Վերամուտ Անորոշութեան մէջ

Պոլսահայ կրթա­կան կեան­քը բազ­մա­կող­մա­նի անո­րոշու­թիւննե­րով կը պատ­րաստո­ւի վե­րամու­տին։

Թէեւ Կրթու­թեան Նա­խարա­րը ուսման տա­րեշրջա­նի մեկ­նարկու­մին հա­մար յայ­տա­րարեց Օգոս­տոս ամ­սու վեր­ջա­ւորու­թիւնը, սա­կայն հա­մատա­րած շփոթ մը կը տի­րէ հա­մավա­րակի պայ­մաննե­րուն տակ դպրոց­նե­րու վե­րաբաց­ման մա­սին։ Շա­տեր կը կար­ծեն թէ կա­րելի պի­տի չըլ­լայ դա­սարան­նե­րէ ներս որոշ հե­ռաւո­րու­թիւն ապա­հովե­լու կան­խա­միջո­ցը եւ ուսման տա­րեշրջա­նը պի­տի սկսի հե­ռակայ ու­սուցման դրու­թեամբ։ Միւս կող­մէ Էսաեան վար­ժա­րանը, որ յան­կարծա­կի որո­շու­մով մը վերջ տո­ւած էր նա­խակրթա­րանի եւ թէ երկրոր­դա­կան բաժ­նի տնօ­րէն­նե­րու պաշ­տօ­նին, ցարդ չէ հրա­պարա­կած նոր տնօ­րէն­նե­րու անուններ։ Պէ­յօղ­լո­ւի թա­ղակա­նու­թիւնը մտած է գաղտնա­պահու­թեան ռազ­մա­վարու­թեան մէջ եւ այժմ հա­սարա­կու­թիւնը ոչինչ գի­տէ այդ դպրո­ցէ ներս տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցումնե­րու մա­սին։ Միւս կող­մէ յայտնի է՝ թէ դպրո­ցը պի­տի ապ­րի աշա­կերտնե­րու թի­ւի լուրջ նո­ւազում մը։ Նոր ար­ձա­նագրութիւննե­րու բա­ցակա­յու­թե­նէն ան­դին դպրո­ցի սա­ներն ալ սկսած են իրենց ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը փո­խան­ցել այլ դպրոց­ներ։ Նա­խապէս նշած էինք թէ Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քի եւ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան մի­ջեւ հա­մաձայ­նութիւ­նը մը հաս­տա­տուած էր ան­դա­մազուրկ եղած թա­ղական խոր­հուրդի կազ­մը լրաց­նել հա­մայնքա­յին հինգ հաս­տա­տու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րով։ Սա­կայն ըստ երե­ւոյ­թի այն հա­մաձայ­նութիւ­նը ան­կա­տար մնա­ցած է թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Սի­մոն Չե­քեմի դժկա­մու­թեան հե­տեւան­քով։ Այս պա­հուն յայտնի չէ թէ որ պայ­մաննե­րով պի­տի վե­րաբա­ցուի Էսաեան վար­ժա­րանը։

Պա­քըր­գիւղի Տա­տեան վար­ժա­րանը եւս ապ­րե­ցաւ տնօ­րէնի փո­փոխու­թիւն։ Թա­ղական խոր­հուրդը յայ­տա­րարու­թիւնով մը ծա­նու­ցեց թէ 2020-2021 ուսման տա­րեշրջա­նին տնօ­րէն նշա­նակո­ւած է նախ­կին փոխ տնօ­րէն եւ թո­ւաբա­նու­թեան ու­սուցիչ Երա­նու­հի Պալճըն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ