Անկումին յաջորդողը վերելքը պիտի ըլլայ

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Պատրիարքական աթո­ռի աւե­լի քան տա­սը տա­­րիներ թա­­փուր մնա­­լու հե­­տեւան­­քը բա­­ւակա­­նին ծանր եղաւ պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան ըն­­կե­­­րաքա­­ղաքա­­կան կեան­­քին հա­­մար։ Եկե­­ղեցին որոշ ժա­­մանակ քօ­­ղար­­կեց Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիար­­քի հի­­ւան­­դութիւ­­նը։ Երբ այդ քօ­­ղար­­կումը ան­­կա­­­րելի դար­­ձաւ այս ան­­գամ ալ քօ­­ղար­­կեց հի­­ւան­­դութեան պատ­­ճա­­­ռած աւե­­րին ան­­դարմա­­նելի, ան­­վե­­­րադարձ ըլ­­լա­­­լու փաս­­տը։ «Մենք հա­­ւատա­­ցեալ ենք, կը հա­­ւատանք հրաշքնե­­րուն» ըսե­­լով որոշ ժա­­մանակ եւս լո­­լոզեց պոլ­­սա­­­հայու­­թիւնը։ Կարգ մը ող­­ջա­­­միտ ան­­ձեր նկա­­տեցին այս բաց­­թո­­­ղու­­մին հա­­ւանա­­կան հե­­տեւանքնե­­րը եւ պա­­հան­­ջե­­­ցին շու­­տա­­­փոյթ կեր­­պով ընտրու­­թիւննե­­րու եր­­թալ։ Սա­­կայն հա­­սարա­­կու­­թե­­­նէ եկած այդ պա­­հանջն ալ բա­­խեցաւ ներ­­կայ իրա­­վիճա­­կին շա­­րու­­նա­­­կուի­­լը ցան­­կա­­­ցող շրջա­­նակ­­նե­­­րու դժկա­­մու­­թեան։ Աւե­­լի յստա­­կեց­­նե­­­լու հա­­մար նշենք, թէ այդ դժկա­­մու­­թեան հե­­ղինակ­­նե­­­րը կա­­ռավա­­րու­­թեան յանձնա­­րարու­­թեամբ փո­­խանորդ նշա­­նակո­­ւած Արամ Արք. Աթէ­­շեանը եւ Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լուն էին։ Եր­­կուքը յա­­ջողե­­ցան այս ուղղու­­թեամբ կա­­ռավա­­րու­­թեան ալ մի­­ջամ­­տութիւ­­նը ապա­­հովե­­լու։ Երե­­ւոյթ մը, որ խնդի­­րը ինքնին փոր­­ձանքի վե­­րածած եղաւ պոլ­­սա­­­հայութեան հա­­մար։

Այդ նոյն շրջա­­նակի քու­­լի­­­սական ջան­­քե­­­րով է որ ընդհա­­տուե­­ցաւ Պեք­­ճեան սրբա­­զանի տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թիւնը։ Աւե­­լի ետք ալ մեր կարգ ու կա­­նոնին բո­­լորո­­վին հա­­կասող կա­­նոնա­­գիրով մը ընտրու­­թեան եր­­թա­­­լու հրա­­մայա­­կանը ապ­­րե­­­ցանք։ Բո­­լորին կող­­մէ տես­­նո­­­ւած բայց ոչ մէ­կուն կող­­մէ ար­­տա­­­սանո­­ւած սխալ­­նե­­­րու հե­­տեւանքնե­­րը այ­­սօր դար­­ձեալ կը տա­­ռապեց­­նեն պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թիւնը։ Պատ­­րիար­­քա­­­կան աթո­­ռի թա­­փուր մնա­­լու շրջա­­նը պի­­տի ու­­նե­­­նար եւ ար­­դէն ու­­նե­­­ցաւ ժխտական հետեւանքներ պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի համար։ Նա­­խորդ շաբ­­թու վերջ ակա­­նատես եղանք մե­­զի համար ան­­սովոր ոճով մը կա­­տարո­­ւած բամ­­բա­­­սանքնե­­րուն։ Շի­­րինօղ­­լու ըստ երե­­ւոյ­­թի լքած է իր եր­­բեմնի ան­­մի­­­ջական բա­­րեկա­­մը՝ Արամ Սրբա­­զանը եւ հի­­մա իր ամ­­բողջ ու­­ժով կը ճնշէ անոր վրայ։ Այդ ընե­­լու ժա­­մանակ ալ կ՚ան­­տե­­­սէ քա­­ղաքակրթու­­թեան բո­­լոր սկզբունքնե­­րը։ Անար­­գանքներ կը տե­­ղաց­­նէ Արամ Սրբա­­զանի հաս­­ցէին, որ այդ պայ­­մաննե­­րու տակ իսկ կը փոր­­ձէ պա­­հել հո­­գեւո­­րակա­­նի վա­­յել լրջու­­թիւն մը։ Իր գրած պա­­տաս­­խա­­­նին մէջ կը խու­­սա­­­փի վերջ ի վեր­­ջոյ իրեն ալ ամօթ պատ­­ճա­­­ռելիք նա­­խադա­­սու­­թիւններ կազ­­մե­­­լէ։

Միւս կող­­մէ այս բո­­լորին շու­­քին տակ ամօ­­թի զգա­­ցու­­մէն բո­­լորո­­վին զուրկ կեր­­պով կը գոր­­ծէ նե­­խածու­­թեան այլ երե­­ւոյթներ։ Զար­­մա­­­նալով կը հե­­տեւինք կարգ մը թա­­ղական­­նե­­­րու ընտրու­­թիւննե­­րու բա­­ցակա­­յու­­թե­­­նէն օգ­­տո­­­ւելով իրենց զա­­ւակ­­նե­­­րը եւս թա­­ղական դարձնե­­լու փոր­­ձե­­­րուն։ Այ­­սօր եթէ ան­­ցեալին նա­­յելով պի­­տի խօ­­սինք վար­­կազրկու­­մի մը մա­­սին ահա անոր գլխա­­ւոր դրդա­­պատ­­ճառն է հա­­սարա­­կութեան ան­­տարբե­­րու­­թիւնը իր սե­­փական հարստութեան հան­­դէպ։

Բո­­լորի բաժ­­նած հա­­մոզումն է, որ եթէ պոլ­­սա­­­հայու­­թիւնը ող­­ջա­­­միտ կեր­­պով օգ­­տա­­­գոր­­ծէ իր ու­­նե­­­ցուած­­քը մեր բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը կրնար դուրս գալ տնտե­­սական տի­­րող ճգնա­­ժամէն։

Մէկ կող­­մէն այս հա­­մայնքի ամե­­նայա­­ջող կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւնը կը փոր­­ձէ դի­­մագ­­րա­­­ւել տնտե­­սական ծանր ճգնա­­ժամ մը եւ միւս կող­­մէ մի այլ հաս­­տա­­­տու­­թիւն կը մսխէ իր հարստու­­թիւնը։ Այս բո­­լորը կրնայ վերջ գտնել միայն ու միայն ներ­­կայ իրա­­վիճա­­կի հետ չհաշ­­տո­­­ւող­­նե­­­րու բո­­ղոքով։ Սա­­կայն եկուր տես որ տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թով մենք նաեւ կորսնցու­­ցած ենք պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թեան գի­­տակ­­ցութիւ­­նը եւ ամ­­բողջո­­վին մատ­­նո­­­ւած ենք բա­­րերար­­նե­­­րու գթու­­թեան։ Մինչդեռ ժա­­մանա­­կը կը թե­­լադ­­րէ գթու­­թիւն թե­­լադ­­րե­­­լէ աւե­­լի պայ­­քա­­­րիլ ար­­դար իրա­­ւունքի հա­­մար։ Ան­­շուշտ որ խնդի­­րը այ­­սօ­­­րուան ցա­­ւը չէ, այլ պատ­­մութեան տե­­ւողու­­թեամբ մեր մէջ հիմք դրած ստրկամ­­տութիւ­­նը։ Եւ սա­­կայն հիաս­­թա­­­փուե­­լու կա­­րիք չկայ, երբ ար­­դէն գի­­տենք թէ խնդի­­րը այ­­սօ­­­րով սահ­­մա­­­նուած չէ, այլ ու­­նի տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րու հո­­լովոյ­­թով նկա­­րագ­­րե­­­լու յար­­մար ան­­ցեալ մը։ Ու­­րեմն պի­­տի չվհա­­տինք գիտ­­նա­­­լով թէ ձա­­խորդ օրե­­րը ձմրան նման կու գան ու կ՚եր­թան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ