Մեսրոպեանի սաներուն նոր յաջողութիւնը

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրմպեան Վարժարանի անունը ծանօթ է «Ակօս»ի ընթերցողներուն, քանի այդ դպրոցի անցեալ տարիներուն կազմակերպած Հրանդ Տինքի անուան շարադրութեան մրցանակի մասին բազմիցս արտայայտուած ենք թերթիս էջերուն վրայ։ Այժմ դպրոցը կը տեղեկացնէ արձանագրուած նոր նուաճումը՝ որ ուրախութեամբ կը բաժնենք մեր ընթերցողներուն հետ։

Հայ կա­թո­ղի­­կէ Մես­­րո­­­պեան բարձրա­­գոյն վար­­ժա­­­րանը հպար­­տութեամբ կը տե­­ղեկաց­­նէ, որ աւար­­տա­­­կան դա­­սարա­­նի 3 աշա­­կերտներ կա­­րեւոր նո­ւաճում մը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­ցին` բարձր դիր­­քեր գրա­­ւելով թարգմա­­նու­­թեան առ­­ցանց սե­­մինար-մրցոյ­­թին, որուն մաս­­նակցե­­ցան Լի­­բանա­­նի մէջ CELF եւ LFE կար­­գի դպրոց­­նե­­­րը։

Սե­­մինար-մրցոյ­­թը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ սոյն թո­­ւակա­­նի Ապ­­րիլ 9-ին, Պէյ­­րութի Թարգմա­­նիչ­­նե­­­րու եւ Մեկ­­նա­­­բան­­նե­­­րու դպրո­­ցին (ETIB) եւ Լի­­բանա­­նի Ֆրան­­սա­­­կան Կա­­ճառին (l’Institut français du Liban, IFL) կազ­­մա­­­կեր­­պութեամբ: Թե­­ման էր` «Google Translate-ի մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը»։

Մես­­րո­­­պեանի աւար­­տա­­­կան դա­­սարա­­նի աշա­­կեր­­տուհի Լի­­զա Հայ­­րա­­­պետեան շա­­հեցաւ առա­­ջին մրցա­­նակը` բարձր կար­­գին մէջ ֆրան­­սե­­­րէն թարգմա­­նու­­թեան հա­­մար, իսկ Դա­­ւիթ Տամ­­լա­­­քեանն ու Փեր­­լա Փիւսքիւ­­լեանը գրա­­ւեցին 3-րդ դիր­­քը` նոյն կար­­գին մէջ։

Մար­­տահրա­­ւէրը յա­­ջողու­­թեամբ ըն­­դունո­­ւած էր մեր աշա­­կերտնե­­րուն կող­­մէ, որուն հա­­մար իրենց կը յայտնենք մեր շնոր­­հա­­­ւորանքներն ու մե­ծագոյն գո­հու­նա­կու­թիւնը:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ