Արշաւ ցեղասպանութեան յիշատակման առթիւ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան 105-րդ տա­­րելի­­ցը ոգե­­կոչե­­լու նպա­­տակով ի մի եկած գա­­ղու­­թա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը՝ Միացեալ հա­­յերու Լոս Ան­­ճե­­­լըսի խոր­­հուրդը (UACLA), Միացեալ հայ երի­­տասարդնե­­րը (UYA) եւ Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յանձնա­­խումբը (AGC), նկա­­տի ու­­նե­­­նալով «Քո­­րոնա» ժահ­­րին պար­­տադրած սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րը, որո­­շած են մին­­չեւ Ապ­­րիլ 24 իրա­­կանաց­­նել դրա­­մահա­­ւաք մը, օժան­­դա­­­կու­­թեան ձեռք եր­­կա­­­րելու հա­­մար 1,5 մի­­լիոն կա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րու։

Ար­­դա­­­րեւ, Ապ­­րիլ 24-ին տե­­ղի պի­­տի չու­­նե­­­նան Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան 105րդ տա­­րելի­­ցը ոգե­­կոչե­­լու հա­­մար ծրագ­­րուած մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը՝ դէ­­պի Մոն­­թե­­­պել­­լո­­­յի Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան զո­­հերու յի­­շատա­­կին նո­­ւիրո­­ւած յու­­շարձա­­նը ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը եւ հո­­գեհանգստեան պաշ­­տօ­­­նը, Ար­­դա­­­րու­­թեան քայ­­լարշա­­ւը՝ Փոք­­րիկ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ եւ Լոս Ան­­ճե­­­լըսի մօտ Թուրքիոյ հիւ­­պա­­­տոսու­­թեան առ­­ջեւ բո­­ղոքի ցոյ­­ցը, որոնց փո­­խարէն, առա­­ւօտեան ժա­­մը 10-էն սկսեալ պի­­տի իրա­­կանա­­ցուի ոգե­­կոչ­­ման առ­­ցանց յայ­­տա­­­գիր մը, որուն ըն­­թացքին ելոյթներ պի­­տի ու­­նե­­­նան պե­­տական պաշ­­տօ­­­նատար­­ներ եւ հա­­մայնքա­­յին ու կրօ­­նական առաջ­­նորդներ։ Պի­­տի սփռո­­ւի նաեւ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման, ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ վնա­­սուց հա­­տու­­ցում պա­­հան­­ջե­­­լուն նո­­ւիրո­­ւած քննար­­կումներ եւ այլ ներ­­կա­­­յացումներ։

Նշեալ­­նե­­­րուն կող­­քին, ար­­դէն իսկ ըն­­թացքի մէջ է Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան 1,5 մի­­լիոն զո­­հերուն յի­­շատա­­կին կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած դրա­­մահա­­ւաքը, նոյն թի­­ւով կա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րու ու­­տեստե­­ղէն ապա­­հովե­­լու նպա­­տակով։ Գի­­տակ­­ցե­­­լով «Քո­­րոնա» ժահ­­րին հե­­տեւան­­քով նման կա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րու թի­­ւին հսկա­­յական աճը եւ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան օրե­­րուն Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու ժո­­ղովուրդին կող­­մէ հա­­յու­­թեան հաս­­ցո­­­ւած նպաստնե­­րը, այս ար­­շա­­­ւը շատ լաւ առիթ մըն է շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­լու Միացեալ Նա­­հանգնե­­րուն։

Ու­­տեստե­­ղէնը կա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րուն պի­­տի հաս­­նի «Feeding America» կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մի­­ջոցաւ։

Ար­­շա­­­ւին մաս­­նակցե­­լու հա­­մար այ­­ցե­­­լել www.1915neveragain.org/donate կամ www.facebook.com/donate/2535657589979667/2535726833306076/ կայ­­քէ­­­ջերը։

(Ար­­տատպո­­ւած «Աս­­պա­­­րէզ» օրա­­թեր­­թէն)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ