Մեկնարկած է առաջարկներ ընդունելու գործընթացը

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը կը պատ­րաստո­ւի «Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակ»ի 13-րդ փու­լին, որուն պար­գե­ւատո­ւու­չութիւ­նը պի­տի կա­յանայ 15 Սեպ­տեմբեր 2021-ին։ Հիմ­նարկը հրա­պարա­կու­մով մը կոչ կ՚ուղղէ հա­սարա­կու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րու առա­ջադրման մա­սին։ Ինչպէս ծա­նօթ է Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տինք մրցա­նակը ամէն տա­րի կը շնոր­հո­ւի խտրա­կանու­թե­նէ, ցե­ղապաշ­տութե­նէ, բռնու­թե­նէ զերծ մնա­ցած եւ աւե­լի ազատ ու ար­դար աշ­խարհի մը կա­ռուցման հա­մար աշ­խա­տող, այդ տես­լա­կանին հա­մար իր կեան­քը վտան­գե­լէ չի խու­սա­փող եւ իր տա­րած պայ­քա­րով ու­րիշնե­րուն ալ յոյս եւ ներշնչում փո­խան­ցող ան­ձե­րու կամ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու։

Այս տա­րուայ մրցա­նակի հա­մար կա­րելի է առա­ջարկներ ներ­կա­յաց­նել մին­չեւ 30 Ապ­րիլ 2021։ Առա­ջարկ ներ­կա­յաց­նողնե­րէն կը պա­հան­ջո­ւի նաեւ տո­ւեալ ան­ձի/ կազ­մա­կեր­պութեան գոր­ծունէու­թեան մա­սին տե­ղեկու­թիւն։ Այս մա­սին աւե­լի ման­րա­մասն գի­տելիք­ներ տե­ղադ­րուած են հիմ­նարկի կայ­քէ­ջի հաս­ցէին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ