Ամպերու Արտասուքը

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

(Սթոկհոլմ)

«Այրընթը» հրա­տարակ­չա­տու­նը Իպ­րա­հիմ Գա­րաճա­յի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու լիակա­տար ժո­ղովու­ծուն «Եր­կիր ու Վարդ» խո­րագի­րով հրա­տարա­կած է։ Երախ­տա­պարտ եմ խմբա­գիրին։ Գիր­քի վեր­ջա­ւորու­թեան տեղ տրո­ւած է իւ­րա­քան­չիւր բա­նաս­տեղծու­թեան ներշնչման դրդա­պատ­ճառնե­րուն, ող­ջունե­լի գա­ղափար։

Այսպէ­սով կը տես­նեմ թէ այդ բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը մեր ող­բերգա­կան պատ­մութեան ժա­մանա­կագ­րութիւնն է նաեւ։ Չէ որ բա­նաս­տեղծու­թիւնը հին դա­րերէն մին­չեւ մեր օրեր սի­րոյ կող­քին ող­բին ալ ար­ձա­նագ­րութիւ­նը եղած է։ Հո­մերո­սի եր­կի­րը հա­զարա­մեակ­ներ շա­րու­նակ էպոս­ներ կ՚ար­տադրէ։ Չեն աւար­տիր բռնա­պետ­նե­րու սե­րունդը, բայց Պրո­մեթէու­սի սե­րունդն ալ չա­ւար­տիր։ 1980-ի յե­ղափո­խու­թե­նէն ետք երկրիս բան­տերն ալ վե­րածո­ւած էին Պրո­մեթէու­սի շղթա­յուած ժայ­ռե­րուն։

Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի մէջ 1970-ական­նե­րուն զի­նուո­րական բռնա­տիրու­թեան դէմ ծա­ւալող Քան­թօ Նո­ւէվօ ալի­քը միաձու­լեց գրա­կանու­թիւնը եւ երաժշտու­թիւնը։ Աւան­դա­կան երաժշտու­թիւնը ար­դիակա­նացաւ եւ նոր մտա­ւորա­կան մա­կար­դակ ստա­ցաւ։ Ձե­ւով մը ներշնչումն էր 1968-երուն խորհրդա­նիշը դար­ձած Ճոն Պայս- Պոպ Տի­լընի բնու­թագրած ճա­նապար­հին։

«Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր» 1980-ական­նե­րու խա­ւարին մէջ ըմ­բոստու­թիւն մը ըլ­լա­լով փայ­լե­ցաւ։ Մա­տու­ցեց երկրի հա­րուստ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զանու­թիւնը։ Իրենց շնոր­հիւ ոս­տում կա­տարեց բազ­մա­դարեան աշու­ղա­կան աւան­դութիւ­նը։ Երա­նի Աշըք Վէյ­սել կա­րենար լսել «Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր»ը։

Իպ­րա­հիմ Գա­րաճա յատ­կա­պէս 78-ի սե­րունդի երաժ­տութեան մէջ բա­նաս­տաղծու­թիւննե­րուն վրայ ամե­նաշատ յօ­րինումներ կա­տարո­ւած գրող­նե­րէն եղած է։ «Կրուպ Եորում», Մեհ­մետ Կիւ­միւշ, Իլ­քայ Աք­քա­յա եւ դեռ բազ­մա­թիւ եր­գիչներ կա­տարե­ցին իրեն բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու վրայ գրո­ւած յօ­րինումնե­րը։

Ող­ջոյն նոր ձայ­նե­րու երի­տասարդնե­րուն։

Իպ­րա­հին Գա­րաճան Սեւ Ծո­վու ափե­րէն է։ Կը շա­րու­նա­կէ այդ տա­րած­քի յա­տուկ բա­նաս­տեղծու­թեան աւան­դը։ Ինչպէս Այ­րլընտի, Սեւ Ծո­վի տա­րած­քին ալ երգն ու բա­նաս­տեղծու­թիւնը առօրեայ կեն­ցա­ղի ան­բա­ժան մաս­նիկներն են։ Կրնաք ըսել թէ ամ­բողջ քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րը եւ բո­վան­դակ Անա­թոլիան մի­թէ այնպէս չե՞ն։ Բայց Սեւ Ծո­վը տար­բեր է։ Հա­պա Համ­շէ­նը որ ըսեմ ալ աւե­լի յա­տուկ։ Ինչ լաւ ըրած էր Հա­փաչիթ­ցի Իպ­րա­հիմ Գա­րաճա «Ափ մը Համ­շէն»ը հրա­տարա­կելով։ Բայց անոր գերզգայ­նութիւ­նը «Էօզ­կիւր Կիւ­նտեմ» թեր­թի ան­չա­փահաս ցրո­ւիչ­նե­րէն Կա­զի թա­ղամա­սի ող­բերվու­թեան, 90-ական տա­րինե­րու դժոխ­քա­յին դի­մադ­րութե­նէն, Սու­րուչի Ան­գա­րայի կա­ռատան պայ­թումնե­րուն հան­դէպ միշտ հաղորդակից։ Օրագ­րի մը նման անցնող ժա­մանա­կը ցո­լացուց իր տո­ղերուն։ Փա­կեց մո­ռացու­թեան դռնե­րը եւ բա­ցաւ «Ան­գամ մըն ալ եր­բեք» ընդվզու­մի լու­սա­մու­տը։

Մեծ հա­ճոյք վա­յելած էի Ար­կենդի­նայի մէջ Մա­րաշի շեշ­տադրու­թեամբ խօ­սող 80-ը ան­ցած մար­դիկ լսելով։ Պոլ­սոյ թրքե­րէնը, իսկ հա­յերէն, յու­նա­րէն, սա­ֆարա­տերէն շեշ­տադրու­մով խօ­սուած Պոլ­սոյ թրքե­րէնը հարստու­թիւն մըն էր կար­ծես։ Ինչպէս կա­րօտ­ցած եմ Պա­քըր­գիւղը ու Շիշ­լին։ Այդ թա­ղերու վճիտ զրոյցնե­րը։ Յան­կարծ մտա­բերե­ցի Ճի­հան Ալփթեինը տես­նե­լու հա­մար Մալ­թե­փէի զի­նուո­րական բան­տը եկած մօ­րը հետ համ­շէ­նի բար­բա­ռով խօ­սակ­ցութիւ­նը։

Իպ­րա­հիմ Գա­րաճա Համ­շէ­նի շեշ­տադրու­թեամբ թրքե­րէնով գրեց իր ոտա­նաւոր­նե­րը։ Այստեղ, Շո­ւէտի մէջ բո­լորն ալ հպարտ են իրենց շրջա­նային բար­բա­ռով խօ­սելէ։ Այդ Բազ­մա­զանու­թիւնը երկրին հարստու­թիւնը կը հա­մարո­ւի։ Իսկ միայ­նա­ցու­մը թրքե­րէնը ան­գամ աղ­քա­տացուց իմ երկրիս մէջ։

Գրու­թիւնը աւար­տեմ Իպ­րա­հիմ Գա­րաճա­յի «Ամ­պե­րու Ար­տա­սու­քը» բա­նաս­տեղծու­թեամբ։

«Երբ դուն կը քնա­նաս, ջուրս կը գո­ղանա ֆա­լաքը/Հո­գիս կ՚առ­նէ, երբ դուն քնա­նաս/Քու­նիդ կ՚իյ­նայ ար­ցունքներս/ Անձրեւ կը կար­ծես դուն/ Սի­րահար ամպ մըն եմ ես…»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ