Մահ Քերովբէ Չիլինկիրի

Թուրքիոյ ամե­նայայտնի գոր­ծա­տէրե­րէն Մա­թիլտ Մա­նու­կեանի մա­հէն ետք թո­ղած հսկայ ժա­ռան­գը կռո­ւախնձոր մը դար­ձած էր, որ­դին Քե­րով­բէի եւ այդ ժա­ռան­գին վրայ իրա­ւունք պա­հան­ջող բազ­մանդամ խումբի մը մի­ջեւ։ Մա­թիլտ Մա­նու­կեանի կեն­դա­նու­թեան օրօք ոչ ոք լսած էր այդ ժա­ռան­գորդնե­րու մա­սին։ Անոնք յայտնո­ւեցան հա­զիւ ժա­ռան­գո­ւած մեծ գու­մա­րին հրա­պարա­կու­մէն ետք։ Այժմ այդ ժա­ռան­գի առա­ջին կար­գէն ժա­ռան­գորդը Քե­րով­բէ Չի­լին­կիր եւս մա­հացած է եւ ժա­ռան­գի դա­տավա­րու­թիւն մտած է բո­լորո­վին նոր փու­լի մը։ Ժա­ռան­գի յա­ւակ­նորդնե­րը իրենց զի­րենք կը ներ­կա­յաց­նեն իբ­րեւ հա­յերէ­նի անուանի եր­գիչ, Կո­միտաս վար­դա­պետի սա­ներէն Ար­մե­նակ Շախ­մուրա­տեանի արե­ւան­գո­ւած քրոջ շա­ռաւիղ­նե­րը։ Մին­չեւ մօտ ան­ցեալ իրենց ազ­գա­կանա­կան կա­պերուն հետ ոչ մէկ շփում ու­նե­ցած մար­դիկ տա­րուե­լով զգլխե­ցու­ցիչ ժա­ռան­գի տի­րանա­լու մար­մա­ջէն, կը փոր­ձեն ապա­ցու­ցել իրենց հայ ծա­գու­մը։ Ու­շագրաւ երե­ւոյթ է թէ Մա­թիլտ Մա­նու­կեանի հարստու­թեան հիմ­նա­կան աղ­բիւրը կը հա­մարո­ւի անոր սե­փակա­նու­թիւնը դար­ձած հան­րա­տու­նե­րը։ Թէեւ ոչ ոք Մա­թիլտ Մա­նու­կեանը մե­ղադ­րեց կա­ւատու­թեամբ, բայց միշտ ալ տե­ղի ան­տե­ղի յի­շուե­ցաւ հարստու­թեան աղ­բիւրը։

Մա­թիլտ Մա­նու­կեանի ժա­ռան­գի կա­րեւոր մէկ մա­սը կը բաղ­կա­նայ կա­լուած­նե­րէ, որոնք մեծ եկա­մու­տի աղբիւր եղած էր բոլոր ժամանակներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ