Յիշատակուեցան վերջին երեք պատրիարքները

Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս 82-րդ, 83-րդ եւ 84-րդ գա­հակալ­ներ՝ Շնորհք Եոզ­­ղատցի (Գա­­լուստեան), Գա­­րեգին Բ. Պոլ­­սե­­­ցի (Գա­­զան­­ճեան) եւ Մես­­րոպ Բ. Պոլ­­սե­­­ցի (Մու­­թա­­­ֆեան) պատ­­րիարքներ, իրենց վախ­­ճանման տա­­րելից­­նե­­­րուն առ­­թիւ, 8 Մարտ 2021, Եր­­կուշաբ­­թի, ժա­­մը 14.00-ին, Շիշ­­լիի Ազգ. Գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ աղօթքնե­­րով յի­­շատա­­կուե­­ցան։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հօր նա­­խագա­­հու­­թեամբ կա­­տարո­­ւած արա­­րողու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան Աթո­­ռոյս միաբան հայ­­րե­­­րը, քա­­հանա­­յից դա­­սը, ժա­­ռան­­գա­­­ւոր սա­­ներ եւ Աթո­­ռոյս Ար­­մաշ Դպրաց Խումբէն ան­­դամներ։ Հա­­մավա­­րակի սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ արա­­րողու­­թիւնը եւս իրա­­կանա­­ցաւ սա­­կաւ թի­­ւով ներ­­կա­­­ներու մաս­­նակցու­­թեամբ։ Ներ­­կայ էին նաեւ հա­­մայնքա­­յին վա­­րիչ­­ներ, Երա­­նաշ­­նորհ Մես­­րոպ Պատ­­րիարք Հօր ըն­­տա­­­նեկան պա­­րագա­­ներն ու աշա­­կերտնե­­րէն խումբ մը։

Ժա­­մը 14.00-ին Ամե­­նապա­­տիւ Պատ­­րիարք Հօր գլխա­­ւորած եկե­­ղեցա­­կանաց թա­­փորը գե­­րեզ­­մա­­­նատան վար­­չա­­­յին շէն­­քէն ուղղո­­ւեցաւ երա­­նաշ­­նորհ հո­­վուա­­պետ­­նե­­­րու դամ­­բա­­­րան­­նե­­­րուն առ­­ջեւ։ Այստեղ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ հո­­գեհանգստեան արո­­րողու­­թիւն ի յի­­շատակ Երա­­նաշ­­նորհ Շնորհք, Գա­­րեգին Բ. եւ Մես­­րոպ Բ. պատ­­րիարքնե­­րու։

Արա­­րողու­­թեան աւար­­տին մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը իր պատ­­գա­­­մը տո­­ւաւ ներ­­կա­­­ներուն յի­­շեց­­նե­­­լով թէ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մա­­տենա­­շարէն շու­­տով լոյս պի­­տի տես­­նէ Մես­­րոպ Բ. Մու­­թա­­­ֆեանի կեան­քին ու գոր­ծին նո­ւիրո­ւած հա­տոր մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ