Վաքըֆլը գիւղը պարգեւատրուած

Կիլի­կիոյ շրջա­նին մէջ գո­­յու­­թիւնը մին­­չեւ օրս պա­­հած միակ հայ­­կա­­­կան գա­­ւառը հան­­դի­­­սացող Վա­­քըֆ­­լը գիւղ կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր յա­­ջողու­­թիւննե­­րու շղթա­­յին նոր օղակ­­ներ աւելցնել։

Այսպէս Վա­­քըֆ­­լը գիւ­­ղի յատ­­կութիւննե­­րը նկա­­տուած են հե­­ռաւոր այլ գա­­ւառէ մը, ուր «Կեն­­դա­­­նի Քա­­ղաք­­նե­­­րու Հար­­թակ» անուն հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը ամէն տա­­րի կը նշէ բնա­­կավայր մը, իբ­­րեւ «Տա­­րուայ գիւ­­ղը»։

Այս մա­­սին յա­­տուկ տո­­ւու­­չութեան հան­­դէս մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է Ար­­տա­­­հանի կու­­սա­­­կալու­­թեան եր­­դի­­­կին տակ, որուն ներ­­կայ գտնո­­ւած են «Սեր­­հա­­­տի Զար­­գացման Աժանս»ը, Ար­­տա­­­հանի Հա­­մալ­­սա­­­րանը, Ար­­տա­­­հանի Առեւ­­տուրի եւ Ար­­տադրու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը, Չըլ­­տը­­­րի գա­­ւառա­­պետը եւ քա­­ղաքա­­պետը։

Սա­­ման­­տա­­­ղի հայ հա­­մայնքի պետ Ճեմ Չա­­փար կը յայտնէ թէ այս մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նանա­­լով հպար­­տա­­­ցած են։ Նման մրցա­­նակի տո­­ւու­­չութեան սա­­տարող­­ներ Ան­­տիոքի երես­­փո­­­խան Հիւ­­սէ­­­յին Եայ­­ման, Ան­­տիոքի կու­­սա­­­կալ Ռահ­­մի Տո­­ղան, «Տո­­ղաքա» հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ընդհա­­նուր քար­­տուղար Օնուր Եըլ­­տըզ եւ Լո­­րա Չա­­փարի յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնելով ընդգծեց անոնց աջակ­ցութիւ­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ