Խաղաղութեան ձօնուած երեք շունչ՝ «Ա.Կ.Ա.» եռեակը

Երեք տա­րի առաջ թուրքիացի, հա­­յաս­­տանցի ու վրա­­ցի երեք երի­­տասարդ երա­­ժիշտնե­­րու նա­­խաձեռ­­նութեամբ Պեր­­լի­­­նի մէջ հիմ­­նո­­­ւեցաւ «Ար­­մե­­­նիա», «Կէոր­­կիա» եւ «Անա­­թոլիա» անուննե­­րու սկզբնա­­տառով «Ա.Կ.Ա.» եռեակը։ Այդ կազ­­մի առա­­ջին հունձքը՝ «Meeting-Հան­­դի­­­պում» ալ­­պո­­­մը վեր­­ջերս «Նաք­­սոս Ուորլտ/ Արք Մու­­զիք» ըն­­կե­­­րու­­թեան կող­­մէ հրա­­պարակ իջաւ։ Խումբի մէջ Մի­­քայիլ Եաքութ աքոր­­տիոն, Ար­­սէն Պետ­­րո­­­սեան տու­­տուկ, Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ սրինգ ու կի­­թառով կը նո­­ւագեն Անա­­թոլիայի ու Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սի աւան­­դա­­­կան մե­­ղեդի­­ները։ Թէեւ այդ նո­­ւագա­­րան­­նե­­­րը լայն տա­­րածու­­թիւն ու­­նին այդ երկրա­­մասի մէջ, սա­­կայն անոնց միաս­­նա­­­կան նո­­ւագակ­­ցութիւ­­նը ան­­սո­­­վոր էր մեր ականջնե­­րուն։ Անոնք յա­­ջողած էին «Թամ­­զա­­­րա», «Էրզրու­­մի Շո­­րոր», «Նազ Պար», «Պին­­կէօլ», «Բա­­թարա Կի­­կօ», «Նու­­պար- Նու­­պար» կամ «Քե­­թօ տա Քո­­թէ»ի նման հան­­րա­­­ծանօթ մե­­ղեդի­­ները նոր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւնով ներ­­կա­­­յաց­­նել։

Եռեակը իր աշ­­խա­­­տու­­թիւնը հրա­­պարա­­կած էր ճիշդ ալ պա­­տերազ­­մի վերսկսած օրե­­րուն, «խա­­ղաղու­­թիւնը ու միաս­­նութիւ­­նը» ընդգծե­­լու հե­­ռան­­կա­­­րով։

Ինչպէ՞ս ծնաւ «Ա.Կ.Ա.» եռեակը։

Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ- 2017-ին Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի «Սահ­­մաննե­­րը Հա­­տել» ծրագ­­րի շրջա­­նակ­­նե­­­րով, «թրքե­­րէնա­­ցուած հայ­­կա­­­կան եր­­գե­­­րը» ու­­սումնա­­սիրե­­լու հա­­մար այ­­ցե­­­լած էի Երե­­ւան։ Կո­­միտա­­սի անո­­ւան երաժշտա­­նոցի մէջ Ար­­սէ­­­նի հետ տա­­սը օր շա­­րու­­նակ, յատ­­կա­­­պէս հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին, առանց նշում ընե­­լու պե­­տական եր­­գա­­­ցան­­կին գրան­­ցո­­­ւած կամ փոփ ժան­­րի մէջ իւ­­րա­­­ցուած հայ­­կա­­­կան երաժշտու­­թեան օրի­­նակ­­նե­­­րը ու­­սումնա­­սիրե­­ցինք։ Պեր­­լին վե­­րադար­­ձիս այս մա­­սին պատ­­մե­­­ցի նաեւ Մի­­քայի­­լին։ Վրաս­­տա­­­նէն Թուրքիա գաղ­­թողնե­­րու մի­­ջոցաւ կամ Ռուս- Օս­­մա­­­նեան պա­­տերազմնե­­րու շրջա­­նին Սեւ Ծո­­վու արե­­ւելեան հա­­տուա­­ծի կամ Ղար­­սի շջան­­նե­­­րուն մշա­­կու­­թա­­­յին փո­­խազ­­դե­­­ցու­­թիւններ ապ­­րո­­­ւած են։ Այս յայտնա­­բերու­­մով գո­­յացաւ նման եր­­գե­­­րը մէկ­­տե­­­ղելու խոր­­հուրդը, որ ծնունդ տո­­ւաւ «Ա.Կ.Ա.» եռեակի կազ­­մութեան։

Ար­­սէն Պետ­­րո­­­սեան- Երե­­ւանեան օրե­­րուն Մա­­հիրի հետ որո­­շած էինք միաս­­նա­­­բար հա­­մերգ մը սար­­քել։ 2018-ի Մար­­տին այլ նա­­խագ­­ծով հիւ­­րա­­­համեր­­գի հա­­մար Պեր­­լին կը գտնո­­ւէի։ Մեր նա­­խապէս որո­­շած հա­­մեր­­գի հա­­մար յար­­մար առիթ մըն էր։ Մա­­հիր Մի­­քայիլն ալ հրա­­ւիրեց մե­­զի մաս­­նակցե­­լու։ Այսպէ­­սով Քրէուզպեր­­կի փոք­­րիկ սրճա­­րանի մը մէջ սար­­քե­­­ցինք մեր անդրա­­նիկ հա­­մեր­­գը, որ կո­­չած էինք «Հան­­դի­­­պում» ու աւե­­լի ետք դար­­ձաւ նաեւ ալ­­պո­­­մի անու­­նը։ Հա­­մեր­­գէն առաջ միայն մէկ ան­­գամ փորձ կա­­տարած էինք։ Սրճա­­րանը թէեւ փոքր էր, բայց մար­­դա­­­շատ։ Թէ մեզ եւ թէ ունկնդի­­րին հա­­մար տպա­­ւորիչ մի­­ջավայր մը գո­­յացած էր։

Ինչպէ՞ս պատ­­րաստե­­ցիք եր­­գա­­­ցան­­կը։

Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ- Նախ­­քան Երե­­ւան եր­­թալ, ու­­սումնա­­սիրած էի կարգ մը եր­­գեր, որոնց վրայ եր­­կար զրու­­ցած էինք Ար­­սէ­­­նի հետ։ Պեր­­լին դառ­­նա­­­լով Մի­­քայի­­լի հետ ալ աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցանք կարգ մը գոր­­ծե­­­րու վրայ, որոնք նաեւ նո­­ւագե­­ցինք հա­­մերգնե­­րու ժա­­մանակ։ Եր­­գա­­­ցան­­կը մեր ման­­րա­­­մաս­­նութեամբ ու բծախնդրու­­թեամբ աշ­­խա­­­տած գոր­­ծե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցաւ։

Մի­­քայիլ Եաքութ- Եր­­գե­­­րը ճշդե­­լու պա­­հուն մեզ­­մէ ոեւէ մէ­­կը առա­­ջարկ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ, կը նո­­ւագենք կամ ձայ­­նագրու­­թիւնը կ՚ու­­ղարկենք իրա­­րու։ Յա­­ճախ կը նշմա­­րենք, թէ այդ եղա­­նակը տար­­բեր լե­­զուով եւս կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւի ու­­րիշ ժո­­ղովուրդի կող­­մէ։

Ար­­սէն Պետ­­րո­­­սեան- Անա­­թոլիայի, Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Կով­­կա­­­սի մէջ հա­­սարա­­կապատ­­կան եւ հան­­րա­­­ծանօթ եր­­գե­­­րը ընտրե­­ցինք։ Տար­­բեր լե­­զու­­նե­­­րով ալ ըլ­­լայ նոյն եղա­­նակի գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը ունկնդրին ու­­շադրու­­թեան ներ­­կա­­­յաց­­նել կ՚ու­­զենք։

Իսկ ի՞նչպէս ան­­ցաւ ձայ­­նագրու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցը։

Ար­­սէն Պետ­­րո­­­սեան- Առա­­ջին հա­­մեր­­գի աւար­­տին, Պեր­­լի­­­նի կա­­րեւոր մշա­­կոյ­­թի ու արո­­ւես­­տի կեդ­­րոննե­­րէն մէ­­կուն վա­­րիչը յայտնեց թէ կ՚ու­­զէ ձայ­­նագրել մեր երաժշտու­­թիւնը եւ պատ­­րաստ է այդ մա­­սին զօ­­րակ­­ցե­­­լու։ Թէ զար­­մա­­­ցանք եւ թէ ու­­րա­­­խացանք։ Մեզ ուղղեց սդիւ­­տիօ մը, որուն տէ­­րը ներ­­կա­­­յիս մեր բրո­­տու­­սըրն է նաեւ։ Ըն­­դա­­­մէնը մէկ շա­­բաթ ու­­նէինք։ Այդ եօթը օրե­­րու կէ­­սը փոր­­ձե­­­րու եւ վեր­­ջին դաշ­­նա­­­ւորումնե­­րու, երկրորդ կէսն ալ ձայ­­նագրու­­թեան յատ­­կա­­­ցու­­ցինք։ Ժա­­մանա­­կի սահ­­մա­­­նափա­­կու­­մը ծանր ճնշում մըն էր մեր վրայ, բայց շատ ալ զո­­ւար­­ճա­­­ցանք։ Մերթ ընդ մերթ յայտնո­­ւեցան տա­­րակար­­ծութիւններ, որոնք լու­­ծե­­­ցինք հա­­մերաշ­­խութեամբ։

Մի­­քայիլ Եաքութ- Մա­­հիր ու ես Պեր­­լինն ենք, իսկ Ար­­սէ­­­նի Հա­­յաս­­տան ըլ­­լա­­­լը որոշ դժո­­ւարու­­թիւններ կը յա­­ռաջաց­­նէ։ Ար­­սէ­­­նի վի­­զայի խնդիր­­նե­­­րու բեր­­մամբ կը պա­­տահի թէ հա­­մերգներ չե­­ղեալ հա­­մարենք։ Միւս կող­­մէ այս դժո­­ւարու­­թիւնը մեզ կը խթա­­նէ աւե­­լի ար­­դիւնա­­ւետ աշ­­խա­­­տան­­քի հա­­մար։ Մէկ­­տեղման ժա­­մանակ­­նե­­­րը լա­­ւագոյնս օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լու հա­­մար հա­­մերգնե­­րու փո­­խարէն կը նա­­խընտրենք հիւ­­րա­­­համերգնե­­րը։

Իսկ ի՞նչ ար­­ձա­­­գանգներ կը ստա­­նաք։

Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ- Ալ­­պո­­­մի հրա­­պարա­­կու­­մը ան­­հա­­­ւատա­­լի ար­­ձա­­­գանգնե­­րու պատ­­ճառ դար­­ձաւ։ Ալ­­պո­­­մը կը նո­­ւագո­­ւի տար­­բեր եր­­կիրնե­­րու ձայ­­նասփիւռնե­­րէն։ Եւ­­րո­­­պայի առաջ­­նա­­­տար երաժշտա­­կան պար­­բե­­­րական­­նե­­­րէն մէ­­կը ար­­ձա­­­գան­­գեց մեր գոր­­ծին։ Գեր­­մա­­­նիոյ պե­­տական ռա­­տիօկա­­յան­­նե­­­րը հար­­ցազրոյց ու­­նե­­­ցան մեզ հետ։ Այս բո­­լորը ու­­րա­­­խալի են ու նաեւ զար­­մա­­­նալի մե­­զի հա­­մար։

Մի­­քայիլ Եագութ- Առ այժմ միայն Գեր­­մա­­­նիա հա­­մերգներ ու­­նե­­­ցանք։ Ունկնդիր­­նե­­­րը աւար­­տին մօ­­տենա­­լով յայտնե­­ցին թէ գո­­հացում գտած են, թէ մեր ածած երաժշտու­­թե­­­նէն եւ թէ կա­­տարումնե­­րու արան­­քին փո­­խան­­ցած տե­­ղեկու­­թիննե­­րէն։ Սա շատ ու­­րա­­­խալի երե­­ւոյթ է մե­­զի հա­­մար։ Նա­­խագի­­ծը կ՚ու­­զենք բե­­մադ­­րել Թուրքիոյ, Վրաս­­տա­­­նի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ալ։ Շատ հե­­տաքրքրա­­կան պի­­տի ըլ­­լայ այդ եր­­կիրնե­­րու հան­­դի­­­սատե­­սի ար­­ձա­­­գան­­գը։ Ի՞նչպէս պի­­տի ըն­­կա­­­լուի մեր խա­­ղաղու­­թեան, երկխօ­­սու­­թեան կո­­չերը։

Ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մը եւ հե­­տեւանքնե­­րը իբ­­րեւ ան­­հատ ի՞նչպէս ցո­­լացում ու­­նե­­­ցաւ ձեր եւ «Ա.Կ.Ա.» եռեակի վրայ։

Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ- Ին­­ծի հա­­մար մտա­­հոգիչ էր «հայ­­րե­­­նիք» կամ «ազգ» եզ­­րե­­­րը պատ­­րո­­­ւակե­­լով մար­­դասպա­­նու­­թեան՝ պա­­տերազ­­մը լու­­ծում կար­­ծե­­­լու, մար­­դիկ գաղ­­թե­­­լու պար­­տադրե­­լու այսքան մեծ ըն­­դունե­­լու­­թիւն գտնե­­լը։ Ամ­­բողջ կեան­­քի ըն­­թացքին լաւ երա­­ժիշտ մը ըլ­­լա­­­լու հա­­մար աշ­­խա­­­տող, ապա պե­­տու­­թեան թե­­լադ­­րանքով պա­­տերազ­­մե­­­լու հար­­կադրո­­ւած, նոյ­­նիսկ ճա­­կատի վրայ մնա­­ցած մար­­դիկ եղան։ Այդ նոյն մարդկանց ան­­ցեալին միասին եր­­գած, նո­­ւագած ըլ­­լա­­­լը երբ յի­­շենք, այդ երա­­նելի օրե­­րու յոյ­­սով պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք այս եղա­­նակ­­նե­­­րը նո­­ւագել։

Մի­­քայիլ Եագութ- Ար­­սէ­­­նի հա­­մար կը մտա­­հոգո­­ւէինք։ Ան Հա­­յաս­­տանն էր ու կրնա­­յին զինք ճա­­կատ ու­­ղարկել։ Ճիշդ է, պա­­տերազ­­մի դէմ ենք եւ աշ­­խարհի որ ան­­կիւնն ալ ըլ­­լայ, ամե­­նափոքր պա­­տերազ­­մի մը պա­­հուն կը մտա­­հոգո­­ւինք ան­­մեղ մարդկանց կեան­­քին հա­­մար։ Բայց երբ մարդ ինք ան­­ձամբ, կամ ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րու, ըն­­կերնե­­րու ներգրա­­ւուա­­ծու­­թիւնը կ՚ապ­­րի, բո­­լորո­­վին տար­­բեր հո­­գեբա­­նու­­թիւն մը կը տի­­րէ։ Պա­­տերազ­­մի մա­­սին լսե­­լով նախ կը զար­­հուրինք, կը բար­­կա­­­նանք եւ ապա կը դառ­­նանք մեր սո­­վորա­­կան կեան­­քին։ Ալ չեմ խօ­­սիր հա­­կառա­­կոր­­դի կո­­րուստնե­­րով ու­­րա­­­խացող­­նե­­­րու մա­­սին։ Այս ան­­տարբե­­րու­­թիւնը կամ ճա­­րահա­­տու­­թիւնը շատ ցա­­ւալի է։ Մենք իբր Ա.Կ.Ա. եռեակ, այդ պայ­­մաննե­­րու մէջ ալ ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու գրա­­ռումնե­­րով աշ­­խա­­­տեցանք խա­­ղաղու­­թեան ձայ­­նը բարձրաց­­նել։ Մատ­­նանշե­­լով Թուրքիոյ, Հա­­յաս­­տա­­­նի կան Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ նոյն հա­­րազա­­տու­­թեամբ լսո­­ւած եր­­գե­­­րը, յայ­­տա­­­րարե­­ցինք թէ ան­­հիմն է նոյն մե­­ղեդի­­ներով ու­­րա­­­խացող կամ տխրող ժո­­ղովուրդնե­­րու թշնա­­մու­­թիւնը։

Կը պատ­­մէ՞ք աւան­­դա­­­կան երաժշտու­­թիւնը մեկ­­նա­­­բանե­­լու ձեր մեր­­ձեցման մա­­սին։

Մի­­քայիլ Եագութ- Առա­­ջին ալ­­պո­­­մի մէջ ժո­­ղովրդա­­կան մե­­ղեդի­­ները աւան­­դա­­­կան ձե­­ւով նո­­ւագե­­ցինք։ Սա­­կայն մեր նո­­ւագա­­րան­­նե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ ան­­սո­­­վոր հնչիւն մը գո­­յացաւ։ Յա­­ճախ չէ որ կը հան­­դի­­­պինք սրին­­գի եւ տու­­տուկի նո­­ւագակ­­ցութեան։ Աքոր­­տիոնը եւս փո­­ղային գոր­­ծիք կա­­րելի է հա­­մարել, որու մաս­­նակցու­­թեամբ ալ աւե­­լի հե­­տաքրքրա­­կան հնչո­­ղակա­­նու­­թիւն մը դուրս եկաւ։ Ձայ­­նագրու­­թեան ըն­­թացքին բա­­ւական մտմտա­­ցինք հա­­րուա­­ծային գոր­­ծի­­­քէ օգ­­տո­­­ւելու մա­­սին։ Մա­­նաւանդ պա­­րեղա­­նակ­­նե­­­րու մէջ սո­­վոր ենք հա­­րուա­­ծային գոր­­ծի­­­քի ներ­­կա­­­յու­­թեան։ Սա­­կայն այսպէս աւար­­տե­­­ցինք եւ ար­­դիւնքէն ալ գոհ ենք։

Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ- Աւան­­դա­­­կան երաժշտու­­թեան կա­­րեւո­­րագոյն յատ­­կութիւ­­նը իւ­­րա­­­քան­­չիւր կա­­տարո­­ղին հա­­մար մեկ­­նա­­­բանու­­թեան առիթ­­ներ մա­­տու­­ցելն է։ Ան արեւմտեան դա­­սական երաժշտու­­թեան նման յստակ սահ­­մաններ չու­­նի եւ աւե­­լի ճնշող է խօս­­քի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը։ Ու­­րեմն մենք հա­­սակ առինք այդ երաժշտու­­թեան մէջ եւ ապա ստա­­ցած ակա­­դէմա­­կան կրթու­­թիւնով ալ փոր­­ձե­­­ցինք առանց իր հա­­րազա­­տու­­թիւնը խան­­գա­­­րելու մեր մե­­կնաբա­­նու­­թեամբ մա­­տու­­ցել։

Ի՞նչ ներշնչումներ ու­­նե­­­ցաք այս նա­­խագի­­ծը պատ­­րաստե­­լու ժա­­մանակ։ Կա՞ն երա­­ժիշտներ, որոնց հետ պի­­տի փա­­փաքիք նո­­ւագել։

Ար­­սէն Պետ­­րո­­­սեան- Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետը շատ կա­­րեւոր անուն մըն է մե­­զի հա­­մար։ Նոյնպէս Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի եր­­գե­­­րուն ալ տեղ կու տանք մեր յայ­­տագրին մէջ։

Մի­­քայիլ Եաքութ- «Քար­­տէշ Թիւրքիւ­­լեր», «Տը Շին», Արա Տինքճեան եւ Ար­­թօ Թունչպո­­յաճեան մեր ազ­­դո­­­ւած ու հա­­մագոր­­ծակցիլ երա­­զած երա­­ժիշտներ են։

Ի՞նչ պի­­տի ըլ­­լայ «Ա.Կ.Ա.» եռեակի յա­­ջորդ քայ­­լը։

Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ- Կը մտադ­­րենք գար­­նան ամիս­­նե­­­րուն ձայ­­նագրել մեր երկրորդ ալ­­պո­­­մը, որ պի­­տի ընդգրկէ մեր յօ­­րինումնե­­րը։ Ապա կը մտա­­ծենք հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռաւ յե­­տաձ­­գո­­­ւած Երե­­ւան- Թիֆ­­լիս եւ Իս­­թանպու­­լի հա­­մերգնե­­րը իրա­­կանաց­­նել։ Ու­­նինք երա­­զանք մը եւս։ Բարձրա­­նալ Արա­­րատի գա­­գաթը եւ այնտե­­ղէն յայ­­տա­­­րարել մեր եղ­­բայրու­­թեան ու երաժշտու­­թեան ան­­սահմա­­նու­­թիւնը։

Կեն­­սագրու­­թիւններ

Մի­­քայիլ Եաքութ-1987-ին ծնաւ թուրքիաբ­­նակ վրա­­ցի ըն­­տա­­­նիքի մը մէջ, Պուրսա։ Ման­­կութիւ­­նը ան­­ցաւ վրա­­ցական երգ ու պա­­րով, որ­­մէ ետք աքոր­­տիոնի դա­­սեր առաւ Իպէ­­րիա Էօզ­­քա­­­նէ։ «Քաֆ­­տա­­­ղը» երաժշտա­­կան միու­­թեան եւ Իս­­թանպու­­լի մէջ զա­­նազան աւան­­դա­­­կան երա­­ժիշտնե­­րու հետ նո­­ւագեց։ Պո­­ղազի­­չի հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ ըն­­կե­­­րաբա­­նու­­թիւն, Պեր­­լի­­­նի «Պրան­­տենպուրկ» հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ ալ աքոր­­տիոն եւ ճա­­զային դաշ­­նա­­­մուր ու­­սա­­­նեցաւ։ 2013-էն սկսեալ կ՚ապ­­րի Պեր­­լին։

Ար­­սէն Պետ­­րո­­­սեան- 1994-ին ծնաւ Չա­­րեն­­ցա­­­ւան։ Ծնող­­նե­­­րու ար­­մատնե­­րը կը հաս­­նին Ջա­­ւախք եւ Կա­­րին։ Աւար­­տած է Երե­­ւանի Կո­­միտաս երաժշտա­­նոցը։ Աշա­­կեր­­տած է անո­­ւանի տու­­տուկա­­հար Գէորգ Տա­­պաղեանին։ Աշ­­խա­­­տակ­­ցած է Սթիւ Հէ­­քըթ, Իհապ Տա­­դուիշ Ոմար Պա­­շիրի նման երա­­ժիշտնե­­րու հետ։ Հա­­մերգներ սար­­քած է զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ։ Կ՚ապ­­րի Չա­­րեն­­ցա­­­ւան։

Տե­­նիզ Մա­­հիր Քար­­թալ- Ծնած է Իս­­թա­­­նուլ, 1987-ին։ Ման­­կութիւ­­նը ան­­ցաւ Սկիւ­­տա­­­րի հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ բա­­կին գտնո­­ւող տան մէջ եւ Արե­­ւելեան Սեւ Ծո­­վու շրջան­­նե­­­րուն։ 10 տա­­րեկա­­նին մաս­­նակցե­­ցաւ ժո­­ղովրդա­­կան պա­­րախումբի մը։ Իս­­թանպու­­լի Թեք­­նիկ Հա­­մալ­­սա­­­րանի թրքա­­կան երաժշտու­­թեան բաժ­­նի մէջ ու­­սա­­­նեցաւ։ Կը նու­­գէ զա­­նազան փո­­ղային գոր­­ծիքներ։ 2013-էն սկսեալ կ՚ապ­­րի Պեր­­լին եւ կը զբա­­ղի սթու­­տիոյի երաժշտու­­թեամբ եւ ֆիլ­­մե­­­րու երաժշտա­­կան ձայ­­նագրու­թեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ