«Նոր Զարթօնք» եւ «ՏուրՏէ» առցանց կը յիշատակեն ցեղասպանութիւնը

Իսթանպուլահայ երի­­տասարդնե­­րու նա­­խաձեռ­­նութեամբ հիմ­­նո­­­ւած «Նոր Զար­­թօնք» շար­­ժումը կազ­­մա­­­կեր­­պած է եռօ­­րեայ վի­­տէօ բա­­նախօ­­սու­­թիւններ Սա­­յաթ Թե­­քիրի զրու­­ցա­­­վարու­­թեամբ։

22 Ապ­­րիլ 2020 Չո­­րեք­­շաբթի օր Հա­­յաս­­տա­­­նի ժա­­մով 19.00-ին փաս­­տա­­­բան Առ­­նօ Քա­­լայ­­ճը թրքե­­րէնով, ժա­­մը 20.00-ին ըն­­կե­­­րային մար­­դա­­­բան Հրակ Փա­­փազեան հա­­յերէ­­նով, քա­­ղաքա­­գէտ Մա­­նուկ Աւե­­տիքեան հա­­յերէ­­նով եւ 23-ին ալ Ար­­ժանդի­­նահայ Մշա­­կու­­թա­­­յին Միու­­թեան Նա­­խագահ Ատ­­րիան Լոմ­­լոմ­­ճեան հա­­յերէ­­նով ելոյթ պի­­տի ու­­նե­­­նան։

23 Ապ­­րի­­­լի ատե­­նախօս­­ներն են ժա­­մը 19.00-ին պատ­­մա­­­բան փրոֆ. Ու­­ղուր Իւ­­միթ Իւնկէօր թրքե­­րէնով, պատ­­մա­­­բան Այ­­շէ­­­նուր Քորքմազ հա­­յերէ­­նով ժա­­մը 20.00-ին, հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ եւ գրող Թայ­­ֆուն Պալ­­չըք թրքե­­րէնով ժա­­մը 22.00-ին, «Նոր Զար­­թօնք»ի կազ­­մէն քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ Մու­­րատ Մխճը ալ ժա­­մը 23.00-ին թրքե­­րէնով պի­­տի ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւին։

24 Ապ­­րի­­­լի ատե­­նախօս­­ներն են Ռա­­կըպ Զա­­րաքօ­­լու, Անի Պա­­լըք­­չը, Արա Սա­­րաֆեան, Լեռ­­նա Էք­­մեքճիօղ­­լու եւ Մե­­լիսա Պի­­լալ։ Ու­­ղիղ սփրու­­մին կա­­րելի է հե­­տեւիլ www.facebook.com/NorZartonk/live կա­­պով։

Իս­­թանպու­­լի մէջ նա­­խորդ տա­­րինե­­րու ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յի­­շատակ­­ման հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րու գլխա­­ւոր կազ­­մա­­­կեր­­պիչ «ՏուրՏէ» հար­­թա­­­կը եւս ծրագ­­րած է առ­­ցանց ասու­­լիս մը «Թի­­մատետր»ի մի­­ջոցաւ։ «Կը յի­­շենք 24 Ապ­­րի­­­լի մեր կո­­րուստնե­­րը» խո­­րագ­­րեալ մի­­ջոցա­­ռու­­մը 24 Ապ­­րիլ ուրբաթ օր ժա­­մը 19.00 պի­­տի սկսի։ 19.15-ին դե­­րասան Տե­­նիզ Թիւրքա­­լի պի­­տի ար­­տա­­­սանէ այս տա­­րուայ մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը։ Իսկ 19.30-ին պի­­տի կա­­յանայ ասու­­լի­­­սը, որուն ատե­­նախօս­­ներն են Պեր­­րին Սէօն­­մեզ, Յով­­հաննէս Քը­­լըչ­­տա­­­ղը, Ռո­­պէր Քոփ­­թաշ, Թա­­նէր Աք­­չամ եւ Շե­­նոլ Գա­­րագաշ։ Այս մի­­ջոցա­­ռու­­մին ալ կա­­րելի է հե­­տեւիլhttps://www.facebook.com/DurDe.Platformu/posts/101583052270640775 կապով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ