ԹԱՐԼԱՊԱՇԻԻ ՌՈՒՓԸ

Անձայնութիւն կը տիրէր, ուր որ է պիտի լսես նստած ձիւնի վրայ իյնող փաթիլներու ձայնը։ Երկու օր շարունակ ձիւն տեղաց։ Կը շրջէի Թարլապաշիի փողոցները ու կը լուսանկարէի։ Անկիւնը դարձայ ու հանդիպեցայ փլատակի վերածուած տունի մը։ Տանիք չէր մնացած։ Քանի մօտենամ, յայտնի- անյայտ փսփսուքներ ու խշրտոցներ լսեցի։ նախ ոչ ոք տեսած էի։ Յետոյ նշմարեցի երկու երեխաներ, որոնք կերպընկալ տոպրակի մը ձիւն կը լեցնէին։ Զիս տեսնելով ժպտացին։ Հարցուցի թէ ինչո՞ւ ձիւն կը հաւաքեն։

Աղջնակը պատմեց թէ իրենց փողոցի ձիւնը կեղտոտ է, այստեղէն մաքուր ձիւն պիտի տանի տուն, ապա վրան խաղողի ռուփ թափելով պիտի ուտեն։ Կարծես ճամբորդեցի տարիներու հոլովոյթով։ Ղամիշլիի մասին իմ հնագոյն յիշատակը ձիւնի հետ առնչուած էր։ Իմ ծննդավայրի մէջ առաջին եւ վերջին անգան հանդիպած էի ձիւնին։ Կ՚երեւի չորս տարեկաններուս եմ։ Ձիւնը ամբողջ օր տեղած էր։ Յստակ կը յիշեմ ձիւնի փաթիլներուն փողոցի լապտերի լոյսին տակ փայլելու պատկերը։ Փողոցը բոլորովին ծածկուած էր ձիւն կոչուած այդ տարօրինակ բանով։

Շատ գեղեցիկ տեսարան էր։ Մեր տան առջեւն ենք, ճամբուն

վրայ։ Կարծես գաղտնի գանձ մը կը փնտռենք, այդպէս յուզում մը պատած էր բոլորս։ Բաւական բազմութիւն էինք։ Անոնցմէ հայրս, մեծմայրս ու երկու զարմիկներս դրոշմուէր են յիշողութեանս մէջ։

Հայրս, ձեռքին պարապ մեծ ալումինէ սանով մը,

ամենաերջանիկը կ՚երեւէր։ Չեմ մոռնար դէմքի այդ լայն ժպիտը։ Չէի հասկցած թէ ի՞նչ կը փնտռեն։ Հայրս ու մեծմայրս իրարու բաներ մը կ՚ըսեն, ձիւնին կուտակուած տեղերը ցոյց կու տան եւ հոնկէ հոն կը ոստոստեն ձիւնածածկ փողոցին վրայ։ Վերջապէս հայրս սանը մխրճեց ձիւնակոյտի մը վրայ ու մինչեւ ափը լեցուց ձիւնով, «այս գործ կը տեսնէ»։ Շուտով տուն մտանք։ Մայրս, որ մեզ կ՛սպասէր, սրճագոյն հեղուկով լեցուն ապակի աման մը բերաւ ու մէջինը պարպեց ձիւնին վրայ։ Յետոյ ամէն մէկը ապուրի մը դքալով ինկան մէջը, կարծես աշխարհի ամենահամեղ բանը կ՚ուտէին։ Մայրս ինծի ալ դքալ մը տուաւ, հիանալի էր։

Ամառները, փողոցը ծախուած, վրան բալի հիւթով ծածկուած

սառոյցի շերտերը կը յիշեցներ։ Հայրս անընդհատ «Աստուած

վկայ այս ձիւնը հրաշալի եղաւ ռուփով» կ՚ըսէր ու կ՚աւելցնէր՝ «ուր որ է Տիյարպեքիրին կը նմանի։ Հայրս առաջին անգամ այդքան ուրախ տեսած էի։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ