Կարօ Փայլան հարցագիր մը տուաւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին

12 Յու­լի­սէն այս կողմ հետզհե­­տէ նո­­ւազող թա­­փով շա­­րու­­նա­­­կուող Հա­­յաս­­տան-Ատրպէյ­­ճան սահ­­մա­­­նագ­­ծի բա­­խումնե­­րուն հան­­դէպ Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանէն Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Մեվ­­լիւթ Չա­­վու­­շօղլու եւ Պաշտպա­­նու­­թեան Նա­­խարար Հու­­լուսի Աքար Ատրպէյ­­ճա­­­նի զօ­­րակ­­ցե­­­լու յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ ըրին։ Թուրքիոյ Խորհրդա­­րանի հա­­յազ­­գի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան այս առ­­թիւ հար­­ցա­­­գիրով մը դի­­մեց Նա­­խարար Մեվ­­լիւթ Չա­­վու­­շօղլո­­ւին, որուն պատ­­ճէ­­­նը կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն։

 

Հար­­ցա­­­գիր՝ Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար

Մեվ­­լիւթ Չա­­վու­­շօղլո­­ւին

Հա­­յաս­­տա­­­նի ու Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ վեր­­ջին օրե­­րուն պա­­տահած հա­­կամար­­տութիւննե­­րու ար­­դիւնքին մա­­հացան բազ­­մա­­­թիւ զի­­նուոր­­ներ եւ քա­­ղաքա­­ցիներ։

Երբ կող­­մե­­­րը զի­­րար կը մե­­ղադ­­րէին հա­­կամար­­տութիւ­­նը սկսե­­լու մէջ, որ­­պէս ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար յայ­­տա­­­րարե­­ցիք, թէ «անըն­­դունե­­լի է Հա­­յաս­­տա­­­նի ըրա­­ծը։ Ատրպէյ­­ճան առան­­ձին չէ։ Մենք որ­­պէս Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թիւն եւ թուրք ժո­­ղովուրդ մեր բո­­լոր կա­­րելիու­­թիւննե­­րով կանգնած ենք Ատրպէյ­­ճա­­­նի քով»։

Նման յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով հան­­դէս եկան նաեւ ԱՔՓ-ի կու­­սակցա­­պետ եւ հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագահ Ռե­­ճեփ Թայ­­յիփ Էր­­տո­­­ղան եւ պաշտպա­­նու­­թեան նա­­խարար Հու­­լուսի Աքար։

Թուրքիա, որ­­պէս Ատրպէյ­­ճա­­­նի ու Հա­­յաս­­տա­­­նի մի­­ջեւ ծա­­գած հա­­կամար­­տութեանց լուծման նպաս­­տող ԵԱՀԿ-ի Միս­­քեան խմբա­­կի ան­­դամ, պէտք է աշ­­խա­­­տէր լուծման ուղղու­­թեամբ կամք ար­­տա­­­յայ­­տել, մինչդեռ այս լա­­րուա­­ծու­­թեան ժա­­մանակ ալ ցե­­ղային պատ­­ճառնե­­րով ան­­կողմնա­­կալ չե­­ղաւ ու կա­­տարեց լա­­րուա­­ծու­­թիւնը սաստկաց­­նող յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ։

Ուստի,

1. Հա­­յաս­­տա­­­նի ու Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ ծա­­գած հա­­կամար­­տութեան մէջ ցե­­ղայի՞ն պատ­­ճառնե­­րով է որ կողմնա­­կալու­­թիւն կը ցու­­ցա­­­բերէք։

2. Տա­­կաւին չէ՞ք հասկցած, թէ ցե­­ղապաշ­­տա­­­կան ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը «կրա­­կին վրայ քա­­րիւղ լեց­­նել» կը նշա­­նակէ եւ միայն կ՚ըն­­դարձա­­կէ հար­­ցե­­­րը։

3. Թուրքիոյ ռազ­­մա­­­կան ար­­դիւնա­­բերու­­թիւնը կ՚ու­­զէ աւե­­լի ռազ­­մամթերք վա­­ճառել Ատրպէյ­­ճա­­­նին։ Լա­­րուա­­ծու­­թիւնը այս պատ­­ճա­­­ռո՞վ է որ կը սաստկաց­­նէք։

4. Կը մտա­­ծէ՞ք զի­­նուոր առա­­քել Ատրպէյ­­ճան։

5. Թուրքիա եթէ ցե­­ղի մը չի պատ­­կա­­­նիր՝ ին­­չո՞ւ ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը ցե­­ղապաշ­­տա­­­կան նկա­­տումնե­­րով կը վա­­րէք։

6. Եր­­բեմն կը յի­­շէ՞ք ար­­դեօք, թէ ան­­դամ էք ԵԱՀԿ֊ի Մինսքեան խմբա­­կին, որ հիմ­­նադրո­­ւած է Հա­­յաս­­տան-Ատրպէյ­­ճան լա­­րուա­­ծու­­թիւնը նո­­ւազեց­­նե­­­լու նպա­­տակով։

7. Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ Կով­­կա­­­սի ապա­­կայու­­նա­­­ցու­­մը շա­­հաբեր է միայն Ռու­­սաստա­­նին։

8. Ինչպէ՞ս կը մեկ­­նա­­­բանէք Ատրպէյ­­ճա­­­նի պաշտպա­­նու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թեան այն սպառ­­նա­­­լիքը, ըստ որու անոնք պատ­­րաստ են հա­­րուա­­ծելու Թուրքիա-Հա­­յաս­­տան սահ­­մա­­­նին գտնո­­ւող աթո­­մակա­յանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ