«Ռոզա»ի 22 կիներ բերման ենթարկուած

Երբ նա­խա­գահ Էր­­տո­­­ղան հա­­յեաց­­քը ուղղած դէ­­պի արեւ­­մուտք ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան գոր­­ծադրու­­թեան մա­­սին նոր ծրա­­գիր­­ներ կ՚աւե­­տէ, հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու դէմ հա­­լածան­­քը նոյն թա­­փով կը շա­­րու­­նա­­­կուի երկրէ ներս։ Այսպէս 5 Ապ­­րի­­­լին Տի­­յար­­պե­­­քիրի մէջ ոս­­տի­­­կան­­ներ բեր­­ման են­­թարկե­­ցին «Ռո­­զա» կնոջ միու­­թեան ան­­դամ 22 կի­­ներ։ Բեր­­ման են­­թարկո­­ւած կի­­ները կը մե­­ղադ­­րո­­­ւին կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դա­­­մակ­­ցութեամբ։ Ինքնին վի­­ճելի մե­­ղադ­­րանք մըն է այս մէ­­կը, քա­­նի որ կա­­տարո­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րու մէջ չի նշո­­ւիր թէ ակ­­նարկո­­ւածը ո՞ր կազ­­մա­­­կեր­­պութիւնն է։ Հե­­տեւա­­բար բեր­­ման են­­թարկո­­ւող­­ներն ալ մին­­չեւ որ չի հար­­ցաքննո­­ւին դա­­տախա­­զի կող­­մէ չեն իմա­­նար թէ ին­­չո՞վ կը մե­­ղադ­­րո­­­ւին։ Նոյ­­նիսկ փաս­­տա­­­բան­­ներ չեն կրնար այդ մա­­սին յստակ բա­­ցատ­­րութիւններ ստա­­նալ։ Վեր­­ջերս սո­­վորու­­թիւն դար­­ձած գոր­­ծադրու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով մար­­դիկ նախ բեր­­ման կ՚են­­թարկո­­ւին, կը հար­­կադրո­­ւին եր­­կու կամ երեք օրե­­րը ոս­­տի­­­կանա­­կան ար­­գ­ե­լանո­­ցի մէջ անցնել եւ ապա ան­­պարտ կը թո­­ղուին առանց գո­­հացու­­ցիչ բա­­ցատ­­րութեան։ Այս երե­­ւոյ­­թը կը կրկնո­­ւի երկրի տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ, տար­­բեր բնոյ­­թով ընդդի­­մադիր դիրք բռնած զա­­նազան­­նե­­­րուն։ Յայտնի է թէ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը այս կի­­րար­­կումով կը փոր­­ձէ հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ որոշ ճնշում մը բա­­նեց­­նել եւ ան­­հատնե­­րը խրտչեց­­նե­­­լով լռու­­թեան դա­­տապար­­տել։

Այս շա­­բաթ նոյն գոր­­ծադրու­­թիւնը կը կա­­տարո­­ւի 104 ծո­­վակալ­­նե­­­րու դէմ, որոնց մա­­սին ան­­չա­­­տաբար կ՚անդրա­­դառ­­նանք թեր­­թիս սիւ­­նակնե­­րուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ