Վերապահութիւն Ղարաբաղի յանձնախումբի տեղեկագրին

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Թուրքիոյ Խորհրդա­­­րանի զա­­­նազան կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րու մաս­­­նակցու­­­թեամբ կազ­­­մո­­­­­­­ւած Ղա­­­րաբա­­­ղի յանձնա­­­խումբը աւար­­­տեց իր աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը եւ այդ աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեան ար­­­դիւնքնե­­­րը բաժ­­­նեց հա­­­սարա­­­կու­­­թեան հետ։ Յանձնա­­­խումբը 44-օրեայ պա­­­տերազ­­­մի տե­­­ւողու­­­թեան ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւած Մար­­­դու Իրա­­­ւունքնե­­­րու բռնա­­­բարումնե­­­րը ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար այ­­­ցե­­­­­­­լած է Ատրպէյ­­­ճան։ Հոն զա­­­նազան շփումներ ու­­­նե­­­­­­­ցած է Պա­­­քու- Գան­­­ձակ- Տէր­­­տէր եւ Պեր­­­տէ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու խա­­­ղաղ բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րուն հետ , որոնք են­­­թարկո­­­ւած են հայ­­­կա­­­­­­­կան բա­­­նակի յար­­­ձա­­­­­­­կումնե­­­րուն։ Յանձնա­­­խումբի քննարկման նիւ­­­թե­­­­­­­րէն մէկն ալ եղած է պա­­­տերազ­­­մի տե­­­ւողու­­­թեան Թուրքիոյ հայ հա­­­մայնքին այս լա­­­րուա­­­ծու­­­թե­­­­­­­նէ ազ­­­դո­­­­­­­ւելու երե­­­ւոյթնե­­­րը։ Յանձնա­­­խումբի ան­­­դամնե­­­րը այ­­­ցե­­­­­­­լած են Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­­­գա­­­­­­­յին Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը, «Լոյս» եւ «Ակօս» թեր­­­թե­­­­­­­րու խմբագ­­­րութիւ­­­նը, Մա­­­լաթիա Հայ­­­Տէր հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան միու­­­թիւնը եւ Շիշ­­­լիի մար­­­զա­­­­­­­կումբը։

Այս հան­­­դի­­­­­­­պումնե­­­րու ըն­­­թացքին փոր­­­ձած են իմա­­­նալ Թուրքիոյ հա­­­յու­­­թեան մատ­­­նո­­­­­­­ւած հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւնը։ Իրենց պատ­­­րաստած տե­­­ղեկագ­­­րին մէջ յանձնա­­­խումբը կը յայտնէ թէ հաս­­­տա­­­­­­­տած են հայ հա­­­մայնքը յու­­­զող մտա­­­հոգու­­­թիւննե­­­րը եւ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեամբ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած նաեւ թէ ֆի­­­զիքա­­­կան յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մի ոչ մէկ դէպք պա­­­տահած է։

Յանձնա­­­խումբի ՀՏՓ-ական ան­­­դամնե­­­րը վե­­­րապա­­­հու­­­թիւն յայտնած են պատ­­­րաստո­­­ւած տե­­­ղեկագ­­­րին դէմ, նշե­­­լով որ այս բնոյ­­­թի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւն մը պէտք էր ըլ­­­լար երկկող­­­մա­­­­­­­նի։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ անհրա­­­ժեշտ էր Հա­­­յաս­­­տան եւս այ­­­ցե­­­­­­­լել եւ լսել հայ­­­կա­­­­­­­կան կող­­­մի դի­­­տողու­­­թիւննե­­­րը։ Այս մա­­­սին ՀՏՓ-ի պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Կիւ­­­լիսթան Քը­­­լըչ Քոչ­­­յի­­­­­­­ղիթ «Ակօս»ին յայտնեց թէ յանձնա­­­խումբը պէտք էր աշ­­­խա­­­­­­­տեր մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու սահ­­­մա­­­­­­­նագ­­­ծով, բայց փո­­­խանակ այդ սկզբունքին գե­­­րակշռած է Թուրքիոյ կողմնակ­­­ցա­­­­­­­կան դիր­­­քո­­­­­­­րոշու­­­մը։

Այսպէ­­­սով յանձնա­­­խումբի ՀՏՓ-ցի ան­­­դամներ իրենց վե­­­րապա­­­հու­­­թիւնը շեշ­­­տած են հրա­­­պարա­­­կուած տե­­­ղեկագ­­­րին նկատ­­մամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ