Թուրքիոյ թատրոնի պատմութիւնը «Քուլիս»ի ոտնահետքով

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յակոբ Այ­­վա­­­զի հիմ­­նադրած, 1946-1996 թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ ան­­խա­­­փան 50 տա­­րի հրա­­տարա­­կուած հա­­յերէն թատ­­րո­­­նի պար­­բե­­­րական «Քու­­լիս», ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի ձե­­ւաչա­­փով կը ներ­­կա­­­յանայ հան­­րութեան։ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի, Եափը Քրե­­տի Գե­­ղարո­­ւես­­տի եւ Մշա­­կոյ­­թի հրա­­տարակ­­չութեան ու Թուրքիոյ Թա­­տերա­­կան Հիմ­­նարկի հա­­մագոր­­ծակցու­­թեամբ պատ­­րաստո­­ւած «Քու­­լիս՝ Թատ­­րո­­­նի Յի­­շողու­­թիւն Մը, Յա­­կոբ Այ­­վազ» ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բա­­ցու­­մը կա­­յացաւ պար­­բե­­­րակա­­նի առա­­ջին հա­­մարի հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն ու­­ղիղ 74 տա­­րի ետք 15 Դեկ­­տեմբե­­րին Եափը Քրե­­տի Մշա­­կոյ­­թի Կեդ­­րո­­­նին մէջ։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին բա­­ցի «Քու­­լիս»ի էջե­­րէն, կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի նաեւ Այ­­վա­­­զի ան­­հա­­­տական հա­­ւաքա­­ծոյէն նմոյշներ եւս։ 1800-ական տա­­րեթի­­ւերու վեր­­ջե­­­րէն մին­­չեւ այ­­սօր Թուրքիոյ բե­­մի մա­­սին բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւննե­­րու կող­­քին Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի անձնա­­կան ճի­­գերով հա­­ւաքած նիւ­­թերն ալ շա­­հեկան անդրա­­դարձ մը կ՚ապա­­հովեն Թուրքիոյ թատ­­րո­­­նի պատ­­մութեան մէջ։ Երեք բա­­ժին­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի քու­­րա­­­թէօր­­ներն են Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկէն Պա­­նու Աթ­­չա, Եափը Քրե­­տի Գե­­ղարո­­ւես­­տի եւ Մշա­­կոյ­­թի հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նէն Քեւ­­սէր Կիւ­­լէր եւ Թուրքիոյ Թատ­­րո­­­նի Հիմ­­նարկէն ալ Էսէն Չա­­մուրտան։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի առա­­ջին հա­­տուա­­ծին մէջ կեն­­սագրա­­կան տե­­ղեկու­­թիւններ կը փո­­խան­­ցո­­­ւի Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի բե­­մըն­­կերներ եղած Մուհսին Էր­­թուղրուլ կամ Թո­­թօ Գա­­րաճա­­յի նման անուննե­­րէ։

Երկրորդ հա­­տուա­­ծի մէջ հան­­դի­­­սատե­­սը կը գտնէ «Քու­­լիս»ի ար­­խի­­­ւը։ Եր­­րորդ հա­­տուա­­ծը նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Պոլ­­սոյ հին ու նոր թատ­­րո­­­նի շէն­­քե­­­րը։

Հրա­­տարա­­կու­­թեան 50 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին զա­­նազան զի­­նուո­­րական յե­­ղափո­­խու­­թիւննե­­րու ակա­­նատես դար­­ձած «Քու­­լիս» նաեւ ապ­­րած է 6-7 Սեպ­­տեմբե­­րի դէպ­­քե­­­րէն իրեն վի­­ճակած բա­­ժինը։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի ըն­­թացքին կը հան­­դի­­­պինք պար­­բե­­­րակա­­նի այդ օրե­­րուն զու­­գա­­­դիպող հա­­մարին, որ ու­­շադրու­­թեան կ՚ար­­ժա­­­նանայ «Ըն­­թերցող­­նե­­­րուն» խո­­րագ­­րեալ խմբագ­­րա­­­կան մը։ «Քու­­լիս եր­­կար տա­­րիներ է որ առանց իր սկզբունքնե­­րէն շե­­ղելու կը շա­­րու­­նա­­­կէ հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։ Ող­­բերգա­­կան 6 Սեպ­­տեմբե­­րի գի­­շեր չար ձեռ­­քեր թա­­լանե­­ցին նաեւ թեր­­թիս տպո­­ւած «Վա­­րոլ» տպա­­րանը։ 15 Սեպ­­տեմբե­­րին հրա­­տարա­­կելի հա­­մարին բո­­լոր էջե­­րը ար­­դէն իսկ պատ­­րաստ էին, բայց չա­­րագործներ ամէն ինչ կոտ­­րե­­­ցին, թա­­փեցին ու փո­­ղոց նե­­տեցին։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ թեր­­թի առա­­քու­­մը քա­­նի մը օր ու­­շա­­­ցաւ։ Վեր­­ջա­­­պէս բա­­զում դժուարու­­թիւններ յաղ­­թա­­­հարե­­լով յա­­ջողե­­ցանք մեր խմբագ­­րա­­­տան մէջ վերստին աշ­­խա­­­տելու։ Աս­­տո­­­ւած մեզ հետ։ Կը յու­­սանք թէ շու­­տով կը դա­­սաւո­­րենք մեր աշ­­խա­­­տու­­թիւնը եւ ամուր քայ­­լե­­­րով կը կա­­տարենք մեր առա­­քելու­­թիւնը» ըսուած է հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ