Համահայկական մարտահրաւէր՝ ծպտեալ հայերը

ՀՐԱՆՈՒՇ ԽԱՌԱՏԵԱՆ, Ազգագրագէտ

2010թ. Դեկտեմբեր 18-ին Իս­­թանպու­­լի մէջ բա­­րեկա­­մու­­հիիս տու­­նը կը զրու­­ցէինք Իս­­թանպու­­լի հա­­յու­­թեան խնդիր­­նե­­­րուն շուրջ։ Խօսք գնաց դէպ­­քի մը մա­­սին, որ խո­­րապէս ցնցած էր հա­­մայնքը։ Մի հայ աղ­­ջիկ ամուսնա­­ցած էր մահ­­մե­­­տակա­­նի հետ։ Սա­­կայն տո­­ւեալ դէպ­­քին աղ­­ջի­­­կի ըն­­տա­­­նիքը կտրուկ դէմ էր եղած այդ ամուսնու­­թեանը եւ կա­­պերը աղջկայ հետ խզած էր։ Բայց աղջկան եղ­­բայրը անոր հետ չէր բա­­ւարա­­րուած եւ սպա­­նած էր թէ քրո­­ջը, թէ փե­­սային։ Դա­­տին հե­­տեւող լրագ­­րողնե­­րու ու­­շադրու­­թեան հիմ­­նա­­­կան թե­­ման դար­­ձած էր այն փաս­­տը, որ ինչպէս պար­­զո­­­ւած էր՝փե­­սան սա­­սունցի իս­­լա­­­մացած հա­­յերու ըն­­տա­­­նիքէն էր։ Այս դէպ­­քը առիթ դար­­ձած էր հան­­րա­­­յինօրէն անդրա­­դառ­­նա­­­լու Թուրքիոյ մէջ զգա­­լի ծա­­ւալ կազ­­մող իս­­լա­­­մացած (թրքա­­ցած, արա­­բացած, քրտա­­ցած), սա­­կայն հայ ինքնու­­թիւնը պա­­հած, ալե­­վիացած, ծպտեալ ու ոչ ծպտեալ հա­­յերու, քրիս­­տո­­­նեայ հա­­յերու հետ անոնց յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու եւ առ­­հա­­­սարակ կրօ­­նափո­­խու­­թեանը հե­­տեւող էթ­­նի­­­կական, սո­­ցիալա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին, նաեւ քա­­ղաքա­­կան խնդիր­­նե­­­րուն։

Քրիս­­տո­­­նեայ եւ իս­­լա­­­մացած, ալե­­վիացած հա­­յերու նե­­րազ­­գակցա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը իրենց բար­­դութիւննե­­րով հար­­ցի մի կողմն են։ Հար­­ցի միւս կողմն է, թէ ինչպէս է այդ խնդի­­րը կը հան­­րայնա­­նայ հայ­­կա­­­կան եւ իս­­լա­­­մական, տո­­ւեալ դէպ­­քին՝ թրքա­­կան, քրտա­­կան, արա­­բական մի­­ջավայ­­րե­­­րուն։ Իս­­լա­­­մացած-իս­­լա­­­մացուած հա­­յերու թե­­ման յա­­տուկ սրու­­թեամբ սկսած է քննար­­կո­­­ւիլ վեր­­ջին քսան-երե­­սուն տա­­րինե­­րուն։ Այս ըն­­թացքին հա­­կոտ­­նեայ կար­­ծիքներ ձե­­ւաւո­­րուած են, թէ քրիս­­տո­­­նեայ հայ­­կա­­­կան՝ «հայ են-հայ չեն»ի, «ըն­­դունենք-չըն­­դունենք»ի, «իմա­­նանք-չի­­մանանք»ի եւ այլ նմա­­նօրի­­նակ հար­­ցե­­­րու շուրջ, թէ իս­­լա­­­մական մի­­ջավայ­­րին՝ ան­­կեղծ են, թէ ծպտո­­ւած, բա­­րեկամ են, թէ թշնա­­մի։ Թրքա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը այնքան եր­­կար շա­­հար­­կե­­­ցին քիւրտ զի­­նեալ­­նե­­­րու «հայ­­կա­­­կան ծագ­­ման» թե­­ման, որ՝ տպա­­ւորու­­թիւն կը ստեղ­­ծո­­­ւի, թէ այն մի­­տուած է «թուրքի հիմ­­նա­­­կան, եթէ ոչ միակ թշնա­­մին հայն է» կար­­ծի­­­քի ներդրմա­­նը։ Յա­­մենայն դէպս չա­­փազանց յա­­ճախ կը հնչէ «կրօ­­նափո­­խուած հայ վի­­ժուած­­ներ» ձե­­ւակեր­­պումը։ Իմ իս­­լա­­­մացած հայ զրու­­ցա­­­կից­­նե­­­րէն մէ­­կու գնա­­հատ­­մամբ թուրքե­­րը տե­­ւական ժա­­մանակ է՝ թշնա­­մի են կը հա­­մարէ յոյ­­նե­­­րուն, հրեանե­­րուն, քրտե­­րուն, բայց անոնցմէ ոչ մէ­­կուն չեն ատեր։ Ատե­­լու­­թեան ծանր զգա­­ցու­­մը վե­­րապա­­հուած է միայն հա­­յերուն։ Աւե­­լին՝ սուննի, ալե­­վի, թրքա­­խօս, քրտա­­խօս հա­­յը միշտ ծպտուած կամ բա­­ցայայտ թշնա­­մի կը դի­­տուի Թուրքիոյ պե­­տու­­թեանը եւ կազ­­մա­­­ւորո­­ւող թուրք ժո­­ղովուրդին։ Թուրքիոյ մէջ հայ ժո­­ղովրդի պատ­­մութիւ­­նը չի­­մացողի հա­­մար այնպի­­սի տպա­­ւորու­­թիւն կը ստեղ­­ծո­­­ւի, որ կար­­ծէք հա­­յերը, խա­­բելով թուրքա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն, ծրագ­­րա­­­ւորո­­ւած, կա­­մաւոր եւ թա­­քուն կրօ­­նափո­­խուած են՝ թուրքա­­կան հա­­սարա­­կու­­թիւնը ներ­­սէն պայ­­թեցնե­­լու հե­­ռահար նպա­­տակով։ Իսկ հա­­յերու պատ­­մութիւ­­նը Թուրքիոյ մէջ ամե­­նէն աւե­­լի չգի­­տի հէնց թուրքա­­կան հա­­սարա­­կու­­թիւնը։

Ատե­­լու­­թեան եւ անոր հե­­տեւող վա­­խի ընդհա­­նուր մթնո­­լոր­­տը զգա­­լիօրէն կը բար­­դացնէ իս­­լա­­­մացած հա­­յերու ինքնու­­թեան փնտռտու­­քի հանգրո­­ւանը։ Եթէ քե­­մալա­­կան Թուրքիոյ մէջ իս­­լա­­­մացած հա­­յերը թա­­քուն յոյ­­սեր կը փայ­­փա­­­յէին, որ իրենց առա­­ջիկայ սե­­րունդնե­­րը կը կա­­րողա­­նան այդ բարդ երկրին բա­­ւակա­­նաչափ ին­­տեգրո­­ւել եւ դառ­­նալ պար­­զա­­­պէս քա­­ղաքա­­ցի, ներ­­կա­­­յինս անոնց հա­­մար ակնյայտ է, որ այդ հե­­ռան­­կա­­­րը դե­­ռեւս շատ հե­­ռու է։ Չա­­փէն աւե­­լի յա­­ճախ են մարդկանց նա­­խատին­­քով կը յի­­շեց­­նեն նոյ­­նիսկ տա­­տի, նա­­խատա­­տի հայ ըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քը։

Հա­­յերու իս­­լա­­­մաց­­ման շրջա­­նին Թուրքիոյ մէջ բա­­ւական էր «սուննի մահ­­մե­­­դական» ըլ­­լա­­­լը։ Եւ կրօ­­նափո­­խուած հա­­յերու զգա­­լի մա­­սը սուննիացած է՝ յար­­մա­­­րուե­­լով առա­­ջադ­­րո­­­ւած պա­­հան­­ջին (ալե­­վիացու­­մը մաս­­նա­­­ւոր իրա­­վիճա­­կի հե­­տեւանք էր)։ Ներ­­կա­­­յին այդ բա­­ւարար չէ, սուննիացու­­մէն զատ անհրա­­ժեշտ է «թուրք» ըլ­­լալ։ Մինչդեռ իս­­լա­­­մացած հա­­յերուն մէջ ան­­հա­­­մեմատ շատ են «քրտա­­կան», մա­­սամբ՝ «արա­­բական» մի­­ջավայ­­րի սուննի­­ները, չխօ­­սելով ար­­դէն ալե­­վիացած­­նե­­­րու մա­­սին։ Ար­­դիւնքին իս­­լա­­­մացած-քրտա­­ցած հա­­յերը կրկին յայտնո­­ւած են թի­­րախա­­ւորո­­ւած ան­­ցանկա­­լինե­­րու շեր­­տին եւ նոր դժո­­ւարու­­թիւններ առա­­ջացած են անոնց ին­­տեգրման հա­­մար։

Առան­­ձին քննարկման հարց է հայ­­կա­­­կան մի­­ջավայ­­րին մահ­­մե­­­տական հա­­յերու «տե­­ղի փնտռտու­­քի» թե­­ման։ Սա պա­­կաս չի յու­­զեր այն իս­­լա­­­մացած հա­­յերուն, ով­­քեր թէ զգա­­յական, թէ վար­­չա­­­կան զգա­­լի դժո­­ւարու­­թիւննե­­րով նոյ­­նիսկ վե­­րաք­­րիստո­­նեանա­­լով իրենց մեր­­ժո­­­ւած կը զգան Թուրքիոյ հայ­­կա­­­կան հա­­մայնքի կող­­մէն։ Իս­­թանպու­­լի մտա­­ւորա­­կան հա­­յու­­հի­­­ներէն մէ­­կը պատ­­մեց տէր­­սիմցի տղա­­յի մը մա­­սին։ 2000թ. ան, ինքն իր դէմ եր­­կար պայ­­քա­­­րելէ ետք, սուս ու փուս կ՚եր­­թայ, կը դի­­մէ դա­­տարան, խնդրե­­լով իր անձնագ­­րի մէջ «մահ­­մե­­­տական»ի փո­­խարէն գրել «քրիս­­տո­­­նեայ», դա­­տարա­­նը հիմ­­նա­­­ւորե­­լով, որ իր պա­­պերուն հար­­կադրած են իս­­լա­­­մանալ եւ իր իս­­լա­­­մու­­թիւնը իր պա­­պի նկատ­­մամբ կի­­րառո­­ւած բռնու­­թեան հե­­տեւանք է։ Դա­­տարա­­նի որոշ­­մումով անձնա­­գիրը կը փո­­խուի, ողջ գոր­­ծընթա­­ցը կը տե­­ւէ եր­­կու շա­­բաթ, որ­­մէ ետք կը սկսի տղա­­յի առա­­ջին բուն հայ­­կա­­­կան տա­­ռապան­­քը։ Տղան կու գայ պատ­­րիար­­քա­­­րան՝ խնդրե­­լով իրեն եւ իր ըն­­տա­­­նիքին մկրտել եւ այստեղ կը վրդո­­վեն, որ ան «ինքնու­­րոյն քրիս­­տո­­­նեայ դար­­ձած է»։ Պէտք է ու­­սուցում անցնէր, պէտք է որո­­շուէր, ար­­դեօք ին­­քը «հա­­սու­­նա­­­ցա՞ծ է» քրիս­­տո­­­նեայ դառ­­նա­­­լու հա­­մար։ Կը սկսի քաշքշուք, տղա­­յին կ՚ու­­ղարկեն իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րէն թոյլտո­­ւու­­թիւն բե­­րելու, ան կը բա­­ցատ­­րէ, որ ինք ար­­դէն դա­­տարա­­նով հար­­ցը կար­­գա­­­ւորած է…։ Այս դէպ­­քի առ­­թիւ կը հրա­­ւիրո­­ւի թե­­մական խոր­­հուրդի նիստ, կար­­ծիքնե­­րը կը բա­­ժանո­­ւեն։ Թե­­մական խոր­­հուրդի նիս­­տին մաս­­նակցող մտա­­ւորա­­կան հա­­յու­­հին փոր­­ձում է հիմ­­նա­­­ւորել տղա­­յի իրա­­ւունքը, կ՚ըսէ, որ իրեն մկրտած են ման­­կա­­­հասակ շրջա­­նին, երբ ին­­քը ոչինչ չգի­­տեր եւ չէր հասկնար, որ ինքն ան­­տարբեր է իր կրօ­­նական պատ­­կա­­­նելու­­թեանը, բայց ահա այս տղան գի­­տակից ընտրու­­թիւն է կա­­տարած…։ Տղան այդպէս ալ կը վե­­րադառ­­նայ Տէր­­սիմ։ Ան­­շուշտ պատ­­րիար­­քա­­­րանի դիր­­քո­­­րոշու­­մը զգա­­լի չա­­փով, եթէ ոչ ամ­­բողջո­­վին պայ­­մա­­­նաւո­­րուած է թուրքա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րէն ու­­նե­­­ցած վա­­խով՝ «յան­­կարծ ու մի բան դուրս չի գայ»։ Միւս կող­­մէն միան­­գա­­­մայն հնա­­րաւոր է, որ հա­­յոց պատ­­րիար­­քա­­­րանը ներ­­քին կար­­գով բա­­նաւոր զգու­­շա­­­ցում ու­­նի ձեռնպահ մնալ «վե­­րահա­­յացու­­մը» խրա­­խու­­սե­­­լէն։ Ար­­դիւնքին զու­­գա­­­հեռա­­բար կ՚ըն­­դա­­­նան տա­­րատե­­սակ «վե­­րահա­­յացումներ»,-բո­­ղոքա­­կան եկե­­ղեցի­­ներուն մէջ, եւ­­րո­­­պական եր­­կիրնե­­րու եկե­­ղեցի­­ներուն մէջ, եր­­բեմն ալ՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Բայց զան­­գո­­­ւածա­­յինը այն կը դառ­­նայ, որ խու­­սա­­­փելու հա­­մար թէ թուրքա­­կան վար­­չա­­­կան քաշքշու­­քէն, թէ հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցի­­ներու խիստ զգու­­շա­­­ւոր կե­­ցուած­­քէն, ինչպէս նաեւ եւ­­րո­­­պական մի­­ջավայ­­րե­­­րու հետ շփո­­ւելու ար­­դիւնքին մահ­­մե­­­տական հա­­յերու առ­­նո­­­ւազն մի մա­­սի մէջ կը հա­­սու­­նա­­­նայ ինքնու­­թեան ար­­տա­­­յայտման մէջ էթ­­նիկ պատ­­կա­­­նելու­­թիւնը կրօ­­նակա­­նէն ան­­ջա­­­տելու ձգտու­­մը,- «եղ­­բայր, ես հայ եմ, բայց ի՞նչ կայ, որ մահ­­մե­­­տական եմ»։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այստեղ առ­­կայ են ընտրու­­թեան դժո­­ւարու­­թեան մի շարք նրբե­­րանգներ.

1- Ոմանք չգի­­տեն ինչ է «քրիս­­տո­­­նեայ» ըլ­­լա­­­լը, եւ ինչպէս քրիս­­տո­­­նեայ կ՚ըլ­­լան։ Ար­­դէն երկրորդ-եր­­րորդ սե­­րունդը մահ­­մե­­­տական է, գի­­տէ այդ կեն­­ցա­­­ղը, կ՚ապ­­րէ այդ մի­­ջավայ­­րի մէջ եւ կը վախ­­նայ փո­­փոխու­­թիւննե­­րէն՝ իր ան­­յայտ հե­­ռան­­կարնե­­րով։ Բայց կ՚ու­­զէր ար­­դէն բա­­ցայայտ հայ ըլ­­լալ, ոչ թէ կի­­սաթա­­քուն կամ թա­­քուն հայ։

2- Ոմանք կը շա­­րու­­նա­­­կեն ապ­­րիլ իրենց մահ­­մե­­­տական հա­­րազատ­­նե­­­րու, ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րու մի­­ջավայ­­րին, որ­­տեղ կոնկրետ իրենց «հայ» ըլ­­լա­­­լուն դէմ չեն, բայց խորթ կ՚ըլ­­լայ անոնց քրիս­­տո­­­նեայ ըլ­­լա­­­լը։

3- Ոմանք վստահ չեն Թուրքիոյ մէջ կա­­տարո­­ւող փո­­փոխու­­թիւննե­­րով, կը վախ­­նան կա­­պերը խզել Թուրքիոյ իս­­լա­­­մական աշ­­խարհէն։ Անոնց սո­­ցիալա­­կան յի­­շողու­­թեան մէջ «քրիս­­տո­­­նեան այդ երկրին դա­­տապար­­տո­­­ւած է» գի­­տակ­­ցութիւ­­նը ամուր նստած է։

4- Շա­­տերը չեն ու­­զեր գործ ու­­նե­­­նալ թրքա­­կան պե­­տական մար­­միննե­­րուն հետ, իրա­­ւաբա­­նօրէն ապա­­ցու­­ցած իրենց բռնի իս­­լա­­­մաց­­ման դէպ­­քը եւ պաշ­­տօ­­­նապէս ստա­­նալ ինքնու­­թեան փո­­փոխու­­թեան իրա­­ւունք։ Չնա­­յած օրէն­­քը թոյլ կու տայ, սա­­կայն պե­­տական մար­­միննե­­րը սո­­վորա­­բար դժկա­­մու­­թեամբ ըն­­դա­­­ռաջ կ՚եր­­թան, ստո­­րին օղակ­­նե­­­րու չի­­նով­­նիկնե­­րը կոշտ կը վա­­րուին դի­­մորդնե­­րու հետ, կը ձգձգեն, դժո­­ւար գտնո­­ւող ապա­­ցոյցներ կը պա­­հան­­ջեն եւ այլն։

5- Գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ որոշ վայ­­րե­­­րուն ար­­խիւնե­­րը կամ չեն պահ­­պա­­­նուել, կամ՝ բա­­նաւոր կ՚ըսո­­ւի, որ չեն պահ­­պա­­­նուիր, եւ նախ­­նի­­­ներու ինքնու­­թեան մա­­սին տե­­ղեկանքնե­­րը հնա­­րաւոր չըլ­­լար ձեռք բե­­րել։

6- Գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ շա­­տերը պար­­զա­­­պէս կ՚ամչնան, ան­­յարմար կը զգան ինքնու­­թեան փաս­­տաթղթե­­րը հա­­ւաքել մի մի­­ջավայ­­րի մէջ, որ­­տեղ վար­­ժո­­­ւած են իրենց մահ­­մե­­­տական հա­­մարել։

7- Ընդհուպ մին­­չեւ քսա­­նական թո­­ւական­­նե­­­րը Թուրքիոյ մէջ գրագ­­րութիւ­­նը օս­­մա­­­ներէ­­նով էր, արա­­բատառ էր, իսկ այ­­սօ­­­րուայ յատ­­կա­­­պէս գա­­ւառ­­նե­­­րու ստո­­րին օղա­­կի պաշ­­տօ­­­նեանե­­րը չեն տի­­րապե­­տեր այդ լե­­զուին, եւ այդ զգա­­լիօրէն կը դժուարաց­­նէ նախ­­նի­­­ներու ինքնու­­թիւննե­­րուն մա­­սին վկա­­յական­­նե­­­րու ձեռք բե­­րու­­մը։

8- Քրիս­­տո­­­նեայ հա­­յերն իրենք կ՚օտա­­րեն մահ­­մե­­­տական հա­­յերուն, եւ անոնց զգա­­լի մա­­սը կը վախ­­նայ, որ վե­­րահա­­յանա­­լու դէպ­­քին օտա­­րուած կ՚ըլ­­լայ թէ հայ­­կա­­­կան, թէ իս­­լա­­­մական մի­­ջավայ­­րե­­­րէն, քա­­նի որ փոր­­ձը ցոյց կը տայ, որ հայ­­կա­­­կան մի­­ջավայ­­րէն յա­­ճախ կ՚օտա­­րուի նոյ­­նիսկ քրիս­­տո­­­նեայ դար­­ձած նախ­­կին մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րը։

Յի­­րաւի, հա­­մարեա հա­­րիւր տա­­րուայ ըն­­թացքին հա­­սարա­­կու­­թեան մահ­­մե­­­տական հա­­տուա­­ծին որոշ չա­­փով ին­­տեգրո­­ւած այս մար­­դիկ կը վախ­­նան եր­­կու կող­­մէն ալ մեր­­ժո­­­ւած եւ օտա­­րուած ըլ­­լալ, իսկ իրենք նոյ­­նիսկ առան­­ձին հա­­մայնք չեն, ցրո­­ւած են ողջ Թուրքիոյ տա­­րած­­քին եւ թող­­նո­­­ւած են իրենք իրենց զգաց­­մունքնե­­րու եւ սո­­ցիալա­­կան պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան հետ մեն-մե­­նակ։

Միան­­գա­­­մայն մաս­­նա­­­ւոր խումբ են ալե­­վիացած հա­­յերը։ Անոնց մի մա­­սը, յատ­­կա­­­պէս քրման­­ջա­­­խօս ալե­­վինե­­րու մէջ ապ­­րողնե­­րը, մեծ չա­­փով մօտ են քրտա­­կան ինքնու­­թեան, եւ սո­­վորա­­բար նոյ­­նիսկ չեն ու­­զեր անդրա­­դառ­­նալ իրենց հայ­­կա­­­կան ծագ­­ման խնդիր­­նե­­­րուն։ Այլ է Տէր­­սի­­­մի մէջ եւ շրջա­­կանե­­րուն զա­­զախօս ալե­­վինե­­րու մէջ ալե­­վիացած հա­­յերու վի­­ճակը։ Նախ՝ անոնց մէջ հայ­­կա­­­կան էթ­­նիկ միաւո­­րը մնա­­ցած է ընդհուպ մին­­չեւ 1938թ. Տէր­­սի­­­մի բնակ­­չութեան ջար­­դե­­­րը։ Պահ­­պա­­­նուել են ամ­­բողջա­­կան հայ­­կա­­­կան, հա­­յախօս գիւ­­ղեր, աշ­­խա­­­տելիս եղած է նոյ­­նիսկ Տէր­­սի­­­մի մէջ հռչա­­կաւոր Հալ­­վո­­­րի Ս. Կա­­րապետ վան­­քը՝ հա­­յերու եւ ալե­­վինե­­րու հա­­ւասա­­րապէս պաշ­­տա­­­մունքի առար­­կան։ Անոնց վերջնա­­կան ալե­­վիացու­­մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է այդ դէպ­­քե­­­րէն ետք, երբ հա­­յերը ակնյայ­­տօ­­­րէն դար­­ձան տէր­­սի­­­մեան ջար­­դե­­­րու առա­­ջին թի­­րախը։

Տէր­­սի­­­մի մէջ հա­­յերու ալե­­վիանա­­լը զգա­­լիօրէն հին նա­­խապատ­­մութիւն ու­­նի։ Հա­­յերու զան­­գո­­­ւածա­­յին կրօ­­նափո­­խու­­թիւնը Տէր­­սի­­­մի մէջ սկսած էր առ­­նո­­­ւազն 17 դա­­րէն եւ 19 դա­­րի հա­­սած էր մի աս­­տի­­­ճանի, որ ոչ միայն ար­­տա­­­քուստ դժո­­ւար էր տար­­բե­­­րել հա­­յերուն ու ալե­­վինե­­րուն, այ­­լեւ ալե­­վիական սո­­ցիալ-մշա­­կու­­թա­­­յին կեան­­քը մեծ չա­­փով նման էր հայ­­կա­­­կանին։ Կրօ­­նափո­­խու­­թիւնը սո­­վորա­­բար ան­­հատնե­­րով չէր, այլ՝ ամ­­բողջ բնա­­կավայ­­րով, մեծ մա­­սամբ՝ գիւ­­ղե­­­րով։ Ալե­­վիացող եւ սուննիացող հա­­յերը արա­­գօրէն կը նե­­րառո­­ւէին Տէր­­սի­­­մի ներ­­քին հա­­մապա­­տաս­­խան սո­­ցիալա­­կան շեր­­տե­­­րու մէջ՝ այս կամ այն աշի­­րեթի շրջա­­նակ­­նե­­­րուն մէջ։ Նախ­­կին հա­­յերը եր­­բեմն առան­­ձին աշի­­րեթ­­ներ կը կազ­­մէին եւ, հե­­տեւե­­լով Տէր­­սի­­­մի ներ­­քին կա­­նոն­­նե­­­րուն, զէն­­քի ու­­ժով իրենց տե­­ղը կը գրա­­ւէին միւս աշի­­րեթ­­նե­­­րու շար­­քին։ Ալե­­վի կո­­չուող բնակ­­չութեան զգա­­լի մա­­սը հիանա­­լի կը յի­­շէր իր հայ­­կա­­­կան ծա­­գու­­մը, աւե­­լին, ըն­­թացքի մէջ էին իրենց հայ մնա­­ցած ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րու հետ դե­­ռեւս չխզո­­ւած կա­­պերը։

Ալե­­վիացած հա­­յերը կը շա­­րու­­նա­­­կէին բազ­­մա­­­թիւ նա­­խաք­­րիստո­­նէական եւ նոյ­­նիսկ քրիս­­տո­­­նէական ծէ­­սեր, տէր­­սի­­­մեան «ալե­­վիզ­­մի» մէջ բազ­­մա­­­թիւ քրիս­­տո­­­նէական եւ մա­­քուր հայ­­կա­­­կան տար­­րեր են միաձու­­լո­­­ւած։ Ալե­­վիական բա­­նաւոր աւան­­դազրոյցնե­­րու մէջ կ՚ընդհան­­րա­­­նան հա­­յերու եւ Տէր­­սի­­­մի մէջ յայտնո­­ւած ալե­­վինե­­րու ինչպէս ծա­­գումնա­­բանա­­կան, այնպէս ալ սո­­ցիալ-կրօ­­նական ան­­ցեալը։ Տէր­­սի­­­մի ալե­­ւինե­­րու «մա­­սալա­­ներու»՝ պատ­­մութիւննե­­րու դե­­րակա­­տար­­նե­­­րուն մեծ մա­­սը տե­­ղական «հայ քե­­շիշը» եւ եկո­­ւոր «բա­­բան» են, Ս. Գէոր­­գը («Հազ­­րե­­­թի Իլ­­յաս», «Խը­­տըր Էլիա»), Ս. Սար­­գի­­­սը («Հազ­­րե­­­թի Խը­­զըր»), Անա­­հիտ Աս­­տո­­­ւածու­­հու յատ­­կութիւննե­­րը ժա­­ռան­­գած «Անա Ֆա­­թիման» եւ Անա­­հիտի նախ­­կին սրբա­­վայ­­րե­­­րը, նոյ­­նիսկ՝ Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցը («Մաս­­րուպ») եւ այլն, ով­­քեր տար­­բեր ձե­­ւերով դե­­րեր ու­­նին տէր­­սիմցի­­ներու պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալին։ Հայ­­կա­­­կան Հա­­լուո­­րի Ս. Կա­­րապետ վան­­քը, մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նէր տէր­­սիմցի հա­­յերուն եւ ղը­­զըլ­­պաշնե­­րուն առ­­ջեւ… Ան՝ Հա­­լուո­­րու Ս. Կա­­րապետ, ամէ­­նու հա­­մար է, իսկ ամէ­­նը՝ անոր հա­­մար։ Պա­­տահա­­կան չէ, որ 1937թ. թուրքա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու Տէր­­սի­­­մի բնակ­­չութեան դէմ ջար­­դե­­­րը սկսե­­ցին հէնց Հա­­լուո­­րի Ս. Կա­­րապետ վան­­քի պայ­­թե­­­ցու­­մով։ Հի­­մա այդ վան­­քի տա­­րած­­քը ամ­­բողջո­­վին «մաք­­րո­­­ւած է», ոչինչ չկայ, նոյ­­նիսկ աւե­­րակ­­նե­­­րը չկան, բայց այդ տա­­րած­­քը կը շա­­րու­­նա­­­կէ սրբա­­զան հա­­մարո­­ւիլ եւ Տէր­­սի­­­մի բնակ­­չութեան կա­­րեւոր ուխտա­­վայրն է։ Տա­­րած­­քին հո­­վուու­­թեամբ կը զբա­­ղուի թուրքա­­կան ինքնու­­թեամբ մի ալե­­վի, եւ կը պատ­­մէ, որ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րը յա­­ճախ կու գան, իրե­­նից այծ կամ ոչ­­խար կը գնեն եւ մա­­տաղ կ՚անեն վան­­քէն մնա­­ցած քա­­րերու կոյ­­տի վրայ։

 

 

Յապաւումով ըն­­դօ­­­րինա­­կուած lragir.am կայ­­քէն

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ