Ուսման տարեմուտը անելի առջեւ

Պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րու մէջ ճգնա­ժամա­յին պայ­մաններ ստեղ­ծեց ուսման հա­մակար­գէ եւ դպրո­ցական կեան­քէ ներս։ Թուրքիոյ կրթա­կան նա­խարա­րու­թիւնը յե­տաձ­գեց ուսման տա­րեմու­տի հա­մար յայ­տա­րարած 31 Օգոս­տոս թո­ւակա­նը դէ­պի 21 Սեպ­տեմբեր։ Մինչ այդ կը ծրագ­րո­ւի հե­ռակայ ու­սուցման դրու­թիւնը եւ աւե­լի նո­ւազ աշա­կերտ ու­նե­ցած դա­սարան­նե­րով դէմ առ դէմ ուսման կա­րելիու­թիւննե­րը։ Այս ամ­բողջին մէջ հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­ներն ալ կը փոր­ձեն յաղ­թա­հարել իրենց յա­տուկ ու բազ­մաբնոյթ խնդիր­նե­րը։ Այս օրե­րուս հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադրու­թիւնը ալ աւե­լի ուղղո­ւած է դէ­պի Էսաեան վար­ժա­րան, ուր մին­չեւ օրս կա­րելի չէ եղած պաշ­տօ­նանկ եղած զոյգ տնօ­րէն­նե­րուն տեղ նոր նշա­նակումներ կա­տարել։ Եթէ փակ դռնե­րու ետին գաղտնի կար­գադրու­թիւններ չեն կա­տարո­ւած շատ հա­ւանա­կան է, որ Էսաեան վե­րամու­տը դի­մաւո­րէ թէ նա­խակրթա­րանի եւ թէ երկրոր­դա­կան բաժ­նի մէջ առանց տնօ­րէնի։

Բա­ցի այս բո­լորէն առ­կայ ան­յա­ջող մի­ջավայ­րի բեր­մամբ հրա­ժարած են եր­կու ար­ժէ­քաւոր ու­սուցչու­հի­ներ Ար­մա­ւենի Մի­րօղ­լու եւ Եւա Պիւ­յիւքսիմ­քէ­շեան։ Հա­յերէ­նի վաս­տա­կաւոր ու­սուցչու­հի Ար­մա­ւենի Մի­րօղ­լու «Ակօս»ին յայտնեց թէ չէ հաշ­տո­ւած զոյգ տնօ­րէնու­հի­ներու այսպէս ան­բա­րոյ ձե­ւով պաշ­տօ­նազրկման։ Անգլե­րէնի ու­սուցիչ Եւա Պիւ­յիւքսիմ­քէ­շեան ալ Դտմա­տետ­րի գրա­ռումնե­րով բաժ­նեց նոյն կար­ծիքնե­րը եւ վերջ տո­ւաւ այս վար­ժա­րանէ ներս տա­րած աւե­լի քան 24 տա­րինե­րու ծառայութեան։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ