Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներ կը պահանջեն հայ գերիներու ազատ արձակումը

Եւրոպական խորհրդա­րանի 120 պատ­գա­մաւոր­ներ նա­մակով դի­մեցին Եւ­րո­պական Միու­թեան ղե­կավար­նե­րուն, կոչ ուղղե­լով՝ գոր­ծուն քայ­լե­րու ձեռ­նարկե­լու Ատրպէյ­ճա­նի մէջ պա­հուող հայ ռազ­մա­գերի­ները ազատ ար­ձա­կելու հա­մար: Եւ­րո­պական յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ Ուրսու­լա Վոն Տրր Լէ­յընին եւ Եւ­րոպական Միու­թեան խոր­հուրդի ղե­կավար Շարլ Մի­շէլին ուղղո­ւած նա­մակին բո­վան­դա­կու­թիւնը «Թո­ւիթըր»ի իր էջին վրայ հրա­պարա­կած է Եւ­րո­պական խորհրդա­րանին մէջ Եւ­րո­պական ժո­ղովրդա­կան կու­սակցու­թեան (EPP) խմբակ­ցութեան փոխ­նա­խագահ, պուլկա­րացի պատ­գա­մաւոր Անտրէյ Քո­վաչեւ։

Ու­ղերձին տակ ստո­րագ­րած եւ­րո­պացի երես­փո­խան­նե­րուն հա­մաձայն՝ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ պա­հուող հայ ռազ­մա­գերի­ներուն թի­ւը կրնայ գե­րազան­ցել 200ը։ «72 գե­րինե­րու պա­րագա­յին, Ատրպէյ­ճան խոս­տո­վանած է, որ այդ մար­դի­կը իր մօտ են: 112 ան­ձե­րու պա­րագա­յին, Ատրպէյ­ճան որե­ւէ տե­ղեկա­տուու­թիւն չի տրա­մադ­րեր, նաեւ 61 ան­ձե­րու գե­րու­թեան մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րը Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կտրա­կանա­պէս կը հեր­քեն, հա­կառակ այն հան­գա­ման­քին, որ փաս­տե­րը հա­կառա­կը կը վկա­յեն», կը նշեն նա­մակին հե­ղինակ­նե­րը՝ պնդե­լով նաեւ, որ Ատրպէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը Ժը­նեւեան ուխտի յստակ եւ բա­ցար­ձակ խախ­տում են։

«Եւ­րո­պական Միու­թիւնը այ­լեւս չի կրնար Հա­յաս­տա­նը ձգել նման ան­տա­նելի վի­ճակի մէջ։ Պէտք է դի­մել այնպի­սի քայ­լե­րու, որոնք թոյլ չեն տար, որ բռնի ու­ժը ան­գամ մը եւս գե­րակայ ըլ­լայ օրէն­քին», կը նշո­ւի Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի նա­մակին մէջ։

Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարու­թեամբ մը ող­ջունեց Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի 120 ան­դամնե­րուն այս նա­մակը։

«Բարձր ենք գնա­հատում Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի 120 ան­դամնե­րի նա­մակը` ուղղո­ւած Եւ­րո­պական յանձնա­ժողո­վի նա­խագա­հին եւ Եւ­րո­պական խորհրդի նա­խագա­հին` ներ­կա­յումս Ատրպէյ­ճա­նում ապօ­րինի կեր­պով պա­հուող հայ ռազ­մա­գերի­ներին ան­յա­պաղ ազատ ար­ձա­կելու անհրա­ժեշ­տութեան մա­սին», նշեց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը՝ կա­րեւոր նկա­տելով Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի ան­դամնե­րուն դիր­քո­րոշու­մը` բարձրա­ձայ­նել Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սիրա­կան իրա­ւունքի խախ­տումնե­րուն մա­սին եւ պաշտպա­նել Ար­ցա­խի օրի­նական պա­հան­ջը։ Ըստ աղ­բիւրին` այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը մար­դա­սիրու­թեան, բա­րոյա­կան ար­ժէքնե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի սկզբունքնե­րուն նկատ­մամբ յար­գանքի օրի­նակե­լի դրսե­ւորում է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ