Ասեղնաւոր օրօրոցէն, խաւարումէն դէպի առաջին գիշերուայ իրաւունքին

Անուանի պատմաբան Թաներ Աքչամ, իր վերջին ուսումնասիրութեան «Արաս»ի մատենաշարէն հրատարակութենէն ետք հարցազրոյց մը ունեցած է «Կազեթէ Տուվար» առցանց թերթի թղթակիցին հգտ։ Յիշած էր թէ հայեր իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացի, կը ճնշուէին քիւրտերու կողմէ եւս։ Հարկատու էին թէ պետութեան եւ թէ իրենց տարածքի քիւրտ իշխաններուն։ Այս վերջինները նոյնիսկ նոր ամուսնացած հայերու կը պարտադրէին առաջին գիշերուայ իրաւունք։ 132 քիւրտ մտաւորականներ աճապարուած ու անիմաստօրէն գերզգայուն յայտարարութիւնով մը մերժեցին այս պնդումները եւ սկսաւ ակադէմական բնոյթով նոր բանավէճ մը։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Փրոֆ. Ազիզ Եաղանի «Ակօս»ի համար գրի առած յօդուածը։

ԱԶԻԶ ԵԱՂԱՆ

Մեր երկրի մէջ աւան­­դո­­­ւած չա­­րախօ­­սու­­թիւններ են հա­­յոց վե­­րագ­­րո­­­ւած «ասեղ­­նա­­­ւոր օրօ­­րոցը» եւ Ղը­­զըլ­­պաշ Քիւրտե­­րուն վե­­րագ­­րո­­­ւած «խա­­ւարում»ը։ Այժմ Թա­­ներ Աք­­չամ ալ եկած է հա­­յոց ու քիւրտե­­րու մտա­­յին ու զգա­­ցական պա­­շարը առա­­ջին գի­­շերո­­ւայ իրա­­ւունք» ով պղտո­­րելու։

«Ասեղ­­նա­­­ւոր օրօ­­րոց»ի պա­­տու­­մին հա­­մաձայն հա­­յեր իս­­լամ երե­­խանե­­րը գաղտնա­­գողի կը տա­­նին իրենց տու­­նե­­­րը կամ տա­­ճար­­նե­­­րը, կը պար­­կեցնեն ասեղ­­նա­­­ւոր օրօ­­րոցին մէջ, ապա կը խմեն հո­­սած արիւ­­նը։ «Խա­­ւարում»ի առաս­­պե­­­լով ալ կը պատ­­մո­­­ւի թէ ղը­­զըլ­­պաշ քիւրտեր աղօ­­թելու հա­­մար կը մէկ­­տե­­­ղուին, ապա կը մա­­րեն ճրագ­­նե­­­րը եւ այդ խա­­ւարին մէջ ամէն ոք կը սի­­րաբա­­նի իր մօ­­տը գտնո­­ւածի հետ, առանց նկա­­տի ու­­նե­­­նալու մայր, հայր, քոյր կամ եղ­­բայր։

Աք­­չամ իր հետ կա­­տարո­­ւած հար­­ցազրոյ­­ցի պա­­հուն կ՚ըսէր «սար­­սա­­­փելի օրի­­նակ մը թո­­ւեմ։ ԺԹ դա­­րու աւա­­տապե­­տական հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ քրտաբ­­նակ տա­­րածքնե­­րու քիւրտ աղա­­ներ նո­­րապ­­սակ հա­­յերու դէմ ու­­նէին առա­­ջին գի­­շերո­­ւայ իրա­­ւունք։ Բա­­ցի այդ, հա­­յերը կրկնա­­կի հար­­կա­­­տու էին»։

Եթէ նա­­խադա­­սու­­թիւնը կը սկսիք «այդ ժա­­մանա­­կի պայ­­մաննե­­րով»ի փո­­խարէն «սար­­սա­­­փելի» բա­­ռով, ոչ միայն ըն­­թերցո­­ղին նոր ու սաս­­տիկ ցաւ մը եւս, աւե­­լին՝ ար­­դէն առ­­կայ ատե­­լու­­թեան ու անվստա­­հու­­թեան ծա­­ւալու­­մին պատ­­ճառ կը դառ­­նաք։ Աք­­չամ զանց առած է իր օգ­­տո­­­ւած աղ­­բիւրի «կարգ մը» եզ­­րը եւ ստեղ­­ծած է ամ­­բողջա­­կան տպա­­ւորու­­թիւն մը։ Քա­­նի այս մա­­սին ճշդում մըն ալ չէ ըրած, կա­­րելի է են­­թադրել թէ դի­­տումնա­­ւոր բաց­­թո­­­ղում մը ըրած է։ Եթէ ան խու­­սա­­­փէր հաս­­տա­­­տու­­մէ եւ նիւ­­թը ներ­­կա­­­յաց­­ներ պնդում մը ըլ­­լա­­­լով, կամ ալ գոր­­ծա­­­ծէր «կարգ մը աղ­­բիւրնե­­րու հա­­մաձայն» բա­­ցատ­­րութիւ­­նը, նիւ­­թը աւե­­լի հան­­դարտ կը քննար­­կո­­­ւէր եւ կը հան­­դի­­­պէինք հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու։

Աք­­չա­­­մի կտրուկ ու խիստ ոճը պատ­­ճառ դար­­ձաւ 132 քիւրտ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու շտապ եւ զգա­­ցական հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թեան։ Կարճ ժա­­մանակ անց կարգ մը քիւրտ ու­­սումնա­­սիրող­­ներ պար­­զե­­­ցին թէ նոյ­­նիսկ աւե­­լի հին թո­­ւական­­նե­­­րու վկա­­յու­­թիւննե­­րուն մէջ չեն հան­­դի­­­պած նման կի­­րար­­կումի։ Այսպի­­սով բա­­նավէ­­ճը մտաւ աւե­­լի օգ­­տա­­­կար հու­­նի մը։

Այժմ պէտք է շտա­­պօրէն պար­­զո­­­ւին առա­­ջին գի­­շերո­­ւայ իրա­­ւունքի մա­­սին պնդումնե­­րը։ Եթէ չյա­­ջողինք, ալ աւե­­լի պի­­տի խո­­րանան նա­­խապա­­շարումնե­­րը եւ անվստա­­հու­­թիւնը։

Եթէ ճիշդ են Աք­­չա­­­մի պնդումնե­­րը, պի­­տի խու­­սա­­­փինք խնդի­­րը մե­­րօրեայ հա­­մաշ­­խարհա­­յին ար­­ժե­­­համա­­կար­­գի թե­­լադ­­րանքով ըն­­կա­­­լելու եւ ան­­ցեալէն ամա­­ջելու կամ հպար­­տա­­­նալու սխա­­լէն։ Էական է անար­­դա­­­րու­­թեան եւ անի­­րաւու­­թեան գո­­յացած պա­­հուն դի­­մադ­­րե­­­լը։

Հայ եւ քիւրտ հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րը իրենց խնդիր­­նե­­­րը եւ ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը յստա­­կօրէն ու իրենց ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու մի­­ջոցաւ կրնան քննար­­կել։ Քիւրտ հա­­սարա­­կու­­թիւնը ու­­նի լաւ պատ­­րաստո­­ւած, գի­­տական եղա­­նակ­­նե­­­րու ու բա­­րոյա­­կան սկզբունքնե­­րու նկատ­­մամբ ան­­զի­­­չող. Խղճի տէր եւ ան­­կողմնա­­կալ պատ­­մա­­­բան­­ներ։

Հայ եւ քիւրտ ան­­հատներ, նոյ­­նիսկ գի­­րով պէտք չէ իրար վի­­րաւո­­րեն։ Պար­­տին զի­­րար լսել եւ իրար­­մէ սո­­վորել։

Ասեղ­­նա­­­ւոր օրօ­­րոցը եւ խա­­ւարու­­մը չա­­րախօ­­սու­­թիւններ են։ Նաեւ ամօ­­թալի են ասո­­ղին, լսո­­ղին ու տա­­րածո­­ղին հա­­մար։ Կան­­խե­­­լու ենք առա­­ջին գի­­շերո­­ւայ իրա­­ւունքին ալ նման բնոյթ մը ստա­­նալը։

Պար­­տա­­­ւոր ենք ձեր­­բա­­­զատո­­ւիլ ան­­ցեալի բե­­ւեռաց­­նող, բուն յան­­ցա­­­գոր­­ծը քօ­­ղար­­կող, թշնա­­մու­­թիւն սեր­­մա­­­նող ու սպա­­ռիչ ժա­­ռան­գէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ