Ան արժանի էր՝ մենք անարժան

ՔԱՅՈՒՇ ՉԱԼԸՔՄԱՆ ԿԱՎՐԻԼՈՖ

1996 թո­ւին առա­ջին ան­գամ էր որ կ՚այ­ցե­լէինք Հա­յաս­տան։ Մտքեր­նիս, սրտեր­նիս հոն թո­ղելով վե­րադար­ձանք։ Թէ ըն­տա­նեկան հա­րազատ­նե­րուս հետ հան­դի­պիլ եւ թէ նոր կազ­մած բա­րեկա­մու­թիւննե­րը կը վկա­յէին թէ այս մէ­կը պարզ թու­րիստա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը չէր։

Այդ թո­ւակա­նէն ետք ամէն ամառ Հա­յաս­տան կ՚եր­թամ եւ հոն մէկ-երըու ամիս անցնե­լէ ետք ծո­ցատետ­րիս նոր հե­ռախօ­սահա­մար­ներ սրտիս մէջ նոր բա­րեկամ­նե­րու ջեր­մութիւ­նը լցրած, լաց ու կո­ծով կը վե­րադառ­նամ իմ իրաւ կեան­քիս։

98-ի ամառ էր, դպրւցնե­րը ար­ձա­կուած էին ու մենք դար­ձեալ դէ­պի Հա­յաս­տան ճամ­բորդու­թեան պատ­րաստու­թեան մէջ։ Մեր շատ սի­րած մօ­րաքոյ­րը խօ­սած էր Գեր­մա­նիայէն Վա­նաձոր գաղ­թած ազ­գա­կանին մա­սին։ Խնդրած էր, որ եր­թամ ու այ­ցե­լեմ զինք։ Զար­մա­նալի զու­գա­դիպու­թիւն, յի­շած ազ­գա­կանը իմ ման­կութեան ըն­կե­րու­հիս էր։ Բայց ոչ հե­ռախօ­սահա­մար կար եւ ոչ ալ հաս­ցէ։

«Շատ պար­զ է գտնե­լը, Վա­նաձո­րի մուտքին աջ թե­ւի վրայ եկե­ղեցի մը կայ, հոն այ­ցե­լելով Սե­պուհ Սրբա­զանը կը գտնես եւ ան ալ քեզ կը հան­դի­պեց­նէ ըն­կե­րոջդ հետ» ըսած էր մօ­րաքոյ­րը։ Մին­չեւ Վա­նաձոր գալ ու Սե­պուհ Սրբա­զանը գտնե­լը ամէն ինչ կար­գին ըն­թա­ցաւ։ Բուն խնդի­րը պի­տի ծա­գէր Սե­պուհ Սրբա­զանի հետ ծա­նօթա­նալէ ետք։ Նախ ո՞վ էի, Վա­նաձոր լո՞կ ըն­կե­րու­հիս գտնե­լու հա­մար եկած էի։ Ո՛չ, Ալա­վեր­տի ազ­գա­կան­նե­րուս եր­թա­լու ճամ­բուն վրայ ու­զած էի զինք ալ տես­նել։ Շատ քիչ ժա­մանակ ու­նէի եւ կ՚աճա­պարէի ըն­կերս տես­նե­լու հա­մար։ Կը շա­րու­նա­կուէր հարց ու փոր­ձը։ Ազ­գա­կան­ներս ո՞վ էին, Սե­պուհ Սրբա­զան կը ճանչնա՞ր զի­րենք, ո՞վ էր Գե­ղամը, ի՞նչ գործ կ՚ընէր, ո՞վ ինչպէ՞ս եղած էր որ ըն­տա­նիքին կէ­սը Հա­յաս­տան էին, իսկ կէ­սը Թուրքիա։ Առանց այս հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելու չէի կրնար քայլ մը անցնիլ։ Ճիշդ կը կար­ծէի թէ վեր­ջա­ցած է հարց ու փոր­ձը, այս ան­գամ թրքե­րէնով դի­մեց. «Մեր տղան ինչպէ՞ս է, գո՞հ ենք իր­մէ»։ Զար­մա­ցած էի ոչ թէ հար­ցումէն, այլ թրքե­րէնէն։ Տա­րօրի­նակ նա­խազ­գա­ցու­մով իս­կոյն պա­տաս­խա­նեցի։ «Կեց­ցէ՛ս ար­թուն աղ­ջիկ ես» ըսաւ։ Ես այդ օր, այդ պա­հուն ներ­քուստ «Մեր տղան շատ կը սի­րեմ, բայց կար­ծես դուն ալ կը պատ­շա­ճէիր այդ աթո­ռին» մտա­ծեցի։ Այդ պա­հուն ուրկէ՞ գիտ­նա­յի թէ յա­ռաջա­ցող տա­րինե­րուն ան­հա­ւատա­լի դառն զար­գա­ցումներ պի­տի ապ­րո­ւի եւ ինք, այդ աթո­ռին բարձրա­նայ խոր­հե­լով Շու­շա­նիկ Կուրղի­նեանի խօս­քե­րով. «Ղա­րիպ աղ­բեր արի մեր տուն, էս էլ հա­յի օճախ է» ըսե­լով կոչ պի­տի ու­նե­նայի Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբի հա­ւաքոյթնե­րէն մէ­կուն։ 98-ին սկսող մեր ծա­նօթու­թիւնը յատ­կա­պէս իր ջան­քե­րով ժամ­նա­կի ըն­թացքին բա­րեկա­մու­թեան վե­րածո­ւեցաւ։ Ես վա­րանող եմ։ Ան­հանգիստ կ՚ընեմ մտա­հոգու­թեամբ չէի զան­գա­հարեր։ Ինք կը զայ­րա­նար իմ այդ վա­րանու­մին եւ «Խենդ աղ­ջիկ» ըսե­լով կը սաս­տէր։ Անցնող այդ տա­րինե­րու ըն­թա­քին ինձմէ միայն մէկ ակնկա­լու­թիւն ու­նե­ցած էր, ամառ­նե­րը իր հիմ­նած ճամ­բա­րին մէջ երա­խանե­րուն հետ բրու­տա­գոր­ծութիւն ընեմ։ Կեան­քիս մին­չեւ վեջ պի­տի ընկճո­ւիմ իր այդ ցան­կութիւ­նը իրա­կանա­ցու­ցած չըլ­լա­լուս հա­մար։

Հրանդ Տինք Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբին, «Քար­տէս Թիւրքիւ­լեր» խումբի հետ միասին կազ­մա­կեր­պած հա­մեր­գէն շատ ազ­դո­ւած էր։ Այդ հա­մեր­գի նկա­րագ­րա­կանը գրե­լու պա­հուն ձայ­նած էր իր բա­րեկամ քիւրտ վի­պագիր Մեհ­մետ Ու­զունին. «Կրնա՞ս երե­ւակա­յել թէ այս կազ­մը հա­մեր­գը կրկնէ Հա­յաս­տան» հարցնե­լով։

Հրանդ Տինք սպա­նուե­ցաւ։ Իր մա­հով Թուրքիոյ մէջ նոր շրջան մը բա­ցուե­ցաւ։ Հա­յերը փիւ­նի­կի նման իրենց մոխիր­նե­րէն վե­րակեն­դա­նացան։ Թուրքե­րը անդրա­դար­ձան հա­յերուն գո­յու­թեան, իսկ սփիւռքն ու Հա­յաս­տանն ալ թուրքիացի հա­յերուն։ Սկսան հա­սարակ ծրա­գիր­ներ մշա­կուիլ։ Երթ ու դար­ձե­րով նոր շար­ժում մը գո­յացաւ։ Մենք՝ Սա­յաթ Նո­վացի­ներս «Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր» խումբի հետ վա­ղուց մտադ­րած քայ­լի մը ձեռ­նարկե­ցինք։ Սկսանք Հայ­աստա­նի մէջ միաս­նա­բար հա­մերգ մը ծրագ­րե­լու մի­ջոց­ներ որո­նել։ Այդ խոր­հուրդին խթան հան­դի­սացաւ Հրանդ Տին­քի երա­զան­քը, որ հի­մա մեր առ­ջեւ կտա­կի մը վե­րածո­ւած էր։ Նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րու հա­մար Հայաստան գա­ցինք։ Այդ պա­հուն Սե­պուհ Սրբա­զան ալ մաս­նակցե­ցաւ այս ծրագ­րին։ Ու­զեց որ Երե­ւանէն ետք Վա­նաձո­րի մէջ ալ հա­մերգ մը սար­քենք։ Այս ծի­րէն ներս ես եւ «Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր»էն Իւլքէր Ունճու զինք այ­ցե­լեցինք իր քա­ղաքին մէջ։ Այ­լեւս ոչ թէ քա­ղաքի մուտքին այդ պատ­մա­կան եկե­ղեցին, այլ կեդ­րո­նը իր իսկ կա­ռու­ցած Առաջ­նորդա­րանը կը բնա­կէր։ Մին­չեւ իրեն հան­դի­պինք կը տի­րէր որոշ պաշ­տօ­նակա­նու­թիւն մը։ Իսկ հան­դի­պած պա­հուն այդ ծան­րութիւ­նը իս­կոյն վե­րացաւ։ Ըն­դարձակ դահ­լի­ճի մը մէջ սե­ղանի մը շուրջ սկսանք զրու­ցել։ Անի­մաստ էր մեր ծրա­գիրը բա­ցատ­րե­լու ջան­քե­րը։ Ան կար­ծես հա­զարա­ւոր քմ. հե­ռաւո­րու­թե­նէն ար­դէն մեր կող­քին էր։ Թէ ինչ ընել կ՚ու­զէինք, ինչ կը նպա­տակադ­րէինք մեզ­մէ աւե­լի լաւ բա­ցատ­րեց մե­զի։ Եր­կու ամիս շա­րու­նակ արհեստա­վար­ժը կամ սի­րողա­կանը աւե­լի քան հա­րիւր հո­գիի ներդրու­մը ապա­հոված մեր Հա­յաս­տա­նեան հա­մեր­գի Վա­նաձո­րի ելոյ­թը ինք առան­ձին կազ­մա­կեր­պեց։ Հա­մեր­գի սկզբին ժո­ղովուրդին ուղղած ելոյ­թով քա­ղաքի բնակ­չութիւ­նը եւ մեզ ընդգրկող ցանց մը գո­յացուց։ Այդ օրը յու­զումնա­խառն եր­ջանկու­թիւնով մը դրոշ­մո­ւած կը մնայ մեր յի­շողու­թեան մէջ։

Տա­րիներ շա­րու­նակ վառ պա­հեց իր ծննդա­վայր հետ կա­պը։ Ամառ­նե­րը այ­ցե­լելով Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի վան­քե­րը, եկե­ղեցի­ները զգաց հա­յու ոգին այս հո­ղերու վրայ։ Քա­նի մը տա­րի առաջ ես Մա­լաթիա պի­տի եր­թա­յի, մտա­բերե­ցի իրեն զան­գա­հարել։ Հե­ռախօ­սակա­պով Մա­լաթիոյ շրջապ­տոյտ մը ըրաւ կար­ծես։ Այս եր­կի­րը թէեւ զինք չճանչցաւ ար­ժա­նի կեր­պով, Սե­պուհ Սրբա­զան շատ լաւ կը ճանչնար եր­կի­րը։ Կը հե­տեւէր Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րուն ու նաեւ հե­ռուստա­ցոյ­ցի սե­րիալ­նե­րուն։ Նոյ­նիսկ ին­ծի ան­ծա­նօթ եր­գիչներ կը ճանչնար, եր­գե­րը գի­տէր ու եթէ տրա­մադ­րութիւ­նը տեղն էր ինք ալ կ՚եր­գէր ու ապա կը քրքջար։

Կը սի­րէր այս հո­ղերը առեւ­մուտքով եւ արե­ւել­քով։

Իր կո­րուստին հետ չհաշ­տո­ւող­նե­րը չեն թաքցներ անոր պատ­րիար­քա­կան թեկ­նա­ծու­թեան ար­գելք եղող­նե­րու հան­դէպ իրենց բար­կութիւ­նը։ «Եթէ Պո­լիս ըլ­լար թե­րեւս չէր հի­ւան­դա­նար» կը խոր­հին։ Չեմ բաժ­ներ այդ կար­ծի­քը։ Ան հոս ալ ըլ­լար պի­տի վա­րակո­ւէր, որով­հե­տեւ հոս ալ ինքզինք պի­տի չմե­կու­սացնէր իր ժո­ղովուրդէն։ Պի­տի այ­ցե­լէր հի­ւանդնե­րու բա­կարան­նե­րը, պի­տի նա­խագա­հէր թաղ­ման արա­րողու­թիւննե­րուն եւ խնա­մատար հօր մը նման պի­տի չխու­սա­փէր փոր­ձանքնե­րուն հետ պայ­քա­րելէ։ Հայ աշ­խարհը Սե­պուհ սրբա­զանի մա­հով կորսնցուց մեծ ար­ժէքնե­րով օժ­տո­ւած հո­գեւո­րական մը, մար­դու հան­դէպ սէ­րով լե­ցուն մտա­ւորա­կան մը, բա­րեկամ մը, եղ­բայր մը, ըն­կեր մը եւ մա­նաւանդ իրաւ հայ­րե­նասէր մը։ Գա­լով Պոլ­սոյ հա­յերուն անոնք դեռ տա­րի մը առաջ զի­րենք խեղ­դա­մահ ըլ­լա­լէ փրկե­լիք առաջ­նորդը իրենց ձեռ­քե­րով վա­նեցին։ Հի­մա թող նստին ու լուռ ու մունջ ող­բան կորցրածին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ