Հայ- Թուրք երկխօսութեան խմբակի կոչը

ԱՄՆ-ի մէջ գոր­ծող Հայ- Թուրք երկխօ­սու­թեան խմբակը՝ «Լե­րը Բա­նալ», Հա­յաս­տան- Ազրպէյ­ճան սահ­մա­նագ­ծի բա­խումնե­րու ըն­թացքին ԱՄՆ-ի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րէն մէ­կուն պա­տերուն վրայ ատե­լու­թիւն բո­վան­դա­կող գրա­ռումնե­րու մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ։

Անգլե­րէնով հրա­պարա­կուած մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան մէջ կ՚ըսո­ւէր հե­տեւեալը։

«Օք­լընտ, Քա­լիֆոր­նիա։ «Լե­րը Բա­նալ» երկխօ­սու­թեան խմբակ­ցութիւ­նը կը պա­խարա­կէ 24 Յու­լիս 2020 թո­ւակա­նին Կրու­զեան- Զա­քարեան- Վաս­պուրա­կան դպրո­ցի պա­տերուն ցե­ղապաշտ գրու­թիւննե­րով կա­տարո­ւած վայ­րագ ատե­լու­թիւնը»։

Խմբա­կի հիմ­նա­դիր Օժիկ Երե­ցեան ըսաւ՝ «Այս յար­ձա­կու­մը խո­րապէս վի­րաւո­րած է մեզ։ Ամէն տե­սակ բռնու­թեան ու խտրա­կանու­թեան դի­մաց կը զօ­րակ­ցինք վար­ժա­րանին։ Կը կա­րեւո­րեն կրկնակ ձար­ձա­կումնե­րու դի­մաց (ցե­ղապաշտ կան­խա­կար­ծիքներ եւ Քո­վիտ 19-ի հա­մավա­րակ) կը կա­րեւո­րենք մարդկա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու շուրջ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը»։

Յայ­տա­րարու­թեան մէջ կ՚ըսուի՝ «Չճանչնա­լով հան­դերձ այս յան­ցանքը գոր­ծողնե­րը, որ­պէս պա­տաս­խան կ՚առա­ջար­կենք երկխօ­սու­թիւն։ Այսպի­սով կրնանք ատե­լու­թիւնը յաղ­թա­հարել եւ բռնու­թեան կրկնո­ւիլը կան­խել։ Բա­խումնե­րը թուրքե­րուն, հա­յոց ու ատրպէյ­ճանցի­ներու պատ­մութեան մէջ եր­կա­րատեւ վէր­քե­րու պատ­ճառ դար­ձած է։ Զօ­րակ­ցութեան զգա­ցումնե­րով Կրու­զեան- Զա­քարեան- Վաս­պուրա­կան դպրո­ցին կող­քին ենք։ Սան Ֆրան­սիսքո­յի ծո­ցի շրջա­նի հայ հա­մայնքին կող­քին ենք։ «Լե­րը Բա­նալ» հար­թա­կի անու­նով Սան Ֆրան­սիսքո­յի ծո­ցի շրջա­նի հա­յոց եւ ատրպէյ­ճանցի­ներուն կոչ կ՚ընենք բռնու­թե­նէ զերծ հա­ղոր­դակցու­թեան ու երկխօ­սու­թեան։ Այս մա­սին աւե­լի բո­վան­դա­կալից տե­ղեկու­թիւններ կրնաք ստա­նալ այ­ցե­լելով կամ ել- նա­մակ ու­ղարկե­լովotmdialogue2020gmail.com հաս­ցէին։

Խմբակ­ցութիւ­նը ինքզինք կը նկա­րագ­րէ հե­տեւեալ կեր­պով։

«Լե­րը Բա­նալ» Սան Ֆրան­սիսքո­յի ծո­ցի շրջա­նի հա­յոց եւ թուրքե­րուն երկխօ­սու­թեան խմբակ­ցութիւնն է։ Ոչ մէկ հայ կամ թուրք կազ­մա­կեր­պութեան հետ կապ ու­նի։ Ոչ մէկ պե­տու­թեան հետ ալ կապ չու­նե­ցող կազ­մը հա­սարա­կական բնոյթ ու­նի։ 2007-ին կեան­քի կո­չուած հար­թա­կը ամի­սը մէկ ան­գամ իր ան­դամնե­րուն տու­նե­րուն մէջ, իսկ այժմ սոց­ցանցե­րու մի­ջոցաւ կը մէկ­տե­ղուի։ Հիմ­նադրու­թե­նէն այ­սօր աւե­լի քան 90 մաս­նա­կից­ներ ու­նե­ցող խմբակ­ցութեան աշ­խա­տանքնե­րը այժմ կը շա­րու­նա­կուին 25 ան­դամնե­րով։ Յա­րատեւ երկխօ­սու­թիւնը ատե­լու­թեան պատ­գամներ փո­խան­ցող մա­մու­լին եւ ազ­գայնա­կան պա­տումնե­րուն դի­մաց այ­լընտրան­քա­յին մի­ջոց մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ։ Ան­դամնե­րը իրա­րու պատ­մութիւննե­րը մտեր­մութեան եւ փո­խադարձ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ կը լսեն։ Այս աշ­խա­տու­թիւնը սե­րունդնե­րու փո­խան­ցո­ւած բա­խումնե­րուն եւ ցե­ղասպանութեան վէրքերուն ընկալման կը ծառայէ։ Կը հաւատայ թէ բռնութիւն արտադրող հակամարտութիւնները հազիւ հաղորդակցութեամբ ու երկխօսութեամբ կը վերանան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ