Մահուան առաջին լսումներ Թուրքիոյ բանտերու մէջ

Քորոնա ժահ­­րը առա­­ջին յայտնո­­ւած օրե­­րէն հա­­շուե­­լով բա­­ւակա­­նին ու­­շա­­­ցու­­մով յայտնո­­ւեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Առող­­ջա­­­պահու­­թեան Նա­­խարար Ֆահ­­րետտին Քո­­ճա, երբ կը յայ­­տա­­­րարէր առա­­ջին վա­­րակ­­ման դէպ­­քը Մար­­տի 11-ն էր։ Այդ օրէն այ­­սօր ժահ­­րով մա­­հացած­­նե­­­րու թի­­ւը կը մօ­­տենայ 1500-ի սահ­­մաննե­­րուն։

Դէպ­­քի յայտնու­­թիւնով մտա­­հոգու­­թիւններ ծա­­գած էին հա­­ւաքա­­կան վայ­­րե­­­րու մա­­սին։ Թէեւ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը իս­­կոյն դադ­­րե­­­ցուց դպրո­­ցական ու­­սումը կրթա­­կան հա­­մակար­­գը վե­­րածե­­լով հե­­ռակայ ուսման ծրագ­­րին։ Սա­­կայն ծանր սպառ­­նա­­­լիքի հետ դէմ առ դէմ էին զօ­­րանոց­­նե­­­րը եւ բան­­տե­­­րը։ Կա­­սեցո­­ւեցաւ նոր զի­­նակո­­չիկ­­նե­­­րու հա­­ւաք­­ման գոր­­ծընթա­­ցը։ Իսկ բան­­տարկեալ­­նե­­­րու հա­­մար նա­­խատե­­սուե­­ցաւ պատ­­ժա­­­կան օրէն­­քի կա­­նոն­­նե­­­րու մէջ կա­­տարո­­ւելիք բա­­րեփո­­խումնե­­րով մեծ թի­­ւով բան­­տարկեալ­­նե­­­րը ազատ ար­­ձա­­­կելու մա­­սին լու­­ծում մը։ Սա­­կայն այստեղ Էր­­տո­­­ղանի կա­­ռավա­­րու­­թեան հե­­տապնդած նա­­խապա­­տուու­­թիւննե­­րը լուրջ անար­­դա­­­րու­­թիւննե­­րու ճամ­­բայ բա­­ցին։ Այժմ Խորհրդա­­րանի մէջ վերջնա­­կան ձե­­ւը գտնող կա­­նոնագ­­րի հա­­մաձայն ազատ կ՚ար­­ձա­­­կուին հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ ծան­­րօ­­­րէն դա­­տապար­­տո­­­ւած վայ­­րագ ոճիր­­նե­­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րը։ Փո­­խարէ­­նը այս բա­­րեփո­­խու­­թեան ընձե­­ռած առիթ­­նե­­­րէն կը զրկո­­ւին, բո­­լոր քաղ­­բանտար­­կեալ­­նե­­­րը։ Բազ­­մա­­­թիւ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ, լրագ­­րողներ, մար­­դու իրա­­ւունքի պաշտպան­­ներ, փաս­­տա­­­բան­­ներ կամ կարճ խօս­­քով ամէն տե­­սակ ընդդի­­մադիր­­ներ զերծ կը պա­­հուին պատ­­րաստո­­ւած կա­­նոնագ­­րէն եւ կը շա­­րու­­նա­­­կեն մնալ բան­­տի մէջ։ Ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը այս մեր­­ձե­­­ցու­­մը կը դա­­տապար­­տէին պնդե­­լով, որ նման կար­­գադրու­­թիւնով անոնք մա­­հուան գիր­­կը նե­­տուած են։

Այս տե­­սակի առար­­կութիւննե­­րուն ամե­­նաբարձր հնչած օրե­­րուն էր, որ Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան Նա­­խարար Մեվ­­լուտ Չա­­ւու­­շօղլու առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով յայ­­տա­­­րարեց բան­­տի պայ­­մաննե­­րու մէջ մա­­հացող­­նե­­­րու մա­­սին տո­­ւեալ­­ներ։ Նա­­խարա­­րին փո­­խան­­ցած տե­­ղեկու­­թեան հա­­մաձայն ար­­դէն իսկ մա­­հացած են 3 բան­­տարկեալ­­ներ եւ 17 բան­­տարկեալ­­ներ ալ վա­­րակո­­ւած են «Քո­­վիտ 19» ժահ­­րով։

Բնա­­կանա­­բար այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը ալ աւե­­լի բարձրա­­ցուցած է բան­­տարկեալ­­նե­­­րու մա­­սին մտա­­հոգու­­թիւնը։ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը իր այս ռազ­­մա­­­վարու­­թեամբ մի­­ջազ­­գա­­­յին գետ­­նի վրայ ալ կը հան­­դի­­­պի զա­­նազան քննադատութիւններու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ