Հայաստան կը հերքէ Թրքական պնդումները

Բոլորովին ան­­կա­­­պակից կեր­­պով Թուրքիոյ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի Զատ­­կի նա­­խօրեակին Սա­­հակ Բ.-ի հետ ու­­նե­­­ցած հե­­ռախօ­­սազ­­րոյցի ըն­­թացքին նիւթ դար­­ձած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի դե­­ղօրեայ­­քի օգ­­նութեան խնդի­­րը։ Ապա նա­­խագա­­հի բան­­բեր Իպ­­րա­­­հիմ Քա­­լըն եւս յայ­­տա­­­րարած էր Թուրքիոյ կող­­մէ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Իս­­րա­­­յէլի կա­­տարո­­ւելիք բժշկա­­կան օգ­­նութեան մա­­սին։

Նիւ­­թը առա­­ջին հեր­­քո­­­ղը եղաւ ՀՀ Արտ Գործ Նա­­խարա­­րու­­թեան բան­­բեր Ան­­նա Նաղ­­տա­­­լեան։ Ան նախ բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ թուրքիաբ­­նակ հա­­յաս­­տանցի­­ներու իրենց եր­­կի­­­րը վե­­րադառ­­նա­­­լու գոր­­ծընթա­­ցի մա­­սին։

Նաղ­­տա­­­լեա

ն թէեւ խու­­սա­­­փեցաւ Պատ­­րիար­­քի եւ Թուրքիոյ նա­­խագա­­հի մի­­ջեւ ան­­ցած զրոյ­­ցի մա­­սին մեկ­­նա­­­բանու­­թիւն ընե­­լէ, բայց յստա­­կօրէն յայտնեց որ իր երկրի օրա­­կար­­գին վրայ նման նիւթ մը չկայ։

Միւս կող­­մէ Չի­­նաս­­տա­­­նի Հա­­յաս­­տա­­­նի ուղղեալ բժշկա­­կան օգ­­նութիւ­­նը եւ այս օգ­­նութեան վրա­­յի բա­­րեմաղ­­թանքը եւս բա­­նավէ­­ճի նիւթ դար­­ձած է Թուրքիոյ մէջ։

Այս վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րու հի­­ման վրայ ՀՀ Արտ Գործ Նա­­խարա­­րու­­թիւնը նոր յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ընե­­լով պա­­տաս­­խա­­­նեց Թուրքիոյ կող­­մէ հնչած պնդումնե­­րուն։ «Նա­­խարա­­րու­­թիւնս Թուրքիոյ եւ Վրաս­­տա­­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն հետ բա­­նակ­­ցութիւններ վա­­րած է այդ երկրի մէջ գտնո­­ւող մեր քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն Հա­­յաս­­տան վե­­րադար­­ձի առու­­մով։ Այս նիւ­­թէն զատ որե­­ւէ խնդիր օրա­­կար­­գի չէ եկած» կ՚ըսո­­ւի Հա­­յաս­­տա­­­նի Արտ Գործ Նա­­խարա­­րու­­թեան պա­­տաս­­խա­­­նին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ