Էրտողան ինք կ՚որոշէ օրակարգը

Մար­­տի առա­­­ջին եւ երկրորդ օրե­­­րուն Նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղան ու­­­նե­­­­­­­ցաւ եր­­­կու յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւններ, առա­­­ջինը հա­­­մավա­­­րակի կան­­­խա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մեմա­­­տական թու­­­լացման, իսկ երկրոր­­­դը ար­­­դա­­­­­­­րադա­­­տական հա­­­մակար­­­գէ ներս բա­­­րեփո­­­խումնե­­­րու վե­­­րաբե­­­րեալ։

Ար­­­դէն մի­­­ջոցէ մը ի վեր գոր­­­ծի զա­­­նազան շրջա­­­նակ­­­ներ ահա­­­զանգ կը հնչեց­­­նէին տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամի մը մա­­­սին։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս ճա­­­շարան­­­նե­­­­­­­րու խնդի­­­րով շատ լուրջ զրկանքներ պար­­­տադրուած էին այդ ոլոր­­­տի գոր­­­ծա­­­­­­­տէրե­­­րուն եւ ինքնա­­­բերա­­­բար աշ­­­խա­­­­­­­տող­­­նե­­­­­­­րուն։ Անոնք ան­­­համբե­­­րու­­­թեամբ կը սպա­­­սէին իրենց աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քէ ներս որոշ թու­­­լա­­­­­­­ցումներ, բայց եւ այնպէս չեն գտած իրենց ակնկա­­­լածը։ Նա­­­խա­­­գա­­­­­­­հի յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեամբ Թուրքիոյ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի բա­­­ժանո­­­ւին վա­­­րակ­­­ման դէպ­­­քե­­­­­­­րու հա­­­մեմա­­­տու­­­թեամ հա­­­մաձայն, շատ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր, վտան­­­գա­­­­­­­ւոր, մի­­­ջակ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր եւ նո­­­ւազ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր յատ­­­կա­­­­­­­նիշ­­­նե­­­­­­­րով։

Նո­­­ւազ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ կեան­­­քը տա­­­կաւ պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի որոշ կան­­­խա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու հնա­­­զան­­­դե­­­­­­­լով, որոնք են դի­­­մակի պահ­­­պա­­­­­­­նու­­­մը, բազ­­­մութե­­­նէ խու­­­սա­­­­­­­փիլը եւ նման երե­­­ւոյթներ։ Իսկ մի­­­ջին եւ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ ժա­­­մերու սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կու­­­մով թոյլտո­­­ւու­­­թիւն ստա­­­ցան ճա­­­շարան­­­նե­­­­­­­րը նոյնպէս իրենց տա­­­րողու­­­թեան կէ­­­սին չափ յա­­­ճախորդ ըն­­­դունե­­­լու պայ­­մա­­­նով։ Այստեղ դժգո­­հու­­թիւնը կը գո­յանար ժա­­մանա­­կի սահ­­մա­­­նափա­­կու­­մէն՝ քա­­նի որ ճա­­շարան­­նե­­­րը իրենց ծա­­ռայու­­թիւնը աւար­­տած պի­­տի ըլ­­լա­­­յին մին­­չեւ երե­­կոյեան 19.00։

2 Մար­­տի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րու առանցքը կը կազ­­մէին Ար­­դա­­­րադա­­տական հա­­մակար­­գէ ներս բա­­րեփո­­խումնե­­րու խոս­­տումը։ Նշենք որ այդ խոս­­տումնե­­րը բնաւ հա­­մոզիչ չէին թո­­ւէր երբ կ՚ար­­տա­­­սանո­­ւէին երկրի իշ­­խա­­­նու­­թեան ամ­­բողջ 19 տա­­րինե­­րուն վրայ իր դրոշ­­մը դրած քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծի­­­չի մը բեր­­նէն։ Ընդդի­­մադիր շրջա­­նակ­­նե­­­րը վե­­րապա­­հու­­թեամբ դի­­մաւո­­րեցին բա­­րեփո­­խումնե­­րու ցու­­ցա­­­կը եւ յայտնե­­ցին թէ այժմ խոս­­տա­­­ցուած­­նե­­­րը նա­­խապէս ի զօ­­րու եղող եւ Էր­­տողանի իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նին վե­­րացո­­ւած սկզբունքներ են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ