն եւ թրքե­­­րէն երկլե­­­զու բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնով։ Ես այդ կազ­­­մին մէջ աշ­­­խա­­­­­­­տիլ սկսայ, որ­­­պէս թարգմա­­­նիչ։ Այն ատեն բա­­­ւական յա­­­ճախա­­­կի էին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րը։ Ես բա­­­ցի թարգմա­­­նիչ եւ խմբա­­­գիր աշ­­­խա­­­­­­­տելէ, այդ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րու կազ­­­մա­­­­­­­կերպման մէջ ալ պաշ­­­տօններ ստանձնե­­­ցի։ Պէտք է նշեմ, որ այդ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի շնոր­­­հիւ բա­­­ւական փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւններ ու­­­նե­­­­­­­ցայ։ Այս պա­­­հուն թէեւ պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի անձնա­­­կազ­­­մին մաս չեմ կազ­­­մեր, բայց կապս ալ չեմ խզած, այդ մի­­­ջավայ­­­րին հետ։

 

Որ­­­քան որ հե­­­տեւած եմ որոշ ժա­­­մանակ «Փա­­­րոս» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի մէջ ալ գրա­­­կան էջ մը կը խմբագ­­­րէիր։

Ու­­­րախ աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւն մըն էր, այդ ալ։ Ամէն ամիս առի­­­թը կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայի գրա­­­կանու­­­թեան աշ­­­խարհէն տար­­­բեր նիւթ մը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու։ Մերթ կը քննար­­­կէի որոշ գրա­­­կան ոճեր կամ դէմ­­­քեր, մերթ ալ յա­­­տուկ ու­­­շադրու­­­թիւն կը սե­­­ւեռէի ըն­­­թերցո­­­ղին հա­­­մար հա­­­ճելի թո­­­ւացող նիւ­­­թեր յայտնա­­­բերե­­­լու։ Քա­­­նի մը ամիս յա­­­տուկ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան նիւթ դար­­­ձուցի գրա­­­կանու­­­թեան թան­­­գա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը։ Իրաւ ալ այդ թան­­­գա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը շատ ան­­­գամ գրող­­­նե­­­­­­­րու բնա­­­կարան­­­ներն են, որոնք յետ մա­­­հու վե­­­րածո­­­ւած են թան­­­գա­­­­­­­րանի։ Այդ վայ­­­րե­­­­­­­րը կրնան բա­­­ւական խօ­­­սուն ըլ­­­լալ եւ իրենց մէջ պա­­­հել շատ հե­­­տաքրքրա­­­կան պատ­­­մութիւններ։ Այ­­­սօր թէեւ ակա­­­դեմա­­­կան ծան­­­րա­­­­­­­բեռ­­­նո­­­­­­­ւածու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով դադ­­­րե­­­­­­­ցուցած եմ այդ էջե­­­րը, բայց կրնամ ըսել թէ շատ հա­­­ճելի աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւն մըն էր։

 

Ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս լե­­­զու եւ գրա­­­կանու­­­թիւն ու­­­սա­­­­­­­նող­­­նե­­­­­­­րը շրջա­­­նաւարտ ըլ­­­լա­­­­­­­լէ ետք կը նա­­­խընտրեն ու­­­սուցչու­­­թեան աս­­­պա­­­­­­­րէզը։ Ո՞ր դրդա­­­պատ­­­ճառնե­­­րը իրենք կը մղեն ու­­­սուցչու­­­թեան։

Այո, կայ այդպէս երե­­­ւոյթ մը։ Ես առար­­­կութիւն ան­­­շուշտ որ չու­­­նիմ ու­­­սուցչա­­­կան աս­­­պա­­­­­­­րէզին, բայց կ՚ար­­­ժէ մտա­­­ծել թէ չորս տա­­­րի եւ եր­­­բեմն աւե­­­լի որոշ լե­­­զուի մը, որոշ մշա­­­կոյ­­­թի մը հա­­­կելէ ետք բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր աշ­­­խարհ մը անցնի­­­լը ին­­­ծի հա­­­մար քիչ մը դժո­­­ւար հասկնա­­­լի կը թո­­­ւի։ Մա­­­նաւանդ որ շատ ան­­­գամ լե­­­զու մը միան­­­շա­­­­­­­նակ եր­­­կիր մը ըսել չէ, այլ աւե­­­լին։ Օրի­­­նակի հա­­­մար ես անգլե­­­րէն լե­­­զու եւ գրա­­­կանու­­­թիւն ու­­­սա­­­­­­­նելով հան­­­դերձ հե­­­տաքրքիր եմ բաղ­­­դա­­­­­­­տական գրա­­­կանու­­­թեան։ Գրա­­­կան բա­­­ժին­­­նե­­­­­­­րը ար­­­դէն աշա­­­կեր­­­տին դի­­­մաց կը բա­­­նան բա­­­ւական ըն­­­դարձակ հո­­­րիզոն­­­ներ, թատ­­­րո­­­­­­­նէն մին­­­չեւ երաժշտու­­­թիւն կամ գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի զա­­­նազան ճիւ­­­ղեր։ Այդ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ ես եր­­­բեք աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի դաշ­­­տը ու­­­սուցչու­­­թիւնով չէի սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կեր։

Դար­­­ձեալ գի­­­տեմ թէ կը զբա­­­ղիս հա­­­յերէն եւ անգլե­­­րէն բաղ­­­դա­­­­­­­տական նիւ­­­թով։ Աւե­­­լի շատ ո՞ր հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը ու­­­սումնա­­­սիրած էք։

Ես աւար­­­տա­­­­­­­ճառի ըն­­­թացքին ու­­­սումնա­­­սիրե­­­ցի անգլե­­­րէն վի­­­պագ­­­րութեան մէջ գե­­­րար­­­դիական շրջա­­­նի պատ­­­մագրու­­­թեան նիւ­­­թը։ Այսպէս ալ ու­­­նե­­­­­­­ցայ եր­­­կու անուններ Ճոն Ֆաուլս եւ Կրեհըմ Սո­­­ւիֆթ։ Անոնց փո­­­խարէն հա­­­յերէն գրա­­­կանու­­­թեան մէջ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տիմ Յա­­­կոբ Մնձու­­­րի, Զա­­­պէլ Ասա­­­տուր եւ Զա­­­պէլ Եսա­­­յեանի գրա­­­կանու­­­թիւնով։ Բա­­­ցի այդ եր­­­կուքէն կը ծրագ­­­րեմ նաեւ զար­­­մի­­­­­­­կիս Ճան Էր­­­զուրումլո­­­ւօղ­­­լո­­­­­­­ւի հետ միաս­­­նա­­­­­­­բար ու­­­սումնա­­­սիրել Օս­­­մա­­­­­­­նեան շրջա­­­նի կա­­­րեւո­­­րագոյն հայ փի­­­լիսո­­­փանե­­­րէն Եղիա Տէ­­­միր­­­ճի­­­­­­­պաշեանը։

 

«Օքսֆորտ» հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ ելոյթ մը ու­­­նե­­­­­­­ցար։ Այդ մա­­­սին ի՞նչ կը պատ­­­մես։

Այս տե­­­սակ բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւննե­­­րու մաս­­­նակցե­­­լու հա­­­մար կան յա­­­տուկ եղա­­­նակ­­­ներ։ Նախ պի­­­տի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նես զե­­­կոյ­­­ցի հա­­­կիրճ ամ­­­փո­­­­­­­փումը։ Յանձնա­­­խումբը այդ ամ­­­փո­­­­­­­փու­­­մը գնա­­­հատե­­­լով կը որո­­­շէ հրա­­­ւիրել, թէ չհրա­­­ւիրե­­­լու մա­­­սին։ Այդ որո­­­շու­­­մի ըն­­­թացքին զա­­­նազան գոր­­­ծօննե­­­րը իրենց դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւնը ու­­­նին։ Ես «Օքսֆորտ» հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի այս ծրա­­­գիրէն ու­­­սուցի­­­չիս՝ Նա­­­թալի Պօ­­­ղոսեանի մի­­­ջոցաւ տե­­­ղեակ եղայ։ Ան­­­շուշտ ու­­­րա­­­­­­­խացայ, երփ դի­­­մումս ըն­­­դունո­­­ւեցաւ եւ 22 Փետ­­­րո­­­­­­­ւարին ալ «Օքսֆորտ» հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ զե­­­կոյցս ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցի։

Այժմ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տիմ որոշ ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր միտքս զբա­­­ղեց­­­նող ծրա­­­գիր մը կեան­­­քի կո­­­չելու հա­­­մար։ Սա հա­­­յերէ­­­նով ըն­­­թերցման ակումբ մըն է։ Գի­­­տենք որ բա­­­ռամ­­­թերքը զար­­­գացնե­­­լու մի­­­ջոցը ըն­­­թերցա­­­նու­­­թիւնն է։ Առտնի խօ­­­սակ­­­ցա­­­­­­­կան լե­­­զուն խիստ սահ­­­մա­­­­­­­նափակ բա­­­ռամ­­­թերք կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծէ։ Բայց երե­­­ւոյ­­­թը բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր է գրա­­­կանու­­­թեան պա­­­րագա­­­յին։ Խոս­­­տո­­­­­­­վանինք որ բա­­­ւակա­­­նին չենք ճանչնար մեղ հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը, այդ հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մէն մեկ­­­նե­­­­­­­լով Լի­­­տեա Տուրմազ­­­կիւլեր, Մու­­­րատ Չա­­­քըր, Լո­­­րի Կիւլպենք եւ Տայք Մի­­­սիսօղ­­­լու ըն­­­թերցման ակումբ մը կազ­­­մե­­­­­­­ցինք։ Նա­­­խապէս ճշդո­­­ւած գիր­­­քը բո­­­լորս ալ պի­­­տի կար­­­դա­­­­­­­յինք եւ ապա ամի­­­սը մէկ կամ եր­­­կու ան­­­գամ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուե­­­լով պի­­­տի զրու­­­ցէինք այդ գոր­­­ծի մա­­­սին։ Սե­­­բաս­­­տիոյ Հա­­­յոց Միու­­­թիւնը այս ծրագ­­­րին հա­­­մար մեզ հիւ­­­րընկա­­­լեց։ Առա­­­ջին հեր­­­թին Արա Կիւ­­­լէր, Ռու­­­բէն Մա­­­շոյեան եւ Մկրտիչ Մար­­­կո­­­­­­­սեանի գոր­­­ծե­­­­­­­րէն բաղ­­­կա­­­­­­­ցող եր­­­կե­­­­­­­րու ցանկ մը ու­­­նինք մեր ձեռ­­­քին եւ ար­­­դէն սկսած ենք։ Կը յու­­­սանք որ յա­­­ջոր­­­դող ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն ու­­­րիշներ ալ պի­­­տի մաս­­­նակցին այս հե­­­տաքրքրա­­­կան ու հա­­­ճելի հան­­­դի­­­­­­պումնե­­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ