Հայաստանի ու Իտալիոյ դպրոցները փակուեցաւ

Չինաստանէն ամ­բողջ աշ­խարհին տա­րածո­ւող Քո­րոնա ժահ­րը հա­սաւ նաեւ Հա­յաս­տան։ Կա­ռավա­րու­թիւնը վա­րակը կան­խե­լու հա­մար առա­ջին հեր­թին դի­մեց դպրոց­նե­րը ամ­բողջ շաբ­թո­ւայ մը տեւողու­թեամբ փա­կելու որո­շու­մին։ Հա­յաս­տա­նի մէջ Քո­րոնա ժահ­րով վա­րակո­ւած է 29-ամեայ այր մը, որ իր կնոջ հետ շա­բաթ մը առաջ եկած էր Իրա­նէն։ Իս­կոյն բժշկա­կան հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւեցաւ նաեւ իր հետ շփում ու­նե­ցած 32 ան­ձեր, որոնք կը մնան բժշկա­կան մե­կու­սացման պայ­մաննե­րու տակ։

Նշենք որ Հա­յաս­տան ար­դէն որոշ սահ­մա­նափա­կումնե­րու դի­մած էր Իրա­նի հետ ու­նե­ցած ցա­մաքա­յին սահ­մա­նագ­ծին վրայ։ Բա­ցի այդ Հա­յաս­տան-Իրան թռիչքներն ալ որոշ ժա­մանա­կի հա­մար չե­ղեալ հա­մարո­ւած են։ Այս զար­գա­ցումնե­րը բնա­կանա­բար իրենց ժխտա­կան հե­տեւան­քը պի­տի ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշրջու­թեան վրայ, քա­նի որ ամէն տա­րի Մարտ ամ­սուն Նեւ­րո­զի տօ­նի առ­թիւ դէ­պի Հա­յաս­տան զբօ­սաշրջիկ­նե­րու զգա­լի հոսք մը կը նկա­տուէր Իրա­նէն Հա­յաս­տան։

Նշենք որ Քո­րոնա Ժահ­րը Եւ­րո­պայի մէջ ալ կը տա­րածո­ւի յատ­կա­պէս Իտա­լիա, ուր բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին տօ­նավա­ճառ­ներ ջնջո­ւած կամ յե­տաձ­գո­ւած են անո­րոշ թո­ւական­նե­րու։ Իտա­լիա նոյնպէս մէկ շա­բաթով ար­ձա­կած է երկրի բո­լոր ուսման հաս­տա­տու­թիւննե­րը վա­րակի աճը կան­խե­լու նպատակաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ