Պահն է Լիբանանի օգնելու

Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ 4 Օգոստոսի երեկոյեան պայթումի ընկերաքաղաքական հետեւանքները կը սպառնան նաեւ երկրի արդէն անկայուն տնտեսական համակարգին։ Պայթումէն կարջ ժամանակ վերջ կառավարութիւնը հրաժարած էր։ Իսկ այժմ զանգուածային ցոյցեր կը կատարուին նախագահին ալ հրաժարումը պահանջելով։ Զոհուածներու թիւը հասած է 170-ի որոնց մէջ կան նաեւ 13 հայեր։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը առաջին հերթին 7,000 ԱՄՆ տոլարի աջակցութիւն մը բերաւ Լիբանանին։ Բացի այդ Պատրիարքարանի շրջանակներէն հաղորդուեցաւ կարգ մը դրամատունի հաշուեհամարներ նիւթական աջակցութիւնը շարունակելու միտումով։ Պայթումի ազդակը պարզուեցաւ եւ հրապարակուեցաւ նաւամատոյցի շտեմարաններուն մօտ տեղադրուած 7, 500 թոննա ամոնիում նիթրաթի բաղադրութեամբ քիմիական աղբ։ Պարզ է նման վտանգաւոր նիւթի մը առկայութիւնը անվտանգութեան կանոններու թերացում մըն է, բայց ո՞վ է այդ թերացման պատասխանատուն։ Այս նիւթի շուրջ կը շարունակուի զանազան տարակարծութիւններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ