Սուրբ Սոֆիայի տաճարը խորհրդանշական կռուախնձոր

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ կրօ­նամոլ շրջա­նակ­ներ ու­նին խորհրդան­շա­կան կարգ մը նիւ­թեր, որոնք յա­ճախա­կի կեր­պով օրա­կար­գի կու գան, այս կամ այն կրօ­նամէտ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի կող­մէ։ Եթէ անոնցմէ առա­ջինն էր Թաք­սի­մի հրա­պարա­կին վրայ իշ­խող մզկիթ մը կա­ռու­ցե­լու ցան­կութիւն, ան­մի­ջապէս երկրորդն է Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարին մէջ իս­լա­մական պաշ­տա­մունք կա­տարել։ Առա­ջինը ար­դէն իրա­կանա­ցած է շնոր­հիւ նա­խագահ էր­տո­ղանի ջան­քե­րուն։ Թաք­սի­մի հրա­պարա­կին վրայ բարձրա­ցած է մզկիթ մը, որուն շինու­թիւնը շու­տով կը հաս­նի իր աւար­տին։ Այդ մզկի­թը տա­րածաշրջա­նի մէջ աղօ­թատե­ղիի մը պա­հան­ջէն աւե­լի կա­ռու­ցո­ւեցաւ բար­դոյթ մը յա­գեց­նե­լու նպա­տակով։ Իսկ հի­մա իշ­խա­նու­թիւնը յա­ճախա­կիօրէն կը խոս­տա­նայ 24 Նո­յեմ­բեր 1934 թո­ւակիր Նա­խարա­րաց խոր­հուրդի որո­շու­մով թան­գա­րանի վե­րածո­ւած տա­ճարը վերստին բա­նալ, որ­պէս մզկիթ։ Սուրբ Սո­ֆիայի գտնո­ւած թա­ղամա­սի մէջ մզկի­թի մը կա­րիքը գո­յու­թիւն չու­նի։ Տա­ճարին ան­մի­ջական հա­րեւա­նու­թեան կը գտնո­ւի Սուլթան Ահ­մե­տի հսկայ ու գե­ղակերտ մզկի­թը։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան ան­ցեալ տա­րինե­րուն, երբ իրեն կը հաս­նէր Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարը մզկի­թի վե­րածե­լու մա­սին առա­ջարկներ ինք կ՚առար­կէր ցոյց տա­լով մօ­տակայ Սուլթան Ահ­մե­տը։ «Դուք նախ այդ մզկի­թը լե­ցու­ցէք եւ ապա պա­հան­ջե­ցէք Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարին մզկի­թի վե­րածո­ւիլը» ըսած էր Էր­տո­ղան։ Իսկ այ­սօր, երբ իր գլխա­ւորած կու­սակցու­թիւնը օրըս­տօ­րէ կը կորսնցնէ եր­բեմնի հա­մակ­րանքը ժո­ղովուրդի մօտ Էր­տո­ղան ալ կը ստի­պուի նման ամ­բո­խավա­րական բնոյ­թով նոր խոս­տումներ տա­լու։ Թէեւ խնդրին էու­թիւնը քա­ղաքա­կանօ­րէն այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ է, բայց ան­դին կայ շա­րու­նա­կուող իրա­ւական գոր­ծո­ղու­թիւններ։ Անոնցմէ մէկն է «Պատ­մա­կան Յու­շարձան­նե­րու եւ Շրջա­պատի Ծա­ռայե­լու Միու­թիւն» անուն հաս­տա­տու­թեան մեկ­նարկած դա­տական գոր­ծը։ Միու­թիւնը դա­տարան դի­մած է Սուրբ Սո­ֆիայի մա­սին Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդի 1934 թո­ւակիր որո­շու­մը չե­ղեալ հա­մարե­լու պա­հան­ջով։ Խորհրդակ­ցա­կան Ատեանի 10-րդ բա­ժինը այս նիւ­թը պի­տի քննար­կէ 2 Յու­լիս 2020-ի ժողովին։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ