24 Ապրիլ առանց զանգուածային մասնակցութեամբ

Ինչպէս որ Ս. Զատկի տօնը առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցիներէ հեռու նշեցինք, այս տարի յայտնի է թէ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքն ալ կառուցումէն այս կողմ թերեւս առաջին անգամ այցելուներ պիտի չ՚ընդունի։ Այս մասին յայտարարութիւնը եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէ։ Փաշինեան «Թուիթըրեան» գրառումով տեղեկացուց թէ, այս տարի պիտի չկայանայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը եւ ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին առջեւ միայն պաշտօնական անձանց մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակման կարգը։

Վարչապետը յայտնեց նաեւ, թէ զանց պիտի առնուին բոլոր այն յիշատակման կամ ոգեկոչման հանդէսները, որոնք ցարդ կը կատարուէին զանգուածային մասնակցութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ