ԶԵԿՈՅՑ

Ծանօթ է թէ հա­­մայնքա­­յին եւ թա­­ղային մար­­միննե­­րու վար­­չութեանց ընտրու­­թիւննե­­րը աւե­­լի քան ու­­թը տա­­րիէ ի վեր չէին կա­­տարո­­ւեր։ Բնա­­կանա­­բար այս սպա­­սու­­մը մտա­­հոգու­­թեան դուռ բա­­ցած էր թէ վար­­չութեանց մօտ եւ թէ հա­­մայնքա­­յին շրջա­­նակ­­նե­­­րէ ներս։ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը եւս խո­­րապէս կը յու­­զո­­­ւէր ի տես այս վի­­ճակին, որ ար­­գելք էր մեր հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային հաս­­տա­­­տու­­թեանց առողջ մա­­տակա­­րար­­ման։

Վստա­­հելով ար­­դա­­­րու­­թեան, Ան­­գա­­­րայի 7րդ Վար­­չա­­­կան Ատեանի մօտ բա­­ցուած դա­­տը մեր հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային մար­­միննե­­րուն տե­­սակէ­­տէն դրա­­կան ել­­քի յան­­գե­­­ցաւ, որ գո­­հու­­նա­­­կու­­թեամբ ըն­­կա­­­լուե­­ցաւ հա­­մայնքա­­յին շրջա­­նակ­­նե­­­րէ ներս, գլխա­­ւորու­­թեամբ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի։

Ծա­­նօթ է թէ ընտրու­­թեանց կա­­տար­­ման ար­­գելք կը հան­­դի­­­սանար այն շրջա­­բերա­­կանը, որով կը ջնջո­­ւէր ընտրու­­թեան հին կա­­նոնագ­­րութիւ­­նը, զայն նո­­րով փո­­խանա­­կելու պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ։ Նոյն շրջա­­բերա­­կանը կը տնօ­­րինէր նաեւ պաշ­­տօ­­­նի վրայ գտնո­­ւող վար­­չութեանց պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեանց շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը, մին­­չեւ որ նոր կա­­նոնագ­­րութիւ­­նը ի զօ­­րու դառ­­նար։ Մինչ այդ երկրորդ շրջա­­բերա­­կանով մը կը տնօ­­րինո­­ւէր, թէ պաշ­­տօ­­­նի վրայ գտնո­­ւող վար­­չութիւններ մա­­հուան, հրա­­ժար­­ման պատ­­ճառնե­­րով իրենց կազ­­մե­­­րէն ներս թա­­փուր մնա­­ցած աթոռ­­նե­­­րու հա­­մալրման հա­­մար կրնա­­յին նշա­­նակո­վի ան­­դամներ ըն­­կա­­­լել։ Ըստ կա­­յացած որոշ­­ման վե­­րոյի­­շեալ եր­­կու շրջա­­բերա­­կան­­նե­­­րը կը դադ­­րէին ի զօ­­րու ըլ­­լա­­­լէ եւ այսպէ­­սով դուռ կը բա­­ցուէր հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային մար­­միննե­­րու վար­­չութեանց ընտրու­­թեանց կա­­տար­­ման։ Նոյն որո­­շու­­մը կ՚ապա­­հովէր նաեւ հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային մար­­միննե­­րու վար­­չութիւննե­­րուն ընտրու­­թեամբ կազ­­մա­­­ւորու­­մը։

Հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային մար­­միննե­­րու վար­­չութեանց ընտրու­­թիւննե­­րուն ու­­թը տա­­րիէ ի վեր չկա­­տարո­­ւիլը դուռ բա­­ցած էր որ վար­­չա­­­կան մար­­միններ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու հետ դէմ յան­­դի­­­ման մնա­­յին եւ մա­­նաւանդ բա­­րոյա­­պէս յոգ­­նած վի­­ճակի մատ­­նո­­­ւէին։ Վստահ ենք թէ իրա­­ւաբա­­նական գետ­­նի վրայ ձեռքբե­­րուած սոյն որո­­շու­­մը առիթ պի­­տի ըն­­ծա­­­յէ, որ վար­­չութեանց ան­­դամնե­­րուն վրայ ազ­­դող ժխտա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րը պի­­տի չքա­­նան, ընտրու­­թիւննե­­րով կազ­­մե­­­լի նոր վար­­չա­­­կան կազ­­մե­­­րով։ Ուստի վստահ ենք թէ մեր հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային մար­­միններու վա­­րիչ­­նե­­­րը պատ­­կան պաշ­­տօ­­­նարան­­նե­­­րու մօտ դի­­մում պի­­տի ներ­­կա­­­յաց­­նեն որ­­պէսզի ընտրու­­թիւննե­­րը կա­­տարո­­ւին։

Բաց աս­­տի ծա­­նօթ իրո­­ղու­­թիւն է թէ կարգ մը թա­­ղային մար­­միննե­­րու վար­­չութիւննե­­րը կը կազ­­մո­­­ւին թա­­ղային շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ, սահ­­մա­­­նափակ թի­­ւով ընտրող­­նե­­­րու եւ թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ, բան մը որ ան­­պա­­­տեհու­­թիւններ ու­­նի։ Նկա­­տի ու­նե­­­նալով սոյն պա­­րագան, կը հա­­ւատանք, որ ընտրու­­թիւննե­­րը երբ շրջա­­նային սահ­­մաննե­­րու մէջ կա­­տարո­­ւին, այդ պի­­տի յան­­գի դրա­­կան ար­­դիւնքնե­­րու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ