Ո՞վ է դաւանանքային համակարգի հիմնադիրը Լիբանանի մէջ

ԱՅՇԷ ՀԻՒՐ

https://twitter.com/HurAyse/status/1292739523730976769

Նախ հաս­­­տա­­­­­­­տեմ հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը, ապա ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նեմ: Լի­­­բանա­­­նի տա­­­րած­­­քին դա­­­ւանան­­­քա­­­­­­­յին հի­­­ման վրայ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած հա­­­մակար­­­գը գործնա­­­կանա­­­պէս սկսած է Օս­­­մա­­­­­­­նեան տի­­­րապե­­­տու­­­թեան հետ 1516-ին, ապա 1842-ին ալ պաշ­­­տօ­­­­­­­նակա­­­նացած

Այդ տա­­­րի Սայ­­­տա­­­­­­­յի վար­­­չա­­­­­­­կան շրջա­­­նին մին Տուրզի, միւ­­­սը Մա­­­րու­­­նի եր­­­կու տե­­­ղապահ (քայ­­­մա­­­­­­­քամ) նշա­­­նակուեցան, որոնք են­­­թա­­­­­­­կայ էին Սայ­­­տա­­­­­­­յի կու­­­սա­­­­­­­կալին:

Աւե­­­լի ուշ ուղղա­­­բար յոյ­­­ներ ալ յա­­­տուկ տե­­­ղապահ ու­­­զե­­­­­­­ցին բայց չըն­­­դունո­­­ւեցաւ: 1845-ին երբ խնդիր­­­նե­­­­­­­րը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուէին, նոր հրո­­­վար­­­տակ մը հրա­­­պարա­­­կուե­­­ցաւ: Խառն բնակ­­­չութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող վայ­­­րե­­­­­­­րու մէջ փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը իրենց ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րով պի­­­տի կա­­­ռավա­­­րուէին: Բա­­­ցի այդ, իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր տե­­­ղապահ պի­­­տի գլխա­­­ւորէր 12 ան­­­դամնե­­­րէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող խառն խորհրդա­­­րան մը:

Մէ­­­կը տե­­­ղապա­­­հի փո­­­խանորդ, եր­­­կու տուրզի, եր­­­կու մա­­­րու­­­նի, եր­­­կու յոյն ուղղա­­­բար, եր­­­կու յոյն կա­­­թողի­­­կէ եւ մէկ շիա ան­­­դամնե­­­րէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող այդ կազ­­­մե­­­­­­­րով շուրջ 15 տա­­­րի հա­­­մեմա­­­տաբար աւե­­­լի խա­­­ղաղ շրջան մը ան­­­ցաւ 1860-ին տուրզի­­­ներու եւ մա­­­րոնի­­­ներու մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած արիւ­­­նա­­­­­­­լի բա­­­խումնե­­­րը երբ հա­­­սան մա­­­րոնի­­­ներու կո­­­տորա­­­ծին, Պոլ­­­սոյ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը մի­­­ջամ­­­տեց:

Վար­­­չա­­­­­­­պետ Ֆո­­­ւատ Փա­­­շա դա­­­տավա­­­րու­­­թիւննե­­­րով, մա­­­հավ­­­ճիռնե­­­րով, հա­­­տու­­­ցումնե­­­րով խա­­­ղաղու­­­թիւնը հաս­­­տա­­­­­­­տեց: Այդ հանգրո­­­ւանին Փրու­­­սիա, Ռու­­­սաստան եւ Աւստրիա հա­­­մագու­­­մար մը կա­­­յացու­­­ցին, որ­­­մէ բա­­­ցառո­­­ւած էր Ֆրան­­­սան: Կա­­­յացած որո­­­շումնե­­­րը 17 Յու­­­լիս 1861-ին Օս­­­մա­­­­­­­նեան պե­­­տու­­­թեան կող­­­մէ ալ վա­­­ւերա­­­ցուե­­­ցաւ Ահ­­­մէտ Ռե­­­ֆիք փա­­­շայի ձե­­­ռամբ:

Այս հա­­­մաձայ­­­նագրով պաշ­­­տօ­­­­­­­նակո­­­չու­­­մը եւ պաշ­­­տօ­­­­­­­նան­­­կութիւ­­­նը Պոլ­­­սոյ կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան կա­­­պուած Քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ նա­­­հան­­­գա­­­­­­­պետի կող­­­մէ կա­­­ռավա­­­րելի վար­­­չութեան մաս պի­­­տի կազ­­­մեն մէկ սուննի, չորս մա­­­րոնի, երեք տուրզի, մէկ յոյն կա­­­թողի­­­կէ, եր­­­կու յոյն ուղղա­­­բար եւ մէկ շիա ան­­­դամ: Նման վար­­­չա­­­­­­­կարգ պի­­­տի գոր­­­ծեր նաեւ ար­­­դա­­­­­­­րադա­­­տական հա­­­մակար­­­գէ ներս:

Այսպի­­­սով մա­­­րոնի­­­ներու ինքնա­­­վարու­­­թիւն տա­­­լով Պե­­­քաայի հո­­­վիտի եւ ծո­­­վեզե­­­րեայ շրջան­­­նե­­­­­­­րու մէջ Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թիւնը ամ­­­րա­­­­­­­ցուց իր գո­­­յու­­­թիւնը: Միւս կող­­­մէ չկրցաւ կան­­­խել 1866-ին Պէյ­­­րութի մէջ բո­­­ղոքա­­­կանաց բարձրա­­­գոյն վար­­­ժա­­­­­­­րանի (ապա Պէյ­­­րութի Ամե­­­րիկեան Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան) եւ 1875-ին ալ Սեն Ժո­­­զեֆ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի հիմ­­­նադրու­­­թիւնը

Լի­­­պերա­­­լիզ­­­մի եւ ազ­­­գայնա­­­կան գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւննե­­­րու շրջա­­­նի մէջ տա­­­րածո­­­ւելուն զու­­­գա­­­­­­­հեռ տուրզի­­­ները օս­­­մանցի­­­ներուն, մա­­­րոնի­­­ներն ալ ֆրան­­­սա­­­­­­­ցինե­­­րուն մեր­­­ձե­­­­­­­ցան։ Սա­­­կայն վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գը մին­­­չեւ աշ­­­խարհա­­­մար­­­տի նա­­­խօրէին նոյ­­­նութեամբ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուե­­­ցաւ։ Վար­­­չա­­­­­­­ձեւը խան­­­գա­­­­­­­րող կա­­­րեւո­­­րագոյն դէպ­­­քը 1914-ի Նո­­­յեմ­­­բե­­­­­­­րին թէ անգլիացի­­­ներու դէմ Քա­­­նալի պա­­­տերազ­­­մը վա­­­րելու եւ թէ կար­­­գա­­­­­­­պահու­­­թիւնը ապա­­­հովե­­­լու հա­­­մար Ճե­­­մալ Փա­­­շայի գա­­­լուստով եղաւ։ Փա­­­շային յանձնո­­­ւած էր չոր­­­րորդ զօ­­­րախումբի հրա­­­մանա­­­տարու­­­թեան կող­­­քին Սու­­­րիա, Պա­­­ղես­­­տին, Հի­­­ճազ եւ Կի­­­լիկիոյ ընդհա­­­նուր կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նը։ Փա­­­շայի առա­­­ջին գոր­­­ծե­­­­­­­րէն մէ­­­կը լեռ­­­նա­­­­­­­յին Լի­­­բանա­­­նի իր կող­­­մէ նշա­­­նակո­­­ւած հայ կա­­­թողի­­­կէ նա­­­հան­­­գա­­­­­­­պետ Յով­­­հաննէս Գու­­­յումճո­­­ւեանը պաշ­­­տօ­­­­­­­նազրկե­­­լով, անոր տեղ իտ­­­տի­­­­­­­հատա­­­կան Ալի Մու­­­նիխ Պէ­­­յը նշա­­­նակե­­­լը եղաւ։

Մա­­­րոնի­­­ներու պետ Հու­­­վէյխը Դա­­­մաս­­­կոս աք­­­սո­­­­­­­րեց։ Իսկ բուն աղէ­­­տը պա­­­տահե­­­ցաւ Ճե­­­մալ Փա­­­շայի վա­­­րած զօր­­­քե­­­­­­­րուն Փետ­­­րո­­­­­­­ւար եւ Օգոս­­­տոս 1915-ին Սու­­­վէյշի անցքը հսկող անգլիական զօր­­­քի դէմ յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մին ան­­­յա­­­­­­­ջողու­­­թեամբ։

Ճե­­­մալ Փա­­­շա որ­­­դեգրած էր եր­­­կու կող­­­մե­­­­­­­րուն վրայ ալ ճնշող քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւն մը։ 21 Օգոս­­­տոս 1915-ին լրտե­­­սու­­­թեան եւ օտար պե­­­տու­­­թիւննե­­­րուն գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թեան մե­­­ղադ­­­րանքով Պէյ­­­րութի մէջ կա­­­խաղան հա­­­նեց 11 արաբ ազ­­­գայնա­­­կան­­­ներ։ Տա­­­րածաշրջա­­­նի ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ արաբ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րէն շուրջ 2,000-ը աք­­­սո­­­­­­­րեց կայսրու­­­թեան հե­­­ռաւոր վայ­­­րե­­­­­­­րը։

1915-ի վեր­­­ջե­­­­­­­րուն Սու­­­րիոյ մէջ ըն­­­դե­­­­­­­ղէնի գի­­­ներու շատ բարձր սղաճ մը ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ, որ սո­­­վի պատ­­­ճառ դար­­­ձաւ։ Յա­­­ջորդ տա­­­րի վրայ հա­­­սաւ ժան­­­տախտի հա­­­մավա­­­րակը։ Այդ բո­­­լորէ վերջ Ճե­­­մալ Փա­­­շա դէ­­­պի ռազ­­­մա­­­­­­­ճակատ զի­­­նամ­­­թերք փո­­­խադ­­­րող շո­­­գեկառ­­­քե­­­­­­­րուն իբ­­­րեւ վա­­­ռելա­­­նիւթ Լի­­­բանա­­­նի մո­­­րինե­­­րը հա­­­տեց։ Բա­­­նակի անա­­­սու­­­նի եւ սննդե­­­ղէնի կա­­­րիքը հո­­­գալու հա­­­մար ար­­­ժեզրկո­­­ւած օս­­­մա­­­­­­­նեան թղթադ­­­րամնե­­­րով ժո­­­ղովուրդի ու­­­նե­­­­­­­ցուած­­­քը գրա­­­ւեց։ Այս բո­­­լորը Օս­­­մա­­­­­­­նեան վար­­­չութեան դէմ դժգո­­­հու­­­թիւնը բարձրաց­­­նող ազ­­­դակներ եղան։ Հետզհե­­­տէ զար­­­գա­­­­­­­ցան ազ­­­գայնա­­­կան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը։ Այս բո­­­լորին իբր հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն Ճե­­­մալ Փա­­­շայի հրա­­­հան­­­գով 1915-ի վեր­­­ջին օրե­­­րէն մին­­­չեւ 1916-ի Ապ­­­րիլ Սու­­­րիոյ եւ Լի­­­բանա­­­նի մէջ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ձեր­­­բա­­­­­­­կալու­­­թիւններ կա­­­տարո­­­ւեցան։ Ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւող­­­նե­­­­­­­րը կը մե­­­ղադ­­­րէին պե­­­տու­­­թեան դէմ դա­­­ւաճա­­­նելու, Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի եւ Անգլիոյ հսկո­­­ղու­­­թեան տակ արա­­­բական պե­­­տու­­­թիւն մը հիմ­­­նե­­­­­­­լու եւ օս­­­մանցի­­­ներուն մե­­­նաշ­­­նորհը դար­­­ձած հա­­­լիֆէու­­­թիւնը արա­­­բաց­­­նե­­­­­­­լու յան­­­ցանքնե­­­րով։ Սու­­­րիոյ Ալիէ գա­­­ւառին մէջ կա­­­յացող դա­­­տարա­­­նի մէջ 200 մե­­­ղադ­­­րեալ դա­­­տուե­­­ցան, որոնցմէ երե­­­քին հա­­­մար մա­­­հապա­­­տիժ վճռո­­­ւեցաւ։ Ճե­­­մալ Փա­­­շա չգո­­­հացաւ դա­­­տարա­­­նի վճի­­­ռով եւ ինք եւս որո­­­շեց 23 հո­­­գիի մա­­­հավ­­­ճի­­­­­­­ռը։ Վճիռ­­­նե­­­­­­­րը գոր­­­ծադրո­­­ւեցան 6 Մա­­­յիս 1916-ին։ Եօթը դա­­­տապար­­­տեալ Դա­­­մաս­­­կո­­­­­­­ս, 14-ն ալ Պէյ­­­րութ կա­­­խաղան հա­­­նուե­­­ցան։ Կա­­­րելի է ըսել,թէ Ճե­­­մալ Փա­­­շայի Սու­­­րիոյ եւ Լի­­­բանա­­­նի մէջ գոր­­­ծադրած բիրտ վար­­­չա­­­­­­­ձեւը եւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս ալ մա­­­հավ­­­ճիռնե­­­րը արաբ ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թեան հա­­­մար շրջա­­դար­­ձա­­­յին բնոյթ ու­­նե­­­ցան։ 6 Մա­­յիս թո­­ւակա­­նը Սու­­րիոյ եւ Լի­­բանա­­նի մէջ մին­­չեւ օրս կը յի­­շատա­կուի «Նա­հատակ­նե­րու օր» կո­չու­մով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ