Կարօ Փայլան կը պահանջէ

ՀՏՓ կուսակցութեան Տիյարպէքիրի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտումը պահանջող աղերսագիր մը յղեց Թուրքիոյ Խորհրդարանին։ Ստորեւ թարգմանաբար մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Փայլանի դիմումը։

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ.- Թուրքիոյ խորհրդա­­րանի Տիգ­­րա­­­նակեր­­տէն ընտրո­­ւած պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի գրա­­սենեակէն ստա­­ցանք հե­­տեւեալ հա­­ղոր­­դագրու­­թիւնը.

«Ապ­­րիլ 24-ը Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ոգե­­կոչ­­ման օրն է։ 24 Ապ­­րիլ 1915-ին, Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան մայ­­րա­­­քաղա­­քին մէջ, կա­­ռավա­­րու­­թեան իսկ որո­­շու­­մով, ձեր­­բա­­­կալո­­ւեցաւ եւ աք­­սո­­­րի են­­թարկո­­ւեցաւ արեւմտա­­հայ մտա­­ւորա­­կան ընտրա­­նին, որուն մեծ մա­­սը ապա պի­­տի սպան­­նո­­­ւէր Անա­­տոլո­­ւի տա­­փաս­­տաննե­­րուն վրայ։

1915-ին եւ անոր վա­­ղոր­­դայնին գոր­­ծադրո­­ւած ոչնչա­­ցու­­մի ծրագ­­րո­­­ւած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, երբ տար­­բեր եր­­կիրնե­­րու խորհրդա­­րան­­նե­­­րուն մէջ կը քննար­­կո­­­ւի, հա­­մահունչ կը նկա­­տուի ՄԱԿ-ի կող­­մէ սահ­­մա­­­նուած Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յան­­ցա­­­գոր­­ծութեան։ Մինչդեռ հայ ժո­­ղովուրդին պա­­տահած այս մեծ աղէ­­տէն աս­­դին 105 տա­­րի ան­­ցած ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ, Թուրքիոյ խորհրդա­­րանին կող­­մէ նիւ­­թը չէ քննար­­կո­­­ւած, ար­­դա­­­րու­­թիւնը չէ վե­­րականգնած եւ պա­­տահա­­ծը չէ ստա­­ցած իր գնա­­հատա­­կանը։ Աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յու­­թիւնը դա­­րէ մը ի վեր ար­­դա­­­րու­­թեան կը սպա­­սէ, ինչ որ կա­­րելի է հաս­­տա­­­տել միայն Թուրքիոյ ժո­­ղովուրդնե­­րու հա­­սարա­­կաց խիղ­­ճին հի­­ման վրայ ու Թուրքիոյ խորհրդա­­րանին մէջ։

Այդ ժա­­մանա­­կուան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն որո­­շու­­մին հա­­մաձայն գոր­­ծադրո­­ւած Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը ճշդե­­լու, ու­­շա­­­ցած ար­­դա­­­րու­­թիւնը վե­­րականգնե­­լու նպա­­տակով՝ կ՚առա­­ջար­­կեմ խորհրդա­­րանա­­կան հե­­տաքննու­­թիւն մը՝ սահ­­մա­­­նադ­­րութեան 98-րդ ու ներ­­քին կա­­նոնագ­­րութեան 104-րդ ու 105-րդ յօ­­դուած­­նե­­­րուն հա­­մաձայն։

Հիմ­­նա­­­ւորում

24 Ապ­­րիլ 1915ին, իթ­­թի­­­հատա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թեան որո­­շու­­մով եւ հայ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րու, մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու, գրող­­նե­­­րու ձեր­­բա­­­կալու­­մով ու աք­­սո­­­րով սկսած գոր­­ծընթա­­ցը աւար­­տե­­­ցաւ հայ ժո­­ղովուրդի՝ իր պա­­պենա­­կան հո­­ղերէն տա­­րագ­­րումով եւ աք­­սո­­­րի ճամ­­բա­­­ներու վրայ գոր­­ծադրո­­ւած կո­­տորա­­ծով։

Շրջա­­նի ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Թա­­լեաթ փա­­շայի անձնա­­կան թղթած­­րարնե­­րուն հա­­մաձայն՝ գի­­տենք, որ 1914-1917 թո­­ւական­­նե­­­րուն մի­­ջեւ ոչնչա­­ցուած է օս­­մա­­­նեան սահ­­մաննե­­րէն ներս ապ­­րող հա­­յերուն 77 տո­­կոսը։ 1915ին սկսած տա­­րագ­­րութիւ­­նը եւ հե­­տագա­­յին գոր­­ծադրո­­ւած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, զի­­նուո­­րական եւ նմա­­նօրի­­նակ նպա­­տակ­­նե­­­րէն աւե­­լի, բա­­ցայայ­­տօ­­­րէն յայտնի կը դարձնէ, որ եղա­­ծը մէկ մասն ՝ օս­­մա­­­նեան տա­­րած­­քին վրայ հայ ժո­­ղովուրդն հետ­­քը ջնջե­­լու ջան­­քին։

Տա­­րագ­­րութեան օրէն­­քը հայ ժո­­ղովուրդը ոչնչաց­­նե­­­լու նպա­­տակ հե­­տապնդե­­լով հան­­դերձ, մեծ կո­­րուստ պատ­­ճա­­­ռած է նաեւ երկրի սահ­­մաննե­­րէն ներս բնա­­կող ասո­­րի, քաղ­­դէացի, էզի­­տի, յոյն եւ միւս քրիս­­տո­­­նեայ ժո­­ղովուրդնե­­րուն։ Գոր­­ծադրո­­ւած քա­­ղաքա­­կանու­­թեան իբ­­րեւ ար­­դիւնք՝ վանք, եկե­­ղեցի, դպրոց եւ նման բազ­­մա­­­թիւ մշա­­կու­­թա­­­յին կա­­ռոյցներ եւ ան­­հատնե­­րու պատ­­կա­­­նող կա­­լուած­­ներ կո­­ղոպ­­տո­­­ւած կամ պե­­տական որո­­շու­­մով գրա­­ւուած են։

1915-ին եւ անոր վա­­ղոր­­դայնին գոր­­ծադրո­­ւած ոչնչա­­ցու­­մի ծրագ­­րո­­­ւած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը քննար­­կո­­­ւած է բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրնե­­րու խորհրդա­­րան­­նե­­­րուն մէջ եւ հա­­մահունչ նկա­­տուած՝ ՄԱԿ-ի «Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւ­­նը» բնո­­րոշող յօ­­դուած­­նե­­­րուն։

Հա­­կառակ հայ ժո­­ղովուրդին են­­թարկուած աղէ­­տէն ան­­ցած 105 տա­­րինե­­րուն, նիւ­­թը քննո­­ւած չէ Թուրքիոյ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովին կող­­մէ, հաս­­տա­­­տուած չէ ար­­դա­­­րու­­թիւնը ու կա­­տարո­­ւածին գնա­­հատա­­կան մը չէ տրո­­ւած։ Ճիշդ այս պատ­­ճա­­­ռով, հա­­յոց պա­­տահած մեծ աղէ­­տը պէտք է քննար­­կո­­­ւի Թուրքիոյ խորհրդա­­րանին մէջ։

Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան, որուն հետ առե­­րեսում չէ կա­­տարո­­ւած 105 տա­­րիէ ի վեր եւ են­­թարկո­­ւած է ան­­տե­­­սու­­մի, Թուրքիոյ խորհրդա­­րանին մէջ քննար­­կումը չա­­փազանց կա­­րեւոր է հան­­րա­­­յին խա­­ղաղու­­թիւն ապա­­հովե­­լու եւ ճշմար­­տութիւ­­նը բա­­ցայայ­­տե­­­լու հա­­մար։

Այդ օրե­­րու իշ­­խա­­­նու­­թիւնը քա­­ղաքա­­կան որո­­շու­­մով մը ոչնչա­­ցուց հայ ժո­­ղովուրդը։ Այս մեծ ոճի­­րին ար­­դա­­­րու­­թիւնն ալ կրնայ հաս­­տա­­­տուիլ միայն խորհրդա­­րանին քա­­ղաքա­­կան որո­­շու­­մով։

Այս շրջա­­գիծին մէջ կ՚առա­­ջար­­կենք պատ­­շաճ քայ­­լը կա­­տարել խորհրդա­­րանա­­կան հե­­տաքննու­­թիւն մը սկսե­­լու հա­­մար՝ 1915-ին հայ ժո­­ղովուրդին են­­թարկո­­ւած աղէ­­տը ու­­սումնա­­սիրե­­լու, պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը ու ոճ­­րա­­­գործնե­­րը ճշդե­­լու, ան­­ցեալին հետ առե­­րեսո­­ւելու եւ ու­­շա­­­ցած ար­­դա­­­րու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու նպատակով»։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ