Ափսոսանք

Կը խնդրենք քեզ­մէ միասին երե­ւակա­յենք,

Երե­ւակա­յենք որ դուն Սե­պուհ սրբա­զան չըլ­լա­յիր։

Չըլ­լա­յիր եւ «Եկէք Վա­նաձմր միասին հա­մերգ մը կազ­մա­կեր­պենք» չը­սէիր։

Մեզ հրա­ւիրած չըլ­լա­յիր եր­բեք։

Բեմ չբարձրա­նայինք քու գե­ղեցիկ քա­ղաքիդ մէջ։

Այդ ան­մո­ռանա­լի օրե­րը ապ­րած չըլ­լա­յինք բնաւ։

Ծա­նօթա­ցած չըլ­լա­յինք քե­զի հետ։

Կամ դուն միայն ոեւէ սրբա­զան մը ըլ­լա­յին մե­զի հա­մար։

Ազ­դե­ցիկ խօսքդ, իմաս­տուն միտքդ՝ անուշ ժպիտդ, մտեր­մութիւնդ…

Վա­յելած չըլ­լա­յինք բո­լոր ասոնք։

Սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­ւաքո­ւած չըլ­լա­յինք քե­զի հետ։

Խնդրենք դար­ձեալ երե­ւակա­յենք դուն Վա­նաձոր չըլ­լա­յիր այս օր։

Տար­բեր ըլ­լար այս վեր­ջին տա­րին։

Մե­զի աւե­լի մօտ ըլ­լա­յիր։

Այ­սօր հոս ըլ­լա­յիր։

Ժահ­րը չըլ­լար։

Պա­տերազ­մը չըլ­լար։

Բո­լոր այդ տղեր­քը չկորսնցնէին իրենց կեան­քը։

Բնաւ ապ­րած չըլ­լա­յինք 2020-ը։

Դուն վախ­ճա­նած չըլ­լայիր։

Ի՞նչ կ՚ըլ­լար, ի՞նչ կ՚ըլ­լար Սրբա­զան։

Եթէ մենք այս լու­րը ստա­ցած չըլ­լա­յինք եր­բեք։

Սի­րելի Սե­պուհ Սրբա­զան չենք հաշ­տո­ւած դառն իրո­ղու­թեան հետ։ Բայց ի զուր է ճշմար­տութեան դէմ մեր դի­մադ­րութիւ­նը։ Իրո­ղու­թիւնը այն է թէ եկար ու դպչար մեր կեան­քե­րուն, խոր հետ­քեր թո­ղու­ցիր մեր յի­շողու­թեան մէջ եւ հաս­տատ որ յի­շատակդ ան­թա­ռամ կը մնայ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւրին սրտե­րուն։ Քա­նի որ լու­սե­ղէն առա­գաս­տով հե­ռացար մեզ­մէ մենք կը շա­րու­նա­կենք քու լոյ­սի ճամ­բով։ Խունկ ու յար­գանք յի­շատա­կիդ։

Սա­յաթ Նո­վա Երգչախումբ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ