Փայլան կը պահանջէ Խորհրդարանի հարցաքննութիւնը

Ժողո­վուրդնե­­րու ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան Տի­­յար­­պէ­­­քիրի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան Խորհրդա­­րանին յղած աղեր­­սա­­­գիրով մը պա­­հան­­ջեց, որ այդ կազ­­մը յե­­տաքննու­­թիւն կա­­տարէ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան նիւ­­թով։

Աղեր­­սագրին մէջ Փայ­­լան նախ կը նկա­­րագ­­րէ Հրանդ Տին­­քի իբ­­րեւ լրագ­­րող յատ­­կութիւննե­­րը եւ ապա կ՚անդրա­­դառ­­նայ անոր սպա­­նու­­թեան հաս­­նող գոր­­ծընթա­­ցի զար­­գացման փու­­լե­­­րուն։ Փայ­­լան կը նշէ, որ 2007-ի Ապ­­րի­­­լին մեկ­­նարկած դա­­տական գոր­­ծընթա­­ցը հե­­ռու է այս ոճի­­րի բուն հե­­ղինակ­­նե­­­րը յայտնա­­բերե­­լէ։ Այսպէս ան կը պա­­հան­­ջէ որ Խորհրդա­­րանի ներ­­քին կա­­նոնագ­­րի հա­­մապա­­տախան յօ­­դուած­­նե­­­րու շրջագ­­ծով հար­­ցաքննու­­թիւն մը կա­­տարո­­ւի եւ պար­­զո­­­ւի այս ոճի­­րին ըն­­թացք տո­­ւող քա­­ղաքա­­կան մի­­ջավայ­­րը ու մթնո­­լոր­­տը։ «Դա­­տարա­­նը ան­­տե­­­սած է մա­­հափոր­­ձի վճի­­ռը ար­­ձա­­­կող մութ ու­­ժե­­­րը եւ գո­­հացած է ոճ­­րա­­­գործնե­­րուն ու անոնց ան­­մի­­­ջական գոր­­ծակցող­­նե­­­րուն պա­­տիժ­­ներ տնօ­­րինե­­լով» թսած է Կա­­րօ Փայ­­լան։

Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լո­­­ւի
դի­­տողու­­թիւննե­­րը

Երբ Հրանդ Տին­­քի դա­­տավա­­րու­­թիւնը հետզհե­­տէ կը մօ­­տենայ աւար­­տին Տինք ըն­­տա­­­նիքի իրա­­ւապաշտպան Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու ալ գրա­­ւոր կեր­­պով յայտնեց դա­­տի մա­­սին իր դի­­տողու­­թիւննե­­րը։ Փաս­­տա­­­բան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու նշեց, որ դա­­տակազ­­մը յա­­մառօ­­րէն մեր­­ժած է հար­­ցաքննու­­թիւնը ընդլայ­­նե­­­լու մա­­սին իրենց կող­­մէ կա­­տարո­­ւած բո­­լոր պա­­հանջնե­­րը։ Պա­­քըր­­ճըօղ­­լո­­­ւի հա­­մաձայն դա­­տակազ­­մը զուրկ է ամ­­բողջա­­կան դա­­տավա­­րու­­թիւն մը կա­­տարե­­լու տրա­­մադ­­րութե­նէն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ