Անկասելի բռնութիւնը ամենուրէք

Թուրքիա կի­­ներու դէմ գոր­­ծո­­­ւած յար­­ձա­­­կումնե­­րը եւ սպա­­նու­­թիւննե­­րը հա­­սած են ան­­հանդուրժե­­լի հա­­մեմաու­­թիւննե­­րու։ Սո­­վորա­­կան դար­­ձած է բռնու­­թեան սան­­ձարձակ երե­­ւոյթնե­­րը։ Ամէն օր կը պա­­տահի բռնու­­թեան սահմռկե­­ցու­­ցիչ նոր դէպք մը, որ իր կար­­գին ստո­­ւերի տակ կը թո­­ղու մէկ օր առաջ պա­­տահած նոյնքան սար­­սա­­­փելի մի այլ օրի­­նակ։ Վեր­­ջին քա­­նի մը օրե­­րու ըն­­թացքին այ­­լեւս բո­­լորո­­վին տե­­սանե­­լի դար­­ձաւ Վան Շա­­տախ գա­­ւառի մէջ իրենց ար­­տը մշա­­կող եր­­կու գիւ­­ղա­­­ցինե­­րուն զի­­նուոր­­նե­­­րու կող­­մէ բռնա­­բարու­­մը։ Եր­­կու գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը նախ ան­­յայտա­­ցան եւ ոչ ոք կրցաւ տե­­ղեկու­­թիւն մը լսել իրենցմէ։ Ապա պար­­զո­­­ւեցաւ որ անոնք կը գտնո­­ւին Վա­­նի հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ ծան­­րօ­­­րէն վի­­րաւորուած վի­­ճակով։ Ապա ակա­­նատես­­ներ յայտնե­­ցին թէ զի­­նուոր­­նե­­­րը եր­­կու գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը բռնօ­­րէն դրած են ուղղա­­թիռի մէջ եւ ուղղա­­թիռը բարձրա­­նալէն ետք ալ դէ­­պի ցած շպրտած։ Առա­­ջին հեր­­թին ան­­տե­­­սուե­­ցաւ այս վկա­­յու­­թիւնը բայց շու­­տով վրայ հա­­սաւ բժշկա­­կան տե­­ղեկա­­գիրը, որ իր կար­­գին կը հաս­­տա­­­տէր ակա­­նատես­­նե­­­րու վկա­­յու­­թիւնը։ Գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը վի­­րաւո­­րուած էին բար­­ձունքէ մը իյ­­նա­­­լու հե­­տեւան­­քով։ Այդ յայ­­տա­­­րարու­­թե­­­նէն ետք մին­­չեւ այդ լուռ մնա­­ցած Վա­­նի կու­­սա­­­կալը պնդեց որ «Գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը զի­­նուոր­­նե­­­րը տես­­նե­­­լով փա­­խուստի դի­­մած եւ ին­­կած են փլու­­րէ մը վար–։ Ան­­շուշտ որ այս բա­­ցատ­­րութիւ­­նը ոչ ոքի գո­­հացու­­ցիչ թո­­ւացած է եւ հի­­մա կը բարձրա­­ցուի այն հար­­ցումը թէ ո՞վ հրա­­հան­­գեց այս գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու բեր­­ման են­­թարկո­­ւելը կամ ալ ինքնա­­թիռէն վար շպրտո­­ւիլը։

Նա­­խորդ շաբ­­ա­­­թուայ ըն­­թացքին Սա­­քարիա քա­­ղաքի մէջ քիւրտ եղա­­նակա­­ւոր բա­­նուոր­­նե­­­րը եւ Սամ­­սունի մէջ ալ սու­­րիացի պա­­տանի մը ցե­­ղապաշտ յար­­ձա­­­կումնե­­րու դի­­րախը դար­ձան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ