Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ

Երեւի թէ շատերուս հա­­մար ան­­նա­­­խադէպ փոր­­ձութիւն մը պի­­տի ըլ­­լայ 2020 տա­­րեթի­­ւի Սուրբ Զա­­տիկը։ Մեր եկե­­ղեցի­­ներու մէջ պի­­տի կա­­տարուին Զատ­­կի պա­­տարագ­­ներ, բայց ժո­­ղովուրդը այս պա­­տարագ­­նե­­­րուն պի­­տի հե­­տեւի ոչ թէ եկե­­ղեցի­­ներու կա­­մար­­նե­­­րուն տակ, այլ ամէն մէ­­կը իր տան սե­­նեակ­­նե­­­րուն մէջ։ Պա­­տարա­­գի աւար­­տին կա­­րելի պի­­տի չըլ­­լայ ժո­­ղովուրդի հետ գիրկ խառ­­նո­­­ւիլ եւ իրար շնոր­­հա­­­ւորել։ Ու­­րիշ բա­­ցատ­­րութեամբ այս տա­­րի Զա­­տիկը պար­­զա­­­պէս օրա­­ցոյ­­ցի վրայ նշո­­ւած օր մը ըլ­­լա­­­լէ աւե­­լի խո­­րունկ իմաստ մը պի­­տի չու­­նե­­­նայ։ Ինչպէս որ իմաստ մը չէր ու­­նե­­­ցած Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի շա­­բաթ մը առաջ Ով­­սաննա­­ներով Երու­­սա­­­ղէմ մտնե­­լը խորհրդան­­շող Ծաղ­­կա­­­զար­­դը։

Բո­­լորիս հա­­մար փոր­­ձութեան օրեր է, որ կ՚ապ­­րինք որուն դի­­մադ­­րե­­­լու միակ գաղտնի­­քը կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի «համ­­բե­­­րու­­թիւն» յանձնա­­րարե­­լով։ Ան­­շուշտ որ պի­­տի համ­­բե­­­րենք, քա­­նի չկայ, որե­­ւէ այլ ընտրանք։ Ի վեր­­ջոյ ինչ-ինչ զրկանքնե­­րու դէմ չենք համ­­բե­­­րած որ։ Այո, այս ալ պի­­տի անցնի եւ սա պա­­հուն կա­­րեւո­­րագոյն խնդիրն է կա­­րելի եղա­­ծին չափ նո­­ւազ վնա­­սով, նո­­ւազ կեան­­քի կո­­րուստով աւար­­տել այս դժբաղդ փոր­­ձանքը։

Մեզ՝ «Ակօս»ական­­նե­­­րուս հա­­մար յա­­ւելեալ նշա­­նակու­­թիւն մը ու­­նի նաեւ Սուրբ Զատ­­կի տա­­ղաւա­­րը։ 24 Տա­­րիներ առաջ Սուրբ Զատ­­կի օրով լոյս տե­­սաւ «Ակօս»ի առա­­ջին հա­­մարը։ Ան տաս­­նա­­­մեակ­­ներ շա­­րու­­նակ իր բո­­լոր յու­­զումնե­­րը ներքնաշ­­խարհին մէջ ապ­­րած հայ ժո­­ղովուրդի հզօր ու հա­­մար­­ձակ ձայ­­նը ըլ­­լա­­­լով ներ­­կա­­­յացաւ մեր իրո­­ղու­­թեան մէջ եւ մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կէ պա­­հել այդ առա­­քելու­­թիւնը։ Այդ առու­­մով ալ պոլ­­սա­­­հայ իրո­­ղու­­թեան մէջ «Ակօս»ի հիմ­­նադրու­­թեան տա­­րեդար­­ձը միայն իր անձնա­­կազ­­մին ու­­րա­­­խու­­թիւնը չէ։ Այդ ձայ­­նին իմաս­­տին գի­­տակ­­ցող բիւ­­րա­­­ւոր ըն­­թերցող մեզ հետ կը կի­­սեն նոյն հրճո­­ւան­­քը։ Ար­­դէն թե­­ւակո­­խած ենք նոր տա­­րի մը, որու աւար­­տին պի­­տի տօ­­նենք նաեւ քա­­ռորդ դա­­րի վաս­­տա­­­կը։

Ու­­րեմն բա­­րի մաղ­­թանքնե­­րով եւ Սուրբ Զատ­­կի շնոր­­հա­­­ւորու­­թեամբ աւար­­տենք։ Այն ինչ որ պի­­տի ըսէինք իրա­­րու եկե­­ղեց­­ւոյ բա­­կին մէջ եկէք նոյ­­նը կրկնենք թեր­­թի էջե­­րուն վրայ եւ հա­­րազատ­­նե­­­րուն հետ հե­­ռաձայ­­նի միջոցաւ։

 

«Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ