Ի՞նչ է հայ ըլլալու յայտարարը

ԱՌՆՕ ԳԱԼԱՅՃԸ

(Փաստաբան, Նոր Զարթօնք Շարժումի անդամ)

Ո՞վ ենք «մենք»։ Ո՞վ է հայը։ Ո՞վ հայ ըլլալով ներկայանալու, հայ ինքնութիւնը իւրացնելու իրաւունք ունի։ Ո՞ր պայմաններու տակ մէկը միւսէն աւելի հայ կ՚ընդունինք։ Իսլամացած հայերը կարելի՞ է «մեզմէ» համարել։ Ո՞վ կը ստուգէ այս մասին չափանիշերը։ Օրերէ ի վեր այս ու նման հարցումներուն պատասխանները կը փնտռեմ։ Քաւ լիցի, որոշում կայացնողը ես չեմ։ Արդէն յստակ պատասխան մըն ալ չունիմ այս մասին։ Միայն գիտեմ, թէ մենք հայերս եթէ այս հարցումները կը հարցնենք, անոր ետին կայ ցեղասպանութիւն կոչուած աղէտը եւ շարունակուող ուրացումը ու ատելութիւնը։ Այս գրութիւնը կը գրեմ ոչ յստակ «մենք»ը բնութագրելու համար։ Կը յուսամ թէ ան նման հարցումներով միտքը զբաղած ուրիշներու համար նոր հարցադրումներ կը ներկայացնէ։

Շաբաթավերջին «Թուիթրեան» գրառումի մէջ բանավէճ մը ծագեցաւ։ Իսլամացուած հայ կնոջ մը թոռը ըլլալու իրողութիւնը յայտնաբերող ընկեր մը կը փորձէր համեստ եղանակներով հրապարակել իր անցեալը։ Անոր այդ փորձին դիմաց մի քանին պոլսահայ եղող խումբ մը հայեր փորձեցին հայութեան ստուգում կատարել։ Կը փորձէին իրականութեան մէջ երկրի մեծամասնութեան պատկանելով հանդերձ փոքրամասնութեան ինքնութիւնը իւրացնելով օգուտ ակնկալել կը վերագրէին իրեն։ Շարունակելով ոմանք պնդեցին թէ նոյնիսկ հօրենական կողմէ մեծ մայրը հայ ըլլայ, ան հազիւ 1/8 հայ է։ Հայ մշակոյթի եւ պոլսահայ քրիստոնեայի ապրած դժուարութիւններէն զերծ ըլլալով կարելի չէ հայ համարուիլ։ Չի կրնար հայոց անունով խօսիլ եւ չի կրնար հայապատկան քաղաքական դաշտին վրայ տեղ ունենալ։

Իրականութեան մէջ անոր վերագրուած մեծագոյն յանցանքը մեծ մօրը եւ անցեալի բռնութիւնով լեցուն շրջաններու իսլամացուած այլ կիներու մասին գիրք մը գրած ըլլալն է։

«Արմատներս նոր դաջիս վրայ» ըսելով նկարագրած նախադասութիւնը մեծ մայրիկէն փոխ առած է եւ հայատառ թարգմանութիւնը «դաջած» մաշկի վրայ։ Ինքզինք հայ համարած եւ Հրանդ Տինքի ոճրագործը փառաբանող Օզան Արիֆին գովերգեր հիւսող Քըլըչթարօղլուէն հաշիւ պահանջած է. «հայ մը ըլլալով»։

Եթէ չեմ սխալիր մինչեւ մօտ անցեալ տիրող համոզումի մը համաձայն Թուրքիոյ հայերը 1915-ին անխուսափելի մահէ մը մազապուրծ փրկուելով եւ ձեւով մը Իսթանպուլ հասնելով կենդանի մնացած քրիստոնեայ հայեր էին։ Աւելի ետք թրքերէն անուններ կրող անձնագրին մէջ «իսլամ» նշուած քրտախօս սասնեցի կամ տիարպէքիրցի հայերու հանդիպեցանք։ Զիրենք բաւականին հայ չգտնելով մերժեցինք երկար ժամանակ։ Ապա ես ամօթ զգացի։ «Դուք հայ չէք» ըսելով շարժող մատէն ամօթ զգացի։

Իսթանպուլի կամ այլ քաղաքներու մէջ քրիստոնեայ հայու ինքնութիւնով ապրողներս դար մը շարունակ փորձուեցան եւ տակաւին կը շարունակուինք փորձուիլ բռնութեան եւ ուրացումի քաղաքականութիւնով։ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը դիւրին գործ չէ։ Պէտք ալ չունիմ այդ դժուարութիւնը մերոնց պատմելու։ Սակայն նշեմ թէ այդ փորձը բոլորս նոյն սաստկութեամբ չենք ապրիր։ Այս գրութիւնը կարդացողներէն ոմանք «Մեղայ, մենք այստեղ շատ լաւ պայմաններով կ՚ապրինք» ըսին ու պիտի ըսեն։ Այդ իսկ պատճառաւ կարելի եղածին չափ շարունակող մշակութային կեանքով, սահմանները բռնութեամբ ճշդուած քաղաքական դաշտով այս ինքնութիւնը ի գին ամէն բանի պահածներս գիտենք մեր ապրած դժուարութիւնը։ Այդ փորձէ բաժին չստացողներուն մեզի հետ նոյն ինքնութեան բաժնեկից ըլլալուն դէմ առարկութիւնները հասկնալի են։ Բայց արդեօք այս է՞ իսլամացուած հայերուն շառաւիղներուն ըրածը։ Ըստ ինձ ոչ։ Բայց եթէ գլխուս փորձանք մը պիտի չբերէ օրերէ ի վեր ներքուստ հարցումը պիտի կրկնեմ. «Գողը բնաւ յանցանք չունի՞»։ Իրաւ ալ ինչո՞ւ համար այսօր նման նիւթի մը մասին կը վիճինք։ Ամէն բան մէկ կողմ թողունք անցեալով ու հետեւանքներով հանդերձ, եթէ հայկական ցեղասպանութիւն մը կատարուած չըլլար այս նիւթը չէինք խօսեր։ Ուրեմն փոխանակ հարուածներէն մազապուրծ փրկուած եաթաղանի հետ հաշիւ տեսնելու, մենք ալ անգիտակցաբար ուրիշ եաթաղա՞ն մը կը ճօճենք իրենց գլխուն վերեւ։

Ցեղասպանութիւնը թալանեց մեր ունեցուածը եւ չունեցուածը։ Մենք կ՚ապրինք այդ զարհուրանքէն մեզի բաժին ինկածը։ Կը գիտակցինք մեր եւ մեր հարազատներուն վիճակած աղէտին։ Բայց ես օրինակ աւելի քիչին կը տիրապետեմ։ Որովհետեւ ինծի չէ պատմուած եւ պատմելիք անձերն ալ կենդանի չեն։ Չեմ կրնար քանի մը նախադասութենէ աւելին կազմել։ Այս ալ «մեր» մասին չէ՞։ Ո՞վ կրնայ հատուցէ ինձմէ խնայուած իրողութիւնը։

Հապա իսլամացուած հայերը եւ անոնց շառաւիղները։ Ոմանք շատ փոքր էին եւ բան մը չեն յիշեր, ոմանք մեծ պայքար տարին չյիշելու համար։ Միւս կողմէ ոմանք ալ իր նմանները գտաւ ու գաղտնագողի փոխանցեց իրեն ժառանգուածը։ Շատեր զրկուեցան մեզի «մենք» դարձնող փոխանցումներէ։ Տարբեր անուններով անիրաւուած եւ անարդար կերպով հեռացան այս կեանքէն։

Հայութեան ի՞նչ ըլլալը բացատրելու պահուն 1915-ին այսօր իսկ դժուար հասկնալի եւ անհատուցելի հետեւանքներուն ուրացումին եւ յարատեւ բռնութեան դիմաց մայրենին կորսնցուցած, հաւատքն ու յիշողութիւնը պահպանելու դժուարացած մարդիկ չենք կրնար հայ ինքնութենէն արտաքսել։

Այս պահուն ես ինքնութիւնը վերագտած ազգակիցներս գրկելու եւ ամուր կրծքիս սեղմելու տրամադրութիւնով լեցուն եմ։ Ինծի վիճակողը անոնց գողացուած ինքնութիւնը վերակերտելու գործին մէջ ամբողջ կարողութիւնովս զօրակցիլն է։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ