Սուրուչի զոհերը կը յիշատակուին

20Յու­­լիս 2015-ին Ուրֆա­­յի սահ­­մա­­­նամերձ Սու­­րուչ գա­­ւառի մէջ մա­­հապար­­տի մը դա­­ւադ­­րութեան հե­­տեւան­­քով մա­­հացած էին 33 հա­­մայ­­նա­­­վար երի­­տասարդներ։ Անոնք երկրի տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րէն գա­­լով կ՚ու­­զէին Սու­­րուչէն անցնիլ Քո­­պանի մար­­դա­­­սիրա­­կան օգ­­նութիւն փու­­թացնե­­լու հա­­մար։ Երի­­տասարդնե­­րու շալ­­կած տոպ­­րակնե­­րը լե­­ցուն էին խա­­ղալի­­քով ու գրե­­նական պի­­տոյ­­քով։ Ոգե­­ւորո­­ւած ու ան­­համբեր էին դա­­ժան պա­­տերազ­­մով հո­­գետանջ Քո­­պանիի երա­­խանե­­րուն ու­­րա­­­խու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռելու յու­­զումով տա­­րուած։ Այս շա­­բաթ սո­­սեալիստ երի­­տասարդնե­­րու միու­­թիւննե­­րու միաւո­­րու­­մը (SGDF) զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րով կը պատ­­րաստուի նշել այդ մեծ կո­­տորա­­ծին հնգա­­մեակը։ Երի­­տասար­­դա­­­կան միու­­թիւննե­­րը ար­­դէն սկսած են թռու­­ցիկներ բաժ­­նե­­­լով ժո­­ղովուրդը իրա­­զեկ դարձնե­­լու ծրագ­­րո­­­ւած մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու մա­­սին։ Ար­­դա­­­րեւ 10 Յու­­լիս ուրբաթ օր ժա­­մը 12-ին «Ակօս»ի նախ­­կին խմբագ­­րա­­­տան առ­­ջեւ Հրանդ Տին­­քի սպան­­նո­­­ւած կէ­­տին վրայ պի­­տի կա­­յանայ մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, որ­­մէ ետք խորհրդան­­շա­­­կան երթ մը պի­­տի կա­­տարո­­ւի դէ­­պի Անա­­րատ Յղու­­թիւն շէն­­քը, «Ակօս»ի այժմու խմբագ­­րա­­­տու­­նը։ Նոյն օր նման մի­­ջոցա­­ռումներ պի­­տի կա­­յանան նաեւ Պէ­­շիք­­թա­­­շի կամ Գա­­տըգիւ­­ղի նման կեդ­­րոննե­րու վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ