Լիբանանի թրքական գաղութը Լուսարձակի տակ

ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Երե­ւան, 19 Յու­­նիս 2020 (keghart.org)

10 Յու­­նիս 2020-ի երե­­կոյեան լի­­բանա­­նահայ յայտնի հե­­ռուստալ­­րագրող Նշան Տէր Յա­­րու­­թիւնեանի նկատ­­մամբ թրքա­­կան սադ­­րանքն ու անոր հե­­տեւած զար­­գա­­­ցումնե­­րը երե­­ւան հա­­նեցին Լի­­բանա­­նի մէջ Թուրքիոյ տա­­րած խլրդա­­յին աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն տա­­րողու­­թիւնը։ Ար­­դա­­­րեւ, այսպէս կո­­չուած «Լի­­բանա­­նի Արա­­բական Մեր­­տիլլիական Միու­­թեան» քա­­նի մը հա­­րիւր կողմնա­­կից­­ներ, Թուրքիոյ դրօշ­­նե­­­րով, իջան փո­­ղոց­­նե­­­րը, հայ­­հո­­­յելով հա­­յոց ու սպառ­­նա­­­լով զա­­նոնք դուրս նե­­տել Լի­­բանա­­նէն։ Այս միու­­թեան նա­­խագահ, եր­­գիչ Մու­­նիր Հա­­սանը ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու մի­­ջոցով սփռած իր առա­­ջին ելոյ­­թին մէջ (11 Յու­­նիս) նոյ­­նիսկ հայ­­հո­­­յեց Լի­­բանա­­նին՝ ինքզինք օս­­մանցի­­ներու թոռ, Թուրքիան ալ իր հայ­­րե­­­նիքը յայ­­տա­­­րարե­­լով, աւելցնե­­լով թէ թուրքեր շատ քիչ ըրած են հա­­յերը ցե­­ղաս­­պա­­­նելով եւ թէ ինք հպարտ է իր պա­­պերուն իրա­­գոր­­ծած այդ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան հա­­մար…։

Հայ­­կա­­­կան մի­­ջավայ­­րին մէջ շատ քի­­չեր գի­­տեն, թէ այ­­սօր Լի­­բանա­­նի մէջ կայ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած թրքա­­կան գա­­ղութ մը՝ բաղ­­կա­­­ցած սուննի հա­­մայնքին պատ­­կա­­­նող լի­­բանան­­ցի եւ սու­­րիացի քա­­ղաքա­­ցինե­­րէ։ Այդ գա­­ղութն ստեղ­­ծե­­­լու հա­­մար, Լի­­բանա­­նի մէջ Թուրքիոյ դես­­պաններն ու գաղտնի սպա­­սար­­կութեան՝ ՄԻԹ-ի գոր­­ծա­­­կալ­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս այս տաս­­նա­­­մեակի կէ­­սին հինգ տա­­րի գոր­­ծած դես­­պան Սիւ­­լէյման Ինան Էօզեըլ­­տը­­­զը, գրե­­թէ ամէն օր չափչփե­­ցին Լի­­բանա­­նի հիւ­­սի­­­սէն հա­­րաւը, արեւ­­մուտքէն արե­­ւել­­քը, եւ տար­­բեր խայ­­ծեր գոր­­ծի դնե­­լով՝ կա­­մաց-կա­­մաց ու անշշուկ կազ­­մա­­­ւորե­­ցին այդ գա­­ղու­­թը։ Ան կը բաղ­­կա­­­նայ հե­­տեւեալ գլխա­­ւոր շեր­­տե­­­րէն.

1 Առա­­ջին աշ­­խարհա­­մար­­տի աւար­­տէն ետք Լի­­բանան մնա­­ցած ու գրե­­թէ արա­­բացած­­ներ, որոնց սե­­րունդնե­­րուն մէջ բոր­­բո­­­քեցին թրքա­­կան ծի­­ները։ Ասոնց նախ­­նի­­­ները հիմ­­նա­­­կանին մէջ օս­­մանցի պե­­տական ծա­­ռայող­­ներ էին։ Այս շեր­­տին մէջ կ՚առանձնա­­նան ծա­­գու­­մով կրե­­տէցի թուրքե­­րը։ 1897-ին երբ կղզին դուրս եկաւ օս­­մա­­­նեան գե­­րիշ­­խա­­­նու­­թե­­­նէն՝ այդ յու­­նա­­­կան կղզիի թուրքե­­րուն մե­­ծագոյն մա­­սը լքեց զայն։ Մաս մը հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ Թրի­­փոլիի մէջ։ Անոնց սե­­րունդնե­­րը այ­­սօր շուրջ 10 հա­­զար հո­­գի կը հա­­շուեն։

2 Տնտե­­սական պատ­­ճառնե­­րով Հայ­­կա­­­կան Մի­­ջագետ­­քի Մեր­­տի­­­նի շրջա­­նէն 1950-ական­­նե­­­րուն Լի­­բանան գաղ­­թածներ ու անոնց սե­­րունդներ։ Ասոնք հիմ­­նա­­­կանին մէջ հաս­­տա­­­տուած են արեւմտեան Պէյ­­րութի սուննիական թա­­ղամա­­սերուն մէջ (Թա­­րիք Ժտի­­տէ, Պաս­­թա, Պա­­շու­­րա, Մու­­սայթպէ)։ Ասոնց սե­­րունդնե­­րէն կազ­­մո­­­ւած է վե­­րոն­­շեալ մար­­տիլլիական միու­­թիւնը։

3 Թուրք եւ լի­­բանան­­ցի սուննի արաբ խառն ամուսնու­­թիւննե­­րով կազ­­մա­­­ւորո­­ւած ըն­­տա­­­նիք­­ներ ու անոնց սե­­րունդներ։ Ասոնք կան գրե­­թէ բո­­լոր սուննիական բնա­­կավայ­­րե­­­րուն մէջ։

4 Լի­­բանա­­նի հիւ­­սի­­­սը, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս Աք­­քա­­­րի շրջա­­նին մէջ թիւրքմե­­նական ծա­­գու­­մով գիւ­­ղա­­­ցիներ (Սու­­րիոյ սահ­­մա­­­նակից ալ- Քո­­ւաշ­­րա, Այ­­տա­­­մուն եւ այլ գիւ­­ղեր)։ 2011-ին Լի­­բանան իր այ­­ցի ըն­­թացքին Թուրքիոյ այդ օրե­­րու վար­­չա­­­պետ Ռե­­ճեփ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղան այ­­ցե­­­լեց այդ գիւ­­ղե­­­րը՝ մեծ զարկ տա­­լով անոնց բնա­­կիչ­­նե­­­րուն թիւրքմե­­նական ինքնու­­թիւնը զուտ թրքա­­կանի փո­­խելու հո­­լովոյ­­թին։ Փոք­­րա­­­թիւ թիւրքմեն­­ներ կ՚ապ­­րին Պաալ­­պէք քա­­ղաքին ու շրջա­­կայ գիւ­­ղե­­­րուն մէջ։

5 Աշ­­խա­­­տելու հա­­մար 1990-ական­­նե­­­րէն, եւ յատ­­կա­­­պէս՝ 2011-ին սկսած Սու­­րիոյ քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մին պատ­­ճա­­­ռով Լի­­բանան գաղ­­թած սու­­րիահ­­պա­­­տակ թուրքեր եւ թիւրքմեն­­ներ։ Ասոնց քա­­նակը կը գնա­­հատո­­ւի 120-էն 150 հա­­զարի մի­­ջեւ։ Ասոնք հաս­­տա­­­տուած են Լի­­բանա­­նի հիւ­­սի­­­սային ու արե­­ւելեան սուննիաբ­­նակ շրջան­­նե­­­րու եւ Պէյ­­րութի արեւմտեան հա­­տուա­­ծին, քա­­նի մը հա­­զար հո­­գի՝ նոյ­­նիսկ Պէյ­­րութի եր­­բեմնի հա­­յահոծ Պուրճ Համ­­մուտ հիւ­­սի­­­սային արո­­ւար­­ձա­­­նին կից Նա­­պաա թա­­ղամա­­սին մէջ։ Ասոնք, միացած վե­­րի չորս շեր­­տե­­­րու՝ 80 հա­­զար գնա­­հատո­­ւող­­նե­­­րուն հետ՝ կը կազ­­մեն առ­­նո­­­ւազն 200 հա­­զար­­նոց պատ­­կա­­­ռելի թիւ մը՝ գրե­­թէ 2,5 ան­­գա­­­մը լի­­բանա­­նահայ գա­­ղու­­թին (հա­­շուած նաեւ սու­­րիահայ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րը)։

Բա­­ցի ասոնցմէ, Լի­­բանա­­նի թրքա­­կան գա­­ղու­­թը վեր­­ջերս հա­­մալ­­րո­­­ւած է Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ստա­­ցած ու թրքա­­կան գաղտնի սպա­­սար­­կութիւննե­­րու մի­­ջոցով Լի­­բանան մտցո­­ւած շուրջ 5000 սու­­րիացի սուննի ծայ­­րա­­­յեղա­­կան­­նե­­­րով, որոնց զգա­­լի մա­­սը տե­­ղակա­­յուած է Լի­­բանա­­նի արե­­ւել­­քի Պե­­քաայի դաշ­­տի հա­­յաբ­­նակ Այնճար գիւ­­ղի հան­­դի­­­պակաց Մաժ­­տալ Այնճար գիւ­­ղին մէջ։ Վեր­­ջի­­­նիս թունդ ծայ­­րա­­­յեղա­­կան իս­­լամ բնա­­կիչ­­նե­­­րը տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րէ ի վեր չեն թաքցներ հայ­­կա­­­կան գիւ­­ղը սրբե­­լով վե­­րաց­­նե­­­լու իրենց երա­­զան­­քը։

Թրքա­­կան ու­­ժեղ ազ­­դե­­­ցու­­թեան տակ կը գտնո­­ւին Լի­­բանա­­նի հիւ­­սի­­­սի մայ­­րա­­­քաղաք Թրի­­փոլին ու անոր սուննիաբ­­նակ մեր­­ձա­­­կայ­­քի բնա­­կավայ­­րե­­­րը։ Այս շրջա­­նին մէջ կը գոր­­ծէ Թուրքիոյ հո­­վանին վա­­յելող «Հուրրաս ալ-Մա­­տինա» («Քա­­ղաքի Պա­­հակ­­ներ») կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը։ Անոր տաս­­նեակ­­նե­­­րով ան­­դամներ օս­­մա­­­նեան շրջա­­նի տա­­րազ­­նե­­­րով եւ Թուրքիոյ դրօշ­­նե­­­րով բո­­ղոքի ցոյց կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցին երբ Լի­­բանա­­նի հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագահ Մի­­շել Աու­­նը, Մեծն Լի­­բանա­­նի 100-ամեակի ձեռ­­նարկնե­­րու սկիզբն ազ­­դա­­­րարող իր ելոյ­­թին մէջ (7 Սեպ­­տեմբեր 2019) մե­­ղադ­­րեց Օս­­մա­­­նեան Պե­­տու­­թիւնը՝ դա­­րերու ըն­­թացքին, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս առա­­ջին աշ­­խարհա­­մար­­տին կազ­­մա­­­կեր­­պած սո­­վամա­­հու­­թեամբ լի­­բանան­­ցի­­­ներու նկատ­­մամբ ահա­­բեկ­­չութիւն կի­­րառե­­լու հա­­մար։ Քա­­ղաքին մէջ եր­­կու օր ետք կա­­տարո­­ւած հար­­ցա­­­խոյզ մը ցոյց տո­­ւաւ, որ հար­­ցո­­­ւած­­նե­­­րուն մէջ սուլթան Ապ­­տուլ Հա­­միտ Բ.ը աւե­­լի մեծ ժո­­ղովրդա­­կանու­­թիւն կը վա­­յելէ, քան Լի­­բանա­­նի հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հը… Ապու Մու­­համմատ Չո­­քի գլխա­­ւորած այս կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը էական դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նի Լի­­բանա­­նի մէջ 17 Հոկ­­տեմբեր 2019-ին բռնկած ու առ այ­­սօր շա­­րու­­նա­­­կուող հա­­կապե­­տական ապստամ­­բութեան հրահրման մէջ, յատ­­կա­­­պէս Թրի­­փոլի քա­­ղաքին մէջ։

Թրի­­փոլիի տար­­բեր թա­­ղամա­­սերու մէջ տու­­նե­­­րու պատշգամ­­նե­­­րէն վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն մշտա­­պէս կա­­խուած են Թուրքիոյ հա­­զարա­­ւոր դրօ­­շակ­­ներ. կա­­րելի է ըսել՝ քա­­ղաքը ողո­­ղուած է աստղ-մա­­հիկով կար­­միր դրօ­­շակ­­նե­­­րով։ Գլխա­­ւոր՝ ալ-Թալլ հրա­­պարա­­կի ժա­­մացոյ­­ցի աշ­­տա­­­րակը, կա­­ռու­­ցո­­­ւած Կար­­միր սուլթա­­նի գա­­հակա­­լու­­թեան 30-ամեակին առ­թիւ (1906), 2006-ին վե­­րանո­­րոգո­­ւեցաւ հնու­­թիւննե­­րու վե­­րականգնման թրքա­­կան պե­­տական կա­­ռոյ­­ցին գու­­մարնե­­րով, աշ­­տա­­­րակին վրայ վե­­րայայտնո­­ւեցան Օս­­մա­­­նեան Պե­­տու­­թեան զի­­նան­­շա­­­նը, սուլթա­­նին կնի­­քը (թուղրա) եւ օս­­մա­­­նեան ու­­րիշ խորհրդա­­նիշ­­ներ։ Քա­­ղաքա­­պետա­­րանին որո­­շու­­մով, նո­­րոգու­­մէն ետք աշ­­տա­­­րակը կո­­չուե­­ցաւ «Սուլթան Ապ­­տուլ Հա­­միտ Բ.ի աշ­­տա­­­րակ»։ Յատ­­կանշա­­կան է, որ անուանա­­կոչու­­թեան առ­­թիւ ելոյթներ ու­­նե­­­ցաւ յա­­տուկ այս արա­­րողու­­թեան հա­­մար Կա­­զիան­­թէ­­­պէն (հայ­­կա­­­կան Այնթա­­պը) ժա­­մանած ազ­­գագրա­­կան եր­­գի-պա­­րի խումբ մը, որ իր ելոյթներն աւար­­տեց ենի­­չերի­­ներու տա­­րազով տո­­ղանցքով՝ տխրահռչակ եաթա­­ղան­­նե­­­րը ի ձե­­ռին…։

Թրքա­­կան պե­­տու­­թիւնը յա­­տուկ գուրգու­­րանք կը տա­­ծէ Լի­­բանա­­նի իր նո­­րածին մա­­նու­­կին նկատ­­մամբ։ Թուրք նո­­րադարձնե­­րու բնա­­կավայ­­րե­­­րուն մէջ կը բա­­ցուին ար­­թէ­­­զեան ջրհոր­­ներ, դար­­մա­­­նատու­­ներ, դպրոց­­ներ (ուր կը դա­­սաւան­­դո­­­ւի նաեւ թրքե­­րէնը՝ Թուրքիայէն եկած ու­­սուցիչ­­նե­­­րու մի­­ջոցով, որոնց մէջ, վստա­­հաբար, կան գաղտնի գոր­­ծա­­­կալ­­ներ), նո­­ւէր կը տրո­­ւին շտապ օգ­­նութեան ինքնա­­շարժներ, երի­­տասարդնե­­րը Թուրքիոյ հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու մէջ ու­­սա­­­նելու կրթա­­թոշակ կը ստա­­նան, կը նո­­րոգո­­ւին օս­­մա­­­նեան շրջա­­նի յու­­շարձան­­ներ եւ այլն։

Լի­­բանա­­նի մէջ թրքա­­կան ան­­մի­­­ջական ներ­­կա­­­յու­­թիւն է Հա­­րաւա­­յին Լի­­բանա­­նի մէջ՝ Իս­­րա­­­յէլի հետ սահ­­մա­­­նը վե­­րահսկող ՄԱԿ-ի զօր­­քե­­­րու կազ­­մին մէջ գոր­­ծող՝ այ­­սօր 170 հո­­գի հա­­շուող թրքա­­կան զօ­­րամիաւո­­րու­­մը (այ­­սօր, թուրք զի­­նու­­ժը, օրի­­նակա­­նօրէն կամ ապօ­­րինա­­բար, ներ­­կայ է արա­­բական եօթը եր­­կիրնե­­րու մէջ՝ Քա­­թար, Սո­­մալի, Սու­­տան, Լի­­պիա, Իրաք, Սու­­րիա եւ Լի­­բանան)…

Լի­­բանա­­նի մէջ թրքա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թեան հզօր գոր­­ծիք է երկրի սուննի հա­­մայնքը, որու հա­­կաիրա­­նական զգաց­­մունքնե­­րը անոր ան­­դամնե­­րը կը մղեն փա­­րելու սէուտցի­­ներուն կամ թուրքե­­րուն։ Վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն նկա­­տելի է սուննի­­ներու զգա­­լի զան­­գո­­­ւածի մը թե­­քու­­մը սէու­­տա­­­կանէն դէ­­պի թրքա­­կան հո­­վանա­­ւորու­­թիւն։ Լի­­բանա­­նի՝ շուրջ մէկ մի­­լիոն հա­­շուող սիւննի զան­­գո­­­ւածին մէջ (Սու­­րիայէն գաղ­­թա­­­կան­­ներն ալ եթէ հա­­շուենք՝ նո­­ւազա­­գոյ­­նը եր­­կու մի­­լիոն) յատ­­կա­­­պէս պէտք է նշենք Թրի­­փոլիի մէջ՝ Լի­­բանա­­նի ներ­­քին գոր­­ծոց նախ­­կին նա­­խարար զօ­­րավար Աշ­­րաֆ Ռի­­ֆիի եւ Պէյ­­րութի ու Սայ­­տա­­­յի մէջ՝ նախ­­կին վար­­չա­­­պետ Սաատ Հա­­րիրիի հե­­տեւորդնե­­րը։ Լի­­բանա­­նի թրքազ­­գի­­­ները վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն իրենց քո­­ւէնե­­րը յի­­շեալ եր­­կու ան­­ձե­­­րու գլխա­­ւորած քա­­ղաքա­­կան հո­­սանքնե­­րուն ի նպաստ կու տան՝ ոչ առանց թրքա­­կան պե­­տական մար­­միննե­­րու խոր­­հուրդին։ Աւե­­լի կրօ­­նամոլ հա­­տուա­­ծը կը զօ­­րակ­­ցի «ալ-Ժա­­մաա ալ-Իս­­լա­­­միա» («Իս­­լա­­­մական Հա­­մախմբում») կրօ­­նամոլ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան, որ, փաս­­տօ­­­րէն, սուննիական աշ­­խարհի «Իխո­­ւան Մուսլի­­մուն» («Իս­­լամ Եղ­­բայրներ») ցան­­ցի լի­­բանա­­նեան կա­­ռոյցն է, իսկ ծա­­նօթ է, որ այդ ցան­­ցի «պա­­պա»ն Էր­­տո­­­ղանն է՝ Ալ­­ճե­­­րիայէն ու Թու­­նուզէն մին­­չեւ Եգիպ­­տոս, Սու­­րիա, Լի­­բանան եւ Արա­­բական Ծո­­ցի եր­­կիրներ։

Այս իրա­­կանու­­թիւննե­­րու լոյ­­սին տակ, ամ­­բողջո­­վին հասկնա­­լի կը դառ­­նայ, թէ ին­­չո՞ւ սադ­­րիչ եր­­գիչ Մու­­նիր Հա­­սանը 13 Յու­­նի­­­սին սփռո­­ւած իր երկրորդ ելոյ­­թին մէջ կոչ ուղղեց սուննի հա­­մայնքին՝ կեն­­սա­­­գոր­­ծունէու­­թեան բոլոր մար­­զե­­­րուն մէջ պոյ­­քո­­­թել ընդհան­­րա­­­պէս հա­­յու­­թիւնը, մաս­­նա­­­ւորա­­բար լի­­բանա­­նահա­­յու­­թիւնը՝ փոր­­ձե­­­լով թուրք-հայ­­կա­­­կան ազ­­գա­­­յին բնոյթ ու­­նե­­­ցող հա­­կամար­­տութեան հա­­ղոր­­դել կրօ­­նական բնոյթ, ինչպէս որ ատրպէյ­­ճանցիք կը կա­­տարեն տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րէ ի վեր՝ իս­­լա­­­մական աշ­­խարհին մէջ։ Իսկ Լի­­բանա­­նի մէջ շատ դիւ­­րին է կրօ­­նական ու դա­­ւանան­­քա­­­յին տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րու հիմ­­քով միջ­­հա­­­մայնքա­­յին կո­տորած­­ներ հրահ­­րե­­­լը…։

Այ­­սօր լի­­բանա­­նահա­­յու­­թիւնը կը դի­­մագ­­րա­­­ւէ երեք ծան­­րա­­­գոյն մար­­տահրա­­ւէր՝ միաժա­­մանակ. առա­­ջինը պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մաշ­­խարհա­­յին աղէտն է, երկրոր­­դը՝ Լի­­բանա­­նի՝ աղէ­­տի տա­­րողու­­թիւն ստա­­ցած ֆի­­նան­­սա- տնտե­­սական ահա­­ւոր ճգնա­­ժամը, որու ու­­ղե­­­կիցն է ար­­դէն ութ ամի­­սէ ի վեր շա­­րու­­նա­­­կուող հա­­կակա­­ռավա­­րական ժո­­ղովրդա­­յին ապստամ­­բութիւ­­նը։ Ահա՛ ասոնց կու գայ աւել­­նա­­­լու երկրին մէջ հա­­կահայ­­կա­­­կան բոր­­բո­­­քած կիր­­քե­­­րով թու­­նա­­­ւորուած, եռա­­պատիկ գե­­րակշռող թրքա­­կան գա­­ղութ մը, որ իր ետին ու­­նի Թուրքիոյ ծա­­ւալա­­պաշ­­տա­­­կան պե­­տու­­թիւնը՝ տնտե­­սական, քա­­ղաքա­­կան, դի­­ւանա­­գիտա­­կան, զի­­նուորական, լրտե­­սական եւ այլ հսկա­­յական կա­­րողու­­թիւննե­­րով, մինչդեռ լի­­բանա­­նահայ գա­­ղու­­թը նոյ­­նիսկ ձե­­ւակա­­նօրէն չ՚ար­­ժա­­­նանար Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան եկող-գա­­ցող իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու պատ­­շաճ ու­շադրութեան…։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ