Կարպիս Ալթընօղլու իր անյայտ կողմերով

«Տեսութիւն եւ Քաղաքականութիւն» պարբերականի վերջին համարին մէջ լոյս տեսաւ 14 Հոկտեմբեր 2019-ին մահացած հայ քաղաքական գործիչ Կարպիս Ալթընօղլուի մասին ուշագրաւ գրութիւն մը։ Կապ հաստատեցինք յօդուածի հեղինակ Նազըմ Թավանի հետ, որմէ ստացանք հետաքրքրական տեղեկութիւններ։

ՖԵՐՏԱ ՊԱԼԱՆՃԱՐ

ferda@agos.com.tr

Նախ ձեզ ճանչնանք, ինչպէ՞ս ծա­­նօթա­­ցաք Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լո­­­ւի հետ։

Ծնած եմ 1965 թո­­ւին Արթվի­­նի Պորչքա գա­­ւառը վրա­­ցի ըն­­տա­­­նիքի մէջ։ Մեր գիւ­­ղը վի­­րախօս էր։ Թուրքիոյ մէջ վրա­­ցի, լազ, չեր­­քէզ կամ ապ­­ղաս ըլ­­լա­­­լը խնդիր չի ստեղ­­ծեր։ Բայց հայ, յոյն կամ հրեայ ըլ­­լա­­­լը շատ լուրջ խո­­չըն­­դոտ է։

Ես այժմ կը կա­­րեւո­­րեմ իմ վրա­­ցի ինքնու­­թիւնս։ Սա­­կայն այս կա­­րեւո­­րելը բո­­լորո­­վին քա­­ղաքա­­կան դրդու­­մով է։

Միջ­­նա­­­կար­­գը կ՚ու­­սա­­­նէի «Իմամ Հա­­թիպ» կո­­չուած մոլ­­լա­­­ներու դպրո­­ցին մէջ։ Երբ մեր դպրո­­ցէն խումբ մը աշա­­կերտներ «Մա­­յիս Մէկ»եան ցոյ­­ցե­­­րու մաս­­նակցե­­լու մե­­ղադ­­րանքով վտա­­րուե­­ցան ես ալ թո­­ղեցի այդ դպրո­­ցը եւ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցայ Պորչքա­­յի առեւտրա­­կան դպրո­­ցը։

83-ին հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան ուսման հա­­մար եկայ Իս­­թանպուլ եւ քա­­նի մը տա­­րի անց ան­­դա­­­մակ­­ցե­­­ցայ Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թեան։ Այդ տա­­րինե­­րուն ալ աւե­­լի կը մեր­­ձե­­­նայի Մարքսա­­կան քա­­ղաքա­­կան տե­­սու­­թիւննե­­րու։ Այս ըն­­թացքին մէջ ես զիս « Աշ­­խա­­­տան­­քի Դրօ­­շակը» պար­­բե­­­րակա­­նի գլխա­­ւոր խմբագ­­րի աթո­­ռին վրայ գտայ։ Առա­­ջին ան­­գամ այդ պաշ­­տօ­­­նի ըն­­թացքին է, որ լսե­­ցի Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լո­­­ւի անու­­նը։ Բան­­տարկո­­ւած կո­­մու­­նիստ մըն էր։ Բան­­տէն շատ մա­­քուր ձե­­ռագի­­րով մը կը ղրկէր եր­­կա­­­րաշունչ գրու­­թիւններ։ Խմբագ­­րա­­­պետի կո­­չու­­մը աթո­­ռի մը բազ­­մած աջ, ձախ հրա­­հանգներ ղրկե­­լու պաշ­­տօն չէր ին­­ծի հա­­մար։ Ես շատ ան­­գամ ձե­­ռագի­­րով հա­­սած գրու­­թիւննե­­րը հա­­մակար­­գի­­­չի փո­­խան­­ցե­­­լով կը զբա­­ղէի։ Առա­­ջին ան­­գամ 1991-ին հռչա­­կուած ընդհա­­նուր ներ­­ման շնոր­­հիւ, երբ ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցաւ այն ատե­­ն է որ ծա­­նօթա­­ցայ իր հետ։ Նոյ­­նիսկ որոշ ժա­­մանակ նոյն բնա­­կարա­­նը բաժ­­նե­­­ցինք։ Չեմ կրնար ըսել, թէ այդ ծա­­նօթա­­նալով իս­­կոյն մտեր­­մա­­­ցանք։ Բա­­ւական զուսպ անձնա­­ւորու­­թիւն մըն էր Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լու։ Եր­­կար գրու­­թիւններ կը գրէր եւ շատ կը կար­­դար։ Ես ընդհա­­կառա­­կը շատ ըն­­կե­­­րական եմ։ Անեկ­­դոտներ որ կը պատ­­մէի երբ բո­­լորը կուշտ ու կուր կը խնդա­­յին Կար­­պի­­­սի շրթնե­­րուն հա­­զիւ յայտնի ան­­յայտ ժպիտ մը կը գո­­յանար։ Կը դժո­­ւարա­­նայինք իր անձնա­­կան կեան­­քին մա­­սին խօ­­սելու։ Կար­­ծես ամ­­բողջ էու­­թեամբ նո­­ւիրած էր կու­­սակցու­­թեան աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն եւ ան­­կէ դուրս ոչ մէկ բա­­նով կը հե­­տաքրքրո­­ւէր։ Ան­­գամ մը կու­­սակցա­­կան­­նե­­­րու բազ­­մանդամ սե­­ղանի մը վրայ ըն­­կերնե­­րէն մէ­­կը դրո­­ւատեց Կար­­պի­­­սի յատ­­կութիւննե­­րը։ Կը յի­­շեմ թէ ինք որ­­քան ամչցած էր։ Իր կի­­նը Եըլ­­տըզ այժմ կը զբա­­ղի Կար­­պի­­­սին կեն­­սագրու­­թիւնը գրե­­լով։ Վստահ եմ թէ այդ ճամ­­բով շատ բան պի­­տի իմա­­նանք Կար­­պի­­­սի մա­­սին։

Ես չէի հա­­մար­­ձա­­­կեր իրեն անձնա­­կան հար­­ցումներ ուղղե­­լու։ Բայց ինք ան­­տարբեր չէր իմ անձնա­­կան կեան­­քիս եւ մա­­նաւանդ ալ որ­­դոյս հան­­դէպ։

Ին­­ծի հա­­մար շատ ար­­ժէ­­­քաւոր էր Կար­­պի­­­սի հետ ըլ­­լալ։ Ինքզինքս անոր աշա­­կեր­­տը կը հա­­մարէի։ Կար­­ծեմ այդպէս ալ պի­­տի մնամ։ Կար­­պիս կ՚ու­­զէր իր ան­­դա­­­մակ­­ցած կա­­ռոյ­­ցը քա­­ղաքա­­կան եղա­­նակ­­նե­­­րով բա­­րեփո­­խել։ Ու­­րիշ եղա­­նակի մը հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը չէր իսկ մտա­­բերեր։ Երբ որո­­շեց իր կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հետ հե­­ռաւո­­րու­­թիւն պա­­հել, իրեն ուղղո­­ւած նա­­մակով մը ընդվզումս յայտնե­­ցի։ Իբր պա­­տաս­­խան ստա­­ցայ շատ կարճ գրու­­թիւն մը, ուր կ՚ըսէր. «Բնաւ մտա­­բերա՞ծ ես որ ես հայ եմ»։ Այդ հար­­ցումը իս­­կա­­­պէս ալ սուղ ար­­ժեց ին­­ծի։ Խոս­­տո­­­վանիմ որ չէի մտա­­բերած։ Առա­­ջին ան­­գամ այդ պա­­հուն անդրա­­դար­­ձայ, թէ մեր ըն­­կե­­­րային յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մէջ կարգ մը ան­­խո­­­հեմ քննա­­դատու­­թիւննե­­րը ինչ տե­­սակ տպա­­ւորու­­թեան պատ­­ճառ կրնան դառ­­նալ։

Այդ գրա­­ռու­­մէն ետք ես վե­­րատե­­սու­­թեան մատ­­նե­­­ցի Կար­­պի­­­սի հետ ու­­նե­­­ցած յա­­րաբե­­րու­­թիւնս։ 2000 թո­­ւակա­­նէն ետք մեր բա­­րեկա­­մու­­թիւնը կար­­ծես թէ ալ աւե­­լի խտա­­ցաւ եւ խո­­րացաւ։

Կար­­պիս կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հետ կա­­պերը խզեց, բայց լրջու­­թիւնը միշտ պա­­հեց։ Բայց նաեւ տե­­սանք թէ ան այսպէ­­սով ալ աւե­­լի աշ­­խա­­­տու­­նակ, ալ աւե­­լի գի­­տակից դար­­ձած էր, քան իր նա­­խորդ տա­­րինե­­րը։ Այդ տա­­րինե­­րուն իր գրած­­նե­­­րը կեան­­քի մը բո­­լոր երե­­սակ­­նե­­­րը ընդգրկող հարստու­­թիւն ստա­­ցան։ Սա­­կայն կազ­­մա­­­կեր­­պութե­­նէ խզուած այդ 19 տա­­րինե­­րուն կար­­ծես, թէ քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թեան մը որո­­շում կա­­յաց­­նող խոր­­հուրդի նա­­խագա­­հը ըլ­­լար, մեծ պար­­տա­­­ճանա­­չու­­թեամբ, պար­­տա­­­կանու­­թեան գի­­տակ­­ցութեամբ շա­­րու­­նա­­­կեց ար­­տադրել։ Ճիշդ է որ այդ ազատ տա­­րինե­­րուն աւե­­լի շատ գրեց հայ­­կա­­­կան խնդիր­­նե­­­րու շուրջ, բայց եր­­բեք չի փո­­խեց իր դիր­­քը։ Նա­­խապէս ինչ որ էր մնաց նոյ­­նը։ Ըն­­կե­­­րային յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը թոյլ էին, հա­­մացան­­ցի վրայ ու­­նէր բազ­­մա­­­թիւ ըն­­թերցող­­ներ։ Դի­­մատետ­­րի վրայ եր­­կար յօ­­դուած­­ներ կը գրէր։ Կար­­ծես թէ բազ­­մա­­­հարիւր մարդկանց հետ ու­­սուցիչ- ու­­սա­­­նողի յա­­րաբե­­րու­­թիւն մը կազ­­մած ըլ­­լար։

Միւս կող­­մէ կը կար­­ծեմ, թէ Թուրքիոյ ձա­­խակող­­մեան շար­­ժումնե­­րը ար­­ժա­­­նի ու­­շադրու­­թիւնը չեն ցու­­ցա­­­բերած անոր վաս­­տա­­­կին։ Բայց այս երե­­ւոյ­­թին մէջ կար­­ծես ինք ալ բա­­ժին ու­­նի։ Ինչպէս ըսի քիչ առաջ, չէր ախոր­­ժեր որ իր մա­­սին խօ­­սուի։

Հրա­­տարա­­կիչը իր­­մէ խնդրած էր գիր­­քի մէջ հա­­կիրճ կեն­­սագրու­­թիւն մը տե­­ղադ­­րել։ Առար­­կած էր այդ պա­­հան­­ջին։ Ըսե­­լով որ ո՞վ պի­­տի հե­­տաքրքրո­­ւի որ Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լո­­­ւի կեն­­սագրու­­թիւնով։ Մինչդեռ ես վստահ եմ, թէ Կար­­պի­­­սի նման անձնա­­ւորու­­թեան մը կեն­­սագրու­­թիւնը շատ հե­­տաքրքրա­­կան է բո­­լոր յե­­ղափո­­խական­­նե­­­րու հա­­մար։

Որ­­պէսզի յար­­գած ըլ­­լամ իր յի­­շատա­­կը, գո­­հանամ ըսե­­լով թէ միայն շատ քի­­չեր գի­­տէին թէ Ալ­­թը­­­նօղ­­լու ուր կ՚ապ­­րի։

Գի­­տեմ որ Եւ­­րո­­­պայի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու մէջ բնա­­կեցաւ։ Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն Պել­­կիա էր։ Բայց հոն ալ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը կրնայ խան­­գա­­­րել մտա­­ծելով շա­­րու­­նա­­­կեց մե­­կու­­սա­­­ցած ապ­­րիլ։ Բջի­­ջային հե­­ռախօս չէր գոր­­ծա­­­ծեր։ Կապ հաս­­տա­­­տել ու­­զողնե­­րը էլ-փո­­ստի հաս­­ցէին կը գրէին եւ ինք իս­­կոյն կը վե­­րադառ­­նար։

Գա­­լով ին­­չո՞ւ երկրէն հե­­ռացաւ հար­­ցումին։ Պի­­տի ըսեմ թէ պե­­տու­­թիւնը զինք ձեր­­բա­­­կալե­­լու հա­­մար առիթ­­ներ ստեղ­­ծե­­­լու կա­­րիքը չ՚ու­­նէր։ Ցան­­կա­­­ցած պա­­հուն կրնար դի­­մել այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան։ Ցան­­կա­­­ցած պա­­հուն կրնար ար­­հեստա­­կան մե­­ղադ­­րանք մը ստեղ­­ծել։

Նոյ­­նիսկ կրնար Հրան­­դին ապ­­րած ող­­բերգու­­թիւնը ինք եւս ապ­­րիլ։ Ծա­­նօթ է պե­­տու­­թեան յե­­ղափո­­խական­­նե­­­րու հան­­դէպ մտայ­­նութիւ­­նը։ Իսկ հայ յե­­ղափո­­խակա­­նը կրկնա­­կի ան­­գամ վտան­­գա­­­ւոր է պե­­տու­­թեան աչ­­քին։

Ալ­­թը­­­նօղ­­լո­­­ւի վե­­րագ­­րո­­­ւած կա­­րեւո­­րագոյն խնդի­­րը եղած էր «Սնտու­­կի Ոճիր»ը։

 

Ին­­չո՞վ կը բա­­ցատ­­րէք Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լո­­­ւի դէմ մա­­նաւանդ ալ ձա­­խակող­­մեան շրջա­­նակ­­նե­­­րու վե­­րապա­­հու­­թիւնը։ Ար­­դեօք «Սնտու­­կի Ոճիր»ն ալ այդ լռու­­թեան մէջ բա­­ժին ու­­նի՞։

Անու­­րա­­­նալի է։ Կար­­պի­­­սի վրայ ցեխ մը նե­­տած են եւ հետ­­քը մնա­­ցած է։ Այդ մե­­ղադ­­րանքով ստեղ­­ծե­­­ցին վայ­­րագ հայ ահա­­բեկի­­չի մը կեր­­պա­­­րը։ Ափ­­սոս որ ձա­­խակող­­մեան­­ներն ալ ար­­ժա­­­նի կեր­­պով չեն կրցած հայ կո­­մու­­նիստ ոճ­­րա­­­գործ Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լու ըն­­կա­­­լու­­մի դէմ ար­­ժա­­­նի կեր­­պով դի­­մադ­­րել։ Մնաց որ Կար­­պի­­­սին վե­­րագ­­րո­­­ւած զրպար­­տութիւ­­նը այդքա­­նով չէ մնա­­ցած։ Անոր վրայ բեռ­­ցուցին նաեւ Մա­­րաշի կո­­տորած­­նե­­­րու մաս­­նա­­­կից ըլ­­լա­­­լու մե­­ղադ­­րանքն ալ։ Մինչդեռ Կար­­պիս բազ­­միցս փոր­­ձեց վստա­­հեց­­նել թէ Մա­­րաշի կո­­տորած­­նե­­­րու ժա­­մանակ ինք այդ քա­­ղաքը չէ եղած։ Ինչպէս որ Սնտու­­կի ոճ­­րա­­­գոր­­ծութեան օրե­­րուն ալ Կար­­պիս բանտն էր։

1978-ին, երբ նիւթը դար­­ձեալ օրա­­կար­­գի կու գայ, իր ալ ան­­դա­­­մակ­­ցած շար­­ժումի պար­­բե­­­րակա­­նին գրու­­թիւնով մը կը դի­­մէ եւ կ՚ըսէ թէ ինք ոճի­­րի գոր­­ծուած թո­­ւակա­­նին բանտն էր։ Հե­­տեւա­­բար նման որո­­շում մը չէր կրնար ար­­ձա­­­կել։ «Եւ սա­­կայն քա­­նի որ իմ ան­­դա­­­մակ­­ցած շար­­ժումին կը վե­­րագ­­րո­­­ւի կա­­տարո­­ւածը, ես ալ կը ստանձնեմ իմ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան բա­­ժինը» կ՚ըսէր Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լու։

Կար­­պիս վեր­­ջերս կ՚ու­­սումնա­­սիրէր Հիք­­մեթ Քը­­վըլ­­ճըմլըն։ 2013-ի առա­­ջին ամիս­­ներն էր, երբ Իս­­թանպու­­լի մէջ կա­­յացաւ Քը­­վըլ­­ճըմլըի ձօ­­նուած գի­­տաժո­­ղով մը։ Այս առ­­թիւ Կար­­պի­­­սէն ալ յօ­­դուած մը պա­­հան­­ջո­­­ւեցաւ։ Անոր գոր­­ծե­­­լաոճը շատ յստակ նկա­­րագ­­րող գոր­­ծընթաց մըն է այս։ Կար­­պիս սկսաւ Քը­­վըլ­­ճըմլըի մա­­սին յօ­­դուած մը շա­­րադ­­րել։ Իր­­մէ պա­­հան­­ջո­­­ւած գրու­­թիւնը ղրկեց, բայց չբա­­ւարա­­րուե­­ցաւ այդքա­­նով։ Այլ շա­­րու­­նա­­­կեց աշ­­խա­­­տու­­թիւնը, որու աւար­­տին ծա­­ւալուն եւ ար­­տա­­­կարգ յա­­ջող ար­­դիւնք մը դուրս ելաւ։ Շուրջ չորս տա­­րի անց ան հրա­­պարա­­կեց մեծ ծա­­ւալով 670 էջա­­նոց հա­­տոր մը։ Վստահ եմ որ, եթէ շա­­րու­­նա­­­կէր ապ­­րել այս տե­­սակի դեռ շատ գոր­­ծեր պի­­տի կրնար ար­­տադրել։

Ար­­դէն իր յօ­­դուած­­նե­­­րուն մէկ մա­­սը լոյս տե­­սած էր «Ըն­­տիր Գոր­­ծեր եւ Փո­­լեմիք­­ներ Ա.» խո­­րագի­­րով։ Յե­­տոյ յա­­ջոր­­դեց շար­­քի Բ. եւ Գ. հա­­տոր­­նե­­­րը։ Եւ ծրագ­­րո­­­ւած էր շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը՝ «Հա­­մայ­­նա­­­վարու­­թեան Դա­­սըն­­թացքներ», «Ազ­­գա­­­յին Խնդիր/ Քրտա­­կան Խնդիր», «Գա­­ղու­­թա­­­տիրու­­թիւն»։ Բա­­ցի այդ ու­­նէր զա­­նազան առիթ­­նե­­­րով հրա­­տարա­­կուած գրու­­թիւններ, որոնք եւս տրա­­մադիր էր հրա­­տարա­­կու­­թեան պատ­­րաստե­­լու։

Իր մա­­հով այդ ծրա­­գիր­­նե­­­րը առայժմ անա­­ւարտ մնա­­ցին։ Բայց ձե­­ւով մը կտակ եղաւ մեր վրայ, քա­­նի որ ինք նա­­խապէս ըսած էր «Յօ­­դուած­­ներս կը թո­­ղում Մե­­թին Քա­­յաօղ­­լո­­­ւի եւ Նա­­զըմ Թա­­պանի»։ Մենք այս խօս­­քը, որ­­պէս պար­­տա­­­կանու­­թիւն ըն­­դունած ենք եւ պի­­տի աշ­­խա­­­տինք այդ յօ­­դուած­­նե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թեան։ 2001-ին Անգլիոյ մէջ հրա­­տարա­­կած էր «Ահա­­բեկիչ Պե­­տու­­թեան Մը Դի­­ման­­կա­­­րը» անուն գիր­­քը։ Այժմ պի­­տի աշ­­խա­­­տինք այդ գիր­­քի թրքե­­րէն հրա­­տարա­­կու­­թեան հա­­մար։ Մինչ այդ եթէ կո­­ղակի­­ցը Եըլ­­տըզ աւար­­տէ կեն­­սագրա­­կանը, անոր հրա­­տարա­­կուիլն ալ մեր պարտքն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ